Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ե­րի­տա­սար­դա­կան գրա­սե­նեա­կի եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, անց­նող շա­բա­թա­վեր­ջին գու­մա­րո­ւե­ցաւ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւն­նե­րու հա­մեւ­րո­պա­կան խորհր­դա­ժո­ղո­վը, որ Ա­թէն­քի մէջ հա­մախմ­բեց Եւ­րո­պա­յի տար­բեր Եր­կիր­նե­րէ ա­ւե­լի քան 50 դաշ­նակ­ցա­կան ե­րի­տա­սարդ­ներ։ ­Ներ­կայ էին պա­տո­ւի­րակ­ներ ­Հա­յաս­տա­նէն ու Ար­ցա­խէն, Անգ­լիա­յէն, ­Պել­ճի­քա­յէն, ­Հոլ­ան­տա­յէն, ­Շո­ւէ­տէն, Ֆ­րան­սա­յէն, ինչ­պէս նաեւ ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան ան­դամ­ներ։
­Ժո­ղո­վը գու­մա­րո­ւե­ցաւ ­Գո­քի­նիոյ շրջա­նի «­Զա­ւա­րեան» ­Կեդ­րո­նի «­Զա­քա­րեան-­Սա­րա­ճեան» սրա­հէն ներս։
­Բա­ցու­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ Ուր­բաթ 10 ­Մա­յի­սի ե­րե­կո­յեան ժա­մը 6:30ին։ ­Ներ­կայ էին Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ան­դամ­ներ ընկ. ­Յով­սէփ ­Տէր-­Գէոր­գեա­նը եւ ընկ. ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեա­նը, Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեա­նը եւ ան­դամ ընկ. ­Յա­րութ ­Սե­րո­բեա­ն։
­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դան ­Միու­թեան ա­տե­նա­պետ ընկ. Ար­ման Գ­րի­գո­րեա­ն, ա­պա՝ ող­ջոյ­նի խօս­քեր ուղ­ղե­ցին Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի կող­մէ ընկ. ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեան եւ Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Կո­մի­տէի կող­մէ ընկ. ­Սեր­գօ ­Գու­յում­ճեան։
­Խորհր­դա­ժո­ղո­վը՝ ե­րեք օ­րո­ւան յա­գե­ցած օ­րա­կար­գե­րու շար­քով, իր քննար­կում­նե­րը կեդ­րո­նա­ցուց զան­գո­ւա­ծա­յին ե­լեկտ­րո­նա­յին լրա­տո­ւա­մի­ջոց­նե­րու եւ ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րու օգ­տա­գործ­ման վրայ, ­Հայ ­Դա­տի եւ Ար­ցա­խի ճա­նաչ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ։ Այս թե­մա­յին ա­ռըն­թեր ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան ­Դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լի դե­րը, պատ­մու­թիւնն ու սկզբունք­նե­րը, ­Դաշ­նակ­ցա­կան Ե­րի­տա­սար­դու­թեան դե­րը ­Հայ ­Դա­տի եւ Ար­ցա­խի պայ­քա­րին մէջ, Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան գրա­սե­նեա­կի ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­նե­րու եւ կա­ռոյ­ցի կա­պո­ւած նիւ­թեր։
­Կարճ նե­րա­ծա­կան­ներ կա­տա­րե­ցին ընկ. ­Մու­րատ ­Փա­փա­զեան, ընկ. ­Յով­սէփ ­Տէր-­Գէոր­գեան, ընկ. ­Միհ­րան ­Քիւր­տօղ­լեան։ Աշ­խա­տան­քա­յին խում­բե­րու պա­հուն, քննար­կո­ւե­ցան Հ.Յ.Դ. ե­րի­տա­սար­դա­կան եւ ու­սա­նո­ղա­կան միու­թիւն­նե­րու դա­սա­կան մա­մու­լի ի­րա­վի­ճակն ու տա­րո­ւած քա­րոզ­չու­թիւ­նը ըն­կե­րա­յին ցան­ցե­րուն վրայ։
­Ժո­ղո­վը ման­րա­մաս­նօ­րէն քննեց ու բա­նա­ձե­ւեց իր զրոյ­ցի ա­ռար­կայ ե­ղած թե­մա­նե­րը, ա­պա ա­ռա­ջարկ­ներ կա­տա­րեց, ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն մօտ զար­գաց­նե­լով տե­ղե­կա­տո­ւա­կան մար­զէն ներս ի­րենց կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը հա­մախ­բե­լու եւ իսպաս ­Հայ ­Դա­տի աշ­խա­տանք­նե­րուն ծա­ռա­յեց­նե­լու գա­ղա­փա­րը։
­Ժո­ղո­վի պա­հե­րէն զատ հե­տաքրք­րա­կան այլ պա­հեր նա­խա­տե­սո­ւած էին ժո­ղո­վա­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րուն հա­մար, ո­րոնք ա­ռի­թը ու­նե­ցան Աք­րո­փո­լիս այ­ցե­լե­լու եւ հնա­մեայ պատ­մա­կան այս վայ­րի գե­ղեց­կու­թիւ­նը վա­յե­լե­լու, ինչ­պէս նաեւ ծա­նօ­թա­նա­լու ­Փի­րէա­յի եւ Ա­թէն­քի գե­ղե­ցիկ վայ­րե­րուն։
Ըն­կե­րա­յին պա­հե­րը ա­ւե­լիով զո­ւար­ճա­ցու­ցին ե­րի­տա­սարդ­նե­րը, ո­րոնք Ուր­բաթ՝ 10 ­Մա­յի­սի ե­րե­կո­յեան, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բէն ներս յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան եր­գե­րով զո­ւար­ճա­ցան, պա­րե­լով ու եր­գե­լով՝ հայ­կա­կան քո­չա­րին եւ «եար­խուշ­տա»ն, ինչ­պէս եւ յու­նա­կան «սիր­թա­քին»։
­Նոյն­պէս ­Շա­բաթ, 11 ­Մա­յի­սի գի­շերը, բո­լո­րը միա­սին ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ­Կեդ­րո­նէն ներս ­Մա­յի­սեան յաղ­թա­նակ­նե­րուն նո­ւի­րո­ւած խնճոյ­քին, որ շատ մեծ թի­ւով հայ­րե­նա­կից­ներ հա­մախմ­բեց ու մին­չեւ ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մե­րը՝ հա­յա­բոյր, ե­րի­տա­սար­դա­կան բարձր տրա­մադ­րու­թեամբ յատ­կան­շո­ւած ժա­մեր տրա­մադ­րեց։