ՆԱՆՕՐ ԷՐՋԷՆԵԱՆ

Այս տա­րի, Հ. Յ. Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւն­նե­րու հա­մեւ­րո­պա­կան խորհր­դա­ժո­ղո­վը տե­ղի ու­նե­ցաւ 10-12 ­Մա­յի­սին, Ա­թէն­քի մէջ։
­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» ա­կում­բը, ե­րեք օ­րեր շա­րու­նակ, հայ­րե­նի­քէն եւ Եւ­րո­պա­յի 8 եր­կիր­նե­րէ Ա­թէնք ժա­մա­նած հայ տղոց հա­ւա­քա­վայ­րը դար­ձած էր։ ­Մեր ըն­կե­րու­հի­նե­րը եւ ըն­կեր­նե­րը ե­կած էին Ար­ցա­խէն, ­Հա­յաս­տա­նէն, ­Շո­ւէ­տէն, ­Հո­լան­տա­յէն, ­Պել­ճի­քա­յէն, Անգ­լիա­յէն, Ֆ­րան­սա­յէն եւ ­Յու­նաս­տա­նէն։ Ան­մի­ջա­պէս ա­ւելցնեմ, որ մեր ժո­ղո­վին լե­զուն հա­յե­րէնն էր.բան մը՝ որ շա­տոնց կա­րօտ­ցած էի։
­Խորհր­դա­ժո­ղո­վը զբա­ղե­ցաւ ե­րեք հիմ­նա­կան օ­րա­կար­գե­րով.-
ա.) ­Դաշ­նակ­ցա­կան մա­մու­լի դե­րը կու­սակ­ցու­թեան պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին, ա­ռանձ­նա­յատ­կու­թիւն­ներն ու սկզբունք­նե­րը, բ.) Հ. Յ. Դ. ե­րի­տա­սար­դու­թեան դե­րը ­Հայ ­Դա­տի եւ Ար­ցա­խի պայ­քա­րին մէջ, գ.) ­Տե­ղե­կա­տուա­կան պա­տե­րազ­մը միջ-պե­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս։
Իւ­րա­քան­չիւր օ­րա­կարգ ու­ներ իր զե­կու­ցա­բե­րը, որ­մէ ետք ժո­ղո­վա­կան­նե­րուն ա­ռի­թը տրո­ւե­ցաւ միտ­քե­րու փո­խա­նա­կում ու­նե­նա­լու, հար­ցեր լու­սա­բա­նե­լու։ Աշ­խա­տե­ցանք նաեւ խմբակ­նե­րու դրու­թեամբ։ Խմ­բակ­նե­րու մէջ կա­րե­լի ե­ղաւ, տար­բեր շրջան­նե­րէ ե­կած ըն­կեր ըն­կե­րու­հի­նե­րու հետ մօ­տէն զրու­ցել եւ յան­գիլ եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու։ Այս աշ­խա­տան­քա­յին ձե­ւը շատ օգ­տա­կար եւ շի­նիչ կը նկա­տո­ւի։ ­Կա­րե­ւոր էր նաեւ շրջան­նե­րու գոր­ծու­նէու­թեան զե­կոյ­ցը, նա­խօ­րօք PowerPointի վրայ պատ­րաս­տո­ւած։ Այս­պէս, շրջան­նե­րը ի­րար­մէ սոր­վե­ցան նոյն նպա­տա­կին ծա­ռա­յող աշ­խա­տան­քի տար­բեր ձե­ւեր։ ­Հե­տաք­րա­կան էր։
Բ­նա­կան է, որ օ­րո­ւան ըն­թաց­քին ու­նե­ցանք դա­դա­րի ժա­մեր՝ հանգ­չե­լու, ծա­րաւ յա­գեց­նե­լու եւ հար­կաւ ճա­շե­լու հա­մար։ Մթ­նո­լոր­տը ըն­կե­րա­յին էր եւ հա­ճե­լի։ Ու­տել-խմե­լէ զատ կրցանք ան­պաշ­տօն զրոյց­ներ ալ ու­նե­նալ, ոչ ան­պայ­ման ժո­ղո­վի նիւ­թե­րուն մա­սին, այլ քա­ղա­քա­կան, ըն­կե­րա­յին եւ հա­մաշ­խար­հա­յին ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը յու­զող տար­բեր հար­ցե­րու շուրջ։
­Ժո­ղո­վա­կան կար­գա­պա­հու­թե­նէն ան­դին մենք գի­տենք զո­ւար­ճա­նալ, պա­րել եւ եր­գել։ Ուր­բաթ ըն­կե­րա­յին ե­րե­կոյ մը վա­յե­լե­ցինք «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բէն ներս։ ­Շա­բաթ ե­րե­կոյ ալ մաս­նակ­ցե­ցանք հայ ժո­ղո­վուր­դի ­Մա­յի­սեան ­Յաղ­թա­նակ­նե­րու խնճոյ­քին, ո­րուն հա­մար ­Հա­յա­սա­տա­նէն յատ­կա­պէս հրա­ւի­րո­ւած էր «­Նուր ­Պանտ» նո­ւա­գա­խում­բը։ Անն­կա­րագ­րե­լի էին մեր խան­դա­վա­ռու­թիւ­նը եւ ե­ռան­դը։
­Յա­ճախ լսած էի խորհր­դա­ժո­ղով­նե­րու մա­սին, բայց չէի մաս­նակ­ցած։ Ա­հա՛ եւ մաս­նակ­ցե­ցայ։ ­Հա­մո­զո­ւե­ցայ, որ յանձ­նա­ռու հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ո՛ր երկ­րի մէջ ալ որ ապ­րի, պար­տի իր հա­յեաց­քը դէ­պի հայ­րե­նիք դարձնել։ Այլ խօս­քով՝ իր ու­սու­մը, գի­տու­թիւ­նը եւ բո­լոր կա­րե­լիու­թիւն­նը գոր­ծա­ծէ յօ­գուտ հայ­րե­նի­քի վե­րել­քին։ Յս­տա­կաց­նեմ, որ հայ­րե­նի­քը մե­զի հա­մար՝ ­Հա­յաս­տանն է, Ար­ցախն է, ­Ջա­ւախքն է։ Այս խորհր­դա­ժո­ղո­վը ան­գամ մը եւս հաս­տա­տեց, որ ա.) տար­բեր շրջան­նե­րու մէջ գոր­ծող Հ. Յ. Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւն­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րը սեր­տօ­րէն շաղ­կա­պո­ւած են ի­րա­րու եւ զի­րար կը լրաց­նեն, բ.) միւ­թե­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն մէջ կա­րե­ւոր տեղ պէտք է տրա­մադ­րել ­Հայ ­Դա­տի քա­րոզ­չա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ օգ­տա­գոր­ծե­լով ար­դիա­կան ժա­մա­նա­կա­կից բո­լոր մի­ջոց­նե­րը։
­Քա­ջա­լե­րե­լի են այս տե­սա­կի հա­ւաք­նե­րը։ ­Կա­րե­ւոր են՝ քա­նի որ թափ ու ներշն­չում կու­տան միու­թե­նա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն. հա­ւատ­քը կ­՚ամ­րապն­դեն։