Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Կեդրոնական Կոմիտէի պատուիրակութիւն մը այցելութիւն տուաւ Յունաստանի մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան պրն. Ֆադէյ Չարչօղլեանին, անցեալ Չորեքշաբթի՝ 19 Դեկտեմբեր 2018ին։
Զրոյցին առարկայ դարձան Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ գործակցութեան վերաբերեալ հարցեր, յառաջիկայ ծրագիրներու եւ քաղաքական առաջնահերթութիւններու հետագայի քննարկումներ։ Շեշտուեցաւ Հայ Դատի եւ Արցախի կապակցուած հարցերու աշխատանքներուն մէջ՝ ծաւալուն ու հետեւողական գործի կիրարկումը։ Լայն անդրադարձ կատարուեցաւ հայրենիքի ներկայ ընկերային ու տնտեսական զարգացման պայմաններուն եւ անոնց հեռանկարներուն։ Պրն. դեսպանը գնահատանքով նշեց յունահայ համայնքի հետեւողական ու ծանրակշիռ աշխատանքը, կարեւորելով անոր դերակատարութիւնը Հայաստան-Յունաստան յարաբերութիւններու հեզասահ զարգացման մէջ։ Որոշուեցաւ յաճախակի պահել նման հանդիպումներու պարբերականութիւնը՝ Հայաստանի եւ Յունաստանի միջեւ հարցերու հետապնդումը՝ համակարգուած ու ազդեցիկ պահելու նպատակով։