ԺԱՆՆԱ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Հ.Յ.Դ. ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւ­նը կը լրաց­նէ 70 տա­րին եւ այս­պէ՛ս ա­ռի­թը ու­նե­ցայ, Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ան­դամ ըլ­լա­լով, յի­շա­տակ­ներս եւ մտա­ծում­ներս գրե­լու։
Այս տա­րեշր­ջա­նը չոր­րորդ շա­րու­նա­կա­կան տա­րին է, որ կը մաս­նակ­ցիմ Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեան գոր­ծու­նէու­թիւն­նե­րուն։ ­Նաեւ ան­ցեա­լին տա­սը տա­րե­կա­նէս ­Պա­տա­նե­կա­նի ան­դամ ե­ղած եմ։ ­Տա­րի­նե­րը կը շեշ­տեմ, ո­րով­հե­տեւ ես եւ բո­լոր այն ըն­կեր­ներն ու ըն­կե­րու­հի­նե­րը, որ կը մաս­նակ­ցինք միաս­նա­բար այս­քան տա­րի, այ­լեւս Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւ­նը կը հա­մա­րենք մեր ա­մէ­նօ­րեայ կեան­քին մաս մը։
­Նախ եւ ա­ռաջ՝ պի­տի ու­զէի քա­նի մը խօսք ­Պա­տա­նե­կա­նի կեան­քին մա­սին գրել։
­Մեր ա­ռա­ջին շփու­մը հայ պա­տա­նի­նե­րու հետ, դպրոց­նե­րէն դուրս եւ հայ­կա­կան մթնո­լոր­տով, կը կա­տա­րո­ւի ­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թենէն ներս։ ­Բո­լորս շատ ու­րախ էինք եւ ան­համ­բեր կը սպա­սէինք ­Շա­բաթ օ­րո­ւան, որ­պէս­զի մեր ըն­կեր­նե­րուն եւ վա­րիչ­նե­րուն հետ ժա­մա­նակ ան­ցը­նենք։
Ա­մէ­նէն ա­ղո­ւոր յի­շա­տակ­նե­րը այդ տա­րի­նե­րէն՝ բա­նա­կու­մի տա­սը օ­րերն են, ուր պար­տա­ւոր էինք միայն հա­յե­րէն խօ­սե­լու։ Այն­տեղ սոր­վե­ցանք հայ­կա­կան եւ յե­ղա­փո­խա­կան եր­գեր, զորս մին­չեւ այ­սօր կ­՛եր­գենք։
­Պա­տա­նե­կան ­Միու­թեան դաս­տիա­րակ­չա­կան բնոյ­թը, ժո­ղով­նե­րը, նաեւ պտոյտ­նե­րը մեզ կ’օգ­նեն եւ կը պատ­րաս­տեն Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի շար­քե­րը անց­նե­լու հա­մար։
Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նի ան­դամ ըլ­լա­լը շատ տար­բեր չէ, ուղ­ղա­կի գոր­ծու­նէու­թիւ­նը կ­՛ա­ւել­նայ։ ­Մենք իբ­րեւ հայ ե­րի­տա­սարդ՝ մեր հայ­րե­նի­քէն դուրս գտնո­ւե­լով՝ պար­տա­ւոր ենք ոչ միայն չմոռ­նա­լու մեր լե­զուն եւ պատ­մու­թիւ­նը, այ­լեւ պայ­քա­րե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դին հա­մար։
70 տա­րիէ ի վեր ­Յու­նաս­տա­նի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւ­նը — եւ ոչ միայն — կը պայ­քա­րի, որ­պէս­զի բո­լո­րը ի­մա­նան հա­յե­րու ջար­դին մա­սին եւ ըն­դու­նին, որ տե­ղի ու­նե­ցած է՝ ե­ղա՛ծ է։
Այս­պի­սով՝ ա­ւե­լի կը ստի­պենք պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն, որ ճանչ­նան ի­րենց սխալ­նե­րը, ինչ որ մին­չեւ այ­սօր կը մեր­ժեն։
­Մեր Ե­րի­տա­սար­դա­կա­նին նպա­տակն է ա­պա­ցու­ցել ա­մէն ձե­ւով, թէ մենք հոս ենք դեռ եւ հոս պի­տի մնանք, մին­չեւ որ մեր ի­րա­ւունք­նե­րը ճանչ­ցո­ւին։ Այ­սօր Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւ­նը ու­նի ա­ւե­լի շատ պատ­ճառ­ներ ջանք թա­փե­լու հա­մար, քա­նի որ Ար­ցա­խի հար­ցը դեռ լու­ծո­ւած չէ։
­Մա­նա­ւանդ՝ երբ եր­կու տա­րի ա­ռաջ ­Քա­ռօ­րեայ պա­տե­րազ­մը տե­ղի ու­նե­ցաւ եւ մին­չեւ հի­մա տղաք կը զո­հո­ւին սահ­մա­ննե­րու վրայ։
­Սա­կայն, Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւ­նը կը ստեղ­ծէ շատ ա­ղո­ւոր յի­շա­տակ­ներ իր ան­դամ­նե­րուն հա­մար։ Ա­մէն ­Կի­րա­կի ե­րե­կոյ գի­տենք, որ պար­տա­ւոր ենք մեր ա­կումբ­նե­րէն ներս ներ­կայ գտնո­ւելոենք։ Այս­պի­սով ա­ռի­թը կ­՛ու­նե­նանք մեր հայ ըն­կեր­նե­րուն հետ հան­դի­պե­լու եւ նոյ­նիսկ նոր եր­տա­սարդ­նե­րու հետ ծա­նօ­թա­նա­լու։
Ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ա­ւե­լիով կը մտեր­մա­նան ար­շաւ­նե­րու ժա­մա­նակ, օ­րի­նակ՝ ամ­րան պտոյ­տի ժա­մա­նակ դէ­պի ­Խալ­քի­տի­քի։
2015ին ­Հա­մա­հայ­կա­կան ­Խա­ղե­րու ա­ռի­թով՝ Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թեամբ այ­ցե­լե­ցինք ­Հա­յաս­տան։ ­Շա­տե­րը մեզ­մէ՝ ան­ցեա­լին ե­ղած էինք ­Հա­յաս­տան, բայց այս ան­գամ տար­բեր էր։ Ա­ռի­թը ու­նե­ցանք ­Հա­յաս­տան, Ար­ցախ եւ ա­նոնց տե­սար­ժան վայ­րե­րը այ­ցե­լե­լու մեր յու­նա­հայ ըն­կեր­նե­րու հետ։ ­Նաեւ՝ ու­րիշ եր­կիր­նե­րէ հայ եր­տա­սարդ­նե­րու հետ ծա­նօ­թա­ցանք, ո­րոնց հետ մին­չեւ այ­սօր կապ հաս­տա­տած ենք։
Եր­կու այ­ցե­լու­թիւն­ներ տպա­ւո­րիչ էին եւ շատ յու­զիչ բո­լո­րիս հա­մար։ Ա­ռա­ջի­նը՝ երբ սփիւռ­քէն ե­կած բո­լոր հայ ե­րի­տա­սարդ­ներս այ­ցե­լե­ցինք ծա­ղիկ­նե­րով, միաս­նա­բար, ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի յու­շար­ձա­նը։ Իսկ երկ­րոր­դը՝ երբ գա­ցինք տե­սակ­ցու­թեան Ար­ցա­խի մէջ գտնո­ւող զօ­րա­նոց­նե­րէն մէ­կը, ուր ճա­շե­ցինք եւ վո­լէյ­պոլ խաղ­ցանք հայ զի­նո­ւոր­նե­րու հետ։
Հ.Յ.Դ. Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Միու­թիւ­նը 70 տա­րի է կա՛յ ­Յու­նաս­տա­նին մէջ, եւ մենք պի­դի շա­րու­նա­կենք ա­նոր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը՝ մին­չեւ որ ի­րա­կա­նաց­նենք ա­նոր բո­լոր նպա­տակ­ներն ու թի­րախ­նե­րը։
­Հա­ւա­նա­բար թի­ւով քիչ ենք, բայց եր­բեք պի­տի չդադ­րեց­նենք մեր ջան­քե­րը ար­դա­րու­թիւն բե­րե­լու հա­մար։
­Նոր սե­րուն­դը իր նոր գա­ղա­փար­նե­րով, կամ­քով եւ իր տա­րի­քի ա­ռա­ւե­լու­թեամբ՝ պի­տի շա­րու­նա­կէ այս բո­լոր տա­րի­նե­րու աշ­խա­տանք­նե­րը։