Այ­սօր, ­Հինգ­շաբ­թի՝ 5 ­Մար­տի ա­ռա­ւօ­տուն, աշ­խա­տան­քա­յին քա­ռօ­րեայ այ­ցե­լու­թեամբ Ա­թէնք ժա­մա­նեց Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցիչ ընկ. ­Յա­կոբ ­Տէր ­Խա­չա­տու­րեան։
Ծ­րագ­րո­ւած է, որ ան հան­դի­պում­ներ ու­նե­նայ յու­նա­կան քա­ղա­քա­կան կու­սակ­ցու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ, ինչ­պէս նաեւ պի­տի հան­դի­պի Հ.Հ. դես­պա­նին հետ եւ պի­տի այ­ցե­լէ Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րան՝ հան­դի­պե­լու հա­մար Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զան հօր եւ Ազ­գա­յին վար­չու­թեան հետ։ Ուր­բաթ՝ 6 ­Մար­տին, ընկ. ­Յա­կոբ ­Տէր ­Խա­չա­տու­րեան, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ, հան­դի­պում պի­տի ու­նե­նայ յու­նա­հայ գա­ղու­թի ազ­գա­յին եւ միու­թե­նա­կան կա­ռոյց­նե­րուն հետ, իսկ ­Շա­բաթ օր տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ ըն­կե­րա­կան ժո­ղով, ո­րուն պի­տի յա­ջոր­դէ Հ.Յ.Դ շար­քե­րը մուտք գոր­ծե­լու հա­մար նո­րա­գիր­նե­րու երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն։
­Կի­րա­կի՝ 8 ­Մար­տին, Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը պի­տի այ­ցե­լէ ­Թե­սա­ղո­նի­կէ, հան­դի­պում­ներ ու­նե­նա­լու հա­մար շրջա­նին մէջ գոր­ծող կա­ռոյց­նե­րուն հետ եւ պի­տի մաս­նակ­ցի ըն­կե­րա­կան ժո­ղո­վին։
Ընկ. ­Յա­կոբ ­Տէր ­Խա­չա­տու­րեան, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Հ.Յ.Դ. Կ.Կ.ի ան­դամ ընկ. Գ­րի­գոր Էր­ջէ­նեա­նի, այ­ցե­լեց «Ա­զատ Օր»ի գրա­սե­նեակ, ուր խմբագ­րու­թիւնս հար­ցազ­րոյց մը ու­նե­ցաւ ըն­կե­րոջ հետ, որ պի­տի հրա­տա­րա­կո­ւի յա­ջորդ թի­ւե­րուն մէջ։