Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի յայ­տա­րա­րու­թիւ­ն

0
51

Հ.Յ.Դ. ­Բիւ­րո­յի յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը՝ ­Հա­յաս­տան–Ատր­պէյ­ճան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցին եւ ան­կէ բխող պայ­մա­նագ­րի մա­սին

­Հե­տե­ւե­լով ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան եւ Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան մի­ջեւ ըն­թա­ցող բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցին, ու­սում­նա­սի­րե­լով եր­կու եր­կիր­նե­րու բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու յայ­տա­րա­րու­թիւն­նե­րը՝ կ­՚ար­ձա­նագ­րենք.
* Քն­նար­կո­ւող փաս­տա­թուղ­թի հա­մա­ձայ­նեց­ման գոր­ծըն­թա­ցին մէջ, Ատրպէյ­ճան կը ձգտի «տը իւ­րէ» (De Jure) (ի­րա­ւա­պէս) ամ­րագ­րել ու­ժի եւ ու­ժի սպառ­նա­լի­քի կի­րար­կու­մով իր ձեռք բե­րա­ծը՝ ցե­ղաս­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րով գոր­ծադ­րո­ւած էթ­նիկ (ցե­ղա­յին) զտման մի­ջո­ցով Ար­ցա­խի բռնակ­ցու­մը եւ Հ.Հ. ո­րոշ տա­րածք­նե­րու բռնագ­րա­ւու­մը՝ միա­ժա­մա­նակ պահ­պա­նե­լով ­Հա­յաս­տա­նէն այլ զի­ջում­ներ կոր­զե­լու հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը.
* Ըստ էու­թեան, այս­պի­սի փաս­տա­թուղ­թով Ատր­պէյ­ճան կը փոր­ձէ փա­կել Ար­ցա­խի հար­ցը: Ա­ւե­լի՛ն, կ­՚ա­ճին սպառ­նա­լիք­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի նկատ­մամբ, ­Հա­յաս­տա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թիւ­նը չստա­նար ո­րե­ւէ յա­ւե­լեալ ե­րաշ­խիք՝ իր անվ­տան­գու­թիւ­նը, տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թիւ­նը, ինք­նիշ­խա­նու­թիւ­նը եւ փո­խադ­րա­կան ու­ղի­նե­րու ա­պաշրջա­փա­կու­մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար, ինչ­պէս նաեւ չեն ստեղ­ծո­ւիր գոր­ծօն մե­քա­նիզմ­ներ (գոր­ծի­քա­կազ­մեր), ո­րոնց­մով հնա­րա­ւոր կը դառ­նայ կան­խել Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ հե­տա­գայ թշնա­մա­կան քայ­լե­րը՝ նե­րա­ռեալ ռազ­մա­կան նա­խա­յար­ձա­կու­մը:
Ս­տեղ­ծո­ւած պայ­ման­նե­րուն մէջ, նկա­տի ու­նե­նա­լով ներ­կայ ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը՝ ազ­գա­յին-պե­տա­կան շա­հե­րու պաշտ­պա­նու­թեան հի­ման վրայ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւո­րու­մը պէտք է ըն­թա­նայ առ­նուազն հե­տե­ւեալ սկզբունք­նե­րուն հա­մա­ձայն.
1. Վս­տա­հու­թեան մթնո­լոր­տի ձե­ւա­ւոր­ման նպա­տա­կով, իբ­րեւ նա­խա­պայ­ման­ներ դի­տար­կել Հ.Հ. ինք­նիշ­խան տա­րած­քէն ատր­պե­ճա­նա­կան զօր­քե­րու դուրս բե­րե­լը, ինչ­պէս նաեւ բո­լոր ռազ­մա­գե­րի­նե­րու եւ պա­հո­ւող ան­ձե­րու վե­րա­դար­ձը, գո­յու­թիւն ու­նե­ցող մար­դա­սի­րա­կան բնոյ­թի հար­ցե­րու լու­ծու­մը եւ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան պահ­պա­նու­մը.
2. Մ­նա­յուն խա­ղա­ղու­թիւն հաս­տա­տե­լու հա­մար, որ­պէս­զի տո­ւեալ պայ­մա­նա­գի­րը հան­դի­սա­նայ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւոր­ման ամ­բող­ջա­կան փաս­տա­թուղթ, անհ­րա­ժեշտ է որ ա­նի­կա յար­գէ կող­մե­րուն օ­րի­նա­կան շա­հե­րը եւ ընդգր­կէ լու­ծում­ներ՝ հա­մա­ձայ­նեց­ման են­թա­կայ հար­ցե­րու ամ­բողջ փա­թե­թով.
3. Ո­րե­ւէ հա­մա­ձայ­նու­թիւն պէտք չէ վտան­գէ հայ ժո­ղո­վուր­դի ան­ժա­ման­ցե­լի եւ ա­նօ­տա­րե­լի ի­րա­ւունք­նե­րը։ ­Պէտք է բա­ցա­ռո­ւին կեն­սա­կան զի­ջում­նե­րը եւ կո­րուստ­նե­րը՝ յստա­կօ­րէն ամ­րագ­րե­լով մեր շա­հե­րը գոր­ծող Հ.Հ. սահ­մա­նադ­րաի­րա­ւա­կան եւ մի­ջազ­գա­յին նոր­մե­րուն (չա­փա­նիշ­նե­րուն) եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան ըն­դու­նուած ըն­թա­ցա­կար­գին հա­մա­հունչ.
4. ­Սահ­մա­նա­զատ­ման եւ սահ­մա­նագծ­ման հիմք պէտք է հան­դի­սա­նան Ատր­պէյ­ճա­նի ­Հան­րա­պե­տու­թեան Ա.Պ.Հ. ան­դա­մակ­ցու­թեան պա­հուն (24 ­Սեպ­տեմ­բեր 1993) գոր­ծող փաս­տա­ցի սահ­ման­նե­րը։ Եր­կու եր­կիր­նե­րուն մի­ջեւ սահ­մա­նա­զա­տու­մը եւ սահ­մա­նագ­ծու­մը պէտք է հա­մա­պա­տաս­խա­նեն մի­ջազ­գա­յին լա­ւա­գոյն նա­խըն­թաց­նե­րուն ու նոր­մե­րուն եւ պէտք է բխին «ՄԱ­Կի ­Մի­ջազ­գա­յին պայ­մա­նա­գիր­նե­րու ի­րա­ւուն­քի մա­սին ­Վիեն­նա­յի հա­մա­ձայ­նա­գի­րին» (1969) «­Հել­սին­քիի եզ­րա­փա­կիչ կա­նո­նի» (1975) եւ Ե.Ա.Հ.­Կ.ի քար­տու­ղա­րու­թեան «­Պե­տա­կան սահ­ման­նե­րու սահ­մա­նա­զա­տում եւ սահ­մա­նագ­ծում, հրա­տապ հար­ցեր եւ լուծ­ման ու­ղի­ներ» (2017) փաս­տա­թուղ­թի հա­յե­ցա­կար­գա­յին նոր­մե­րէն, նե­րա­ռեալ այն սկզբուն­քէն, ո­րուն հա­մա­ձայն առ ո­չինչ է ու­ժի սպառ­նա­լի­քի, կամ զայն կի­րար­կե­լու մի­ջո­ցով ձեռք բե­րո­ւած ո­րե­ւէ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­ձայ­նու­թիւն.
5. ­Փո­խադ­րու­թեան եւ հա­ղոր­դակ­ցու­թեան այլ ու­ղի­նե­րու ամ­բող­ջա­կան եւ միա­ժա­մա­նակ ա­պաշր­ջա­փա­կում, ա­ռանց ինք­նիշ­խա­նու­թեան ո­րե­ւէ սահ­մա­նա­փա­կու­մի.
6. ­Մին­չեւ Ար­ցա­խի հար­ցի վերջ­նա­կան քա­ղա­քա­կան կար­գա­ւո­րու­մը եւ Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի հիմ­նա­րար ի­րա­ւունք­նե­րու ամ­բող­ջա­կան կի­րար­կու­մը, ա­պա­հո­վել ար­ցա­խա­հա­յե­րու հա­ւա­քա­կան, ան­խո­չըն­դոտ եւ ա­պա­հով վե­րա­դար­ձը հայ­րե­նիք՝ հիմ­նուած ցե­ղա­յին զտման պատ­ճա­ռով բռնաճշ­նում­նե­րու են­թար­կո­ւած եւ բռնի տե­ղա­հա­նուած ան­ձե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու ամ­բող­ջա­կան յարգ­ման վրայ:
­Վե­րա­դար­ձի նա­խա­պայ­ման պէտք է դի­տար­կել.
* Ար­ցա­խին մի­ջան­կեալ կար­գա­վի­ճա­կի տրա­մադ­րու­մը՝ ա­պա­հո­վե­լով ար­ցա­խա­հա­յե­րու մի­ջազ­գա­յին նոր­մե­րով ե­րաշ­խա­ւո­րուած քա­ղա­քա­ցիա­կան եւ քա­ղա­քա­կան ի­րա­ւունք­նե­րը, ի­րենց ամ­բողջ ծա­ւա­լով,
* Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դի անվ­տան­գու­թեան գոր­ծօն ե­րաշ­խիք­նե­րու ա­պա­հո­վու­մը, նե­րա­ռեալ՝ խա­ղա­ղա­պահ ու­ժե­րու տե­ղադրու­մը,
* ­Հա­յաս­տա­նի հետ ան­խո­չըն­դոտ ցա­մա­քա­յին կա­պի ա­պա­հո­վու­մը։
Ա­ռանց այս սկզբունք­նե­րու պահ­պան­ման ստո­րագ­րո­ւած ո­րե­ւէ փաս­տա­թուղթ պի­տի չնպաս­տէ տա­րա­ծաշր­ջա­նին մէջ խա­ղա­ղու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան հաս­տա­տու­մին, այլ պի­տի վա­ւե­րաց­նէ ու­ժի կամ ու­ժի սպառ­նա­լի­քով հար­ցեր լու­ծե­լու նա­խա­դէ­պը։

Հ.Յ.Դ. ԲԻՒՐՕ
05 ­Փետ­րո­ւար 2024