Երկուշաբթի՝ 27 Յուլիս 2020ի երեկոյեան ժամը 7ին, Թեսաղոնիկէի մէջ, քաղաքի կեդրոնը գտնուող հայկական Խաչքարին դիմաց, կազմակերպութեամբ Հ.Յ.Դ. Երիտասարդական Միութեան Թեսաղոնիկէի «Ս. Թեհլիրեան» խումբին, թեսաղոնիկահայութիւնը խուռներամ ներկայութեամբ բողոքեց հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ՝ 12 Յուլիսէն ետք ազերիական վերջին ոտնձգութիւններուն եւ սադրանքներուն դէմ։ Ցոյցին ներկայ եղան նաեւ շրջանի ազգային եւ միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչները։ Բնականաբար, բողոքի ցոյցի ոգին ու շունչը հանդիսացան մեր երիտասարդ-երիտասարդուհիները, որոնք Եռագոյն դրօշներով, ինչպէս նաեւ ատրպէյճանական յարձակողապաշտութիւնը դատապարտող մեծ ու փոքր պաստառներով ազդանշանը տուին ցոյցի մեկնարկին։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Յ.Ե.Մ.ի Կեդր. վարչութեան անդամ՝ ընկ. Սաթենիկ Սիմոնեան, որ ողջունեց ժողովուրդին ներկայութիւնը Երիտասարդական Միութեան սոյն կարեւոր հաւաքին։ Ապա, յանուն «Ս. Թեհլիրեան» խումբի վարչութեան, յունարէն լեզուով խօսք առաւ ընկ. Արփինէ Մոսինեան, յիշելով եւ բաղդատելով օրուան զուգադիպութիւնը՝ 37 տարիներ առաջ այսօրուան պէս Լիզպոնի մէջ նահատակուած 5 երիտասարդ սրտերու եւ այս օրերուն հայ-ատրպէյճանական սահմանին վրայ զոհուած 6 երիտասարդներուն, որոնք երկու պարագաներուն ալ հայրենիքի ազատութեան ու պաշտպանութեան ի խնդիր իրենց կեանքը զոհեցին։
Մէջ ընդ մէջ, երիտասարդներու կողմէ եղան զանազան տեսակի հայկական աւանդական պարեր, ուր ներկաները եւս միացան տեղի ունեցած շուրջպարերուն։
Յաջորդաբար, Խաչքարին առջեւ, գլխաւորութեամբ Թեսաղոնիկէի հոգեւոր հովիւ Ստեփանոս վրդ. Փաշայեանի, կատարուեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն։ Իր ոգեշնչիչ խօսքով, հայր սուրբը վեր առաւ ու դրուատիքով խօսեցաւ օրուան բողոքի ցոյցի նպատակին մասին եւ նշեց, որ հայ ժողովուրդը իր երիտասարդական ուժերով եւ զանգուածով միշտ կանգուն ու հզօր մնացած է ու կը շարունակէ կառչած մնալ հայրենիքի պաշտպանութեան վեհ գաղափարին։ Ան իր ընդվզումը յայտնեց ազերի յարձակողականութեան համար եւ դատապարտեց կատարուած սադրանքն ու փորձը թշնամիին կողմէ եւ շեշտեց, որ հայ զինուորը պահապան արթուն հսկողը կը մնայ հայրենիքի ու Արցախի ամբողջականութեան։ Իր խօսքի աւարտին, հայր սուրբը իր բարձր գնահատանքը յայտնեց երիտասարդներուն՝ այս նախաձեռնութեան համար։
Աւարտին, փակման խօսքով հանդէս եկաւ Հ.Յ.Դ. Թեսաղոնիկէի «Յ. Գասապեան» կոմիտէի անդամ ընկ. Յովիկ Գասապեան, ընդհանուր ակնարկ մը նետելով սահմանագօտիին վրայ իրադարձութեանց վրայ ու դատապարտելով ազերիական նկրտումներն ու փորձերը Հայաստանի սահմանէն ներս խուժելու վերաբերեալ։ Ան յիշեց Լիզպոնի 5 տղաքը, եւ մանրամասն բացատրութիւններ տալով այդ օրերուն մասին, նշեց Հայաստանի ընդհանուր վիճակը եւ կարեւորեց Սփիւռքի հզօրացումը, միաժամանակ, կոչ ըրաւ միասնական ոգիով շարունակելու պայքարը մինչեւ յաղթանակ։
Բողոքի ցոյցը վերջ գտաւ հայկական եւ յունական ոգերգներով։
ԹՂԹԱԿԻՑ