Հայոց ցեղասպանութեան 109-ամեակի ձեռնարկներուն ծիրէն ներս, Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Երիտասարդական միութիւնը յատուկ կրպակներ պիտի զետեղէ՝ Աթէնքի Սինտաղմայի հրապարակին վրայ, 20 Ապրիլէն մինչեւ 25 Ապրիլ 2024 եւ Թեսաղոնիկէի Այ. Սոֆիաս փողոցին վրայ 22 Ապրիլէն մինչեւ 25 Ապրիլ 2024, որոնց մէջ եւ անոր շուրջը պիտի ըլլան յատուկ պաստառներ՝ պատկերներով, քարտէսներով եւ տեղեկատուական բաժիններով։ Այդ օրերուն ընթացքին տեղի պիտի ունենան հետեւեալները.
Թեսաղոնիկէի կրպակին առջեւ պիտի կատարուին հետեւեալները.-
- Շաբաթ, 20 Ապրիլ 2024-ին «Ծաղկաձոր» դպրոցի աշակերտական երգչախումբը պիտի երգէ կրպակին դիմաց: Դպրոցի երկու աշակերտներ պիտի արտասանեն: Նաեւ, Համազգայինի «Կիլիկիա» պարախունբը պիտի պարէ սուգի պարը:
- Կիրակի, 21 Ապրիլ 2024-ին, սօփրանօ երգչուհի «Մարինա Տօնիկեան» պիտի երգէ «Շարլ Ազնաւուր»ի երգը:
- Երկուշաբթի, 22 Ապրիլ 2024-ին, երաժշտութիւն՝ Ռաֆայէլ Վարտանեան կիթար եւ Յարութ Պօղոսեան ջութակ պիտի նուագեն:
- Երեքշաբթի, 23 Ապրիլ 2024-ին Թեսաղոնիկէի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտները պիտի տողանցեն, կրպակէն մինչեւ յուշարձանի խաչքարը, որ դափնեպսակ պիտի զետեղեն Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակին:
- Չորեքշաբթի, 24 Ապրիլ 2024-ին, տեղի պիտի ունենայ բողոքի ցոյց դէպի թրքական դեսպանատուն կէսօրէ ետք ժամը 18:30-ին:
Հաւաքավայր՝ քարոզչական կրպակին առջեւ, Այ. Սոֆիա փողոցին վրայ:
Բողոքի ցոյցը պիտի սկսի ժամը 19:15-ին: