­Լի­բա­նա­նի Հ.Յ.Դ. ­Զա­ւա­րեան Ու­սա­նո­ղա­կան ­Միու­թեան (Զ.Ո.Մ.) ան­դամ­ներ Ե­րեք­շաբ­թի օր խա­ղաղ նստա­ցոյց մը կազ­մա­կեր­պե­ցին ­Քաս­լի­քի Ս. ­Հո­գի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ` իբ­րեւ բո­ղոք նշեալ հա­մալ­սա­րա­նին եւ ­Պէյ­րու­թի մէջ թրքա­կան «Եու­նուս Էմ­րէե հիմ­նար­կի ար­դի ­Թուր­քիոյ մա­սին կազ­մա­կեր­պած դա­սա­խօ­սու­թեան դէմ: Իբ­րեւ դա­սա­խօս հրա­ւի­րո­ւած էր թուրք պատ­մա­գէտ Իլ­պեր Օր­թայլ, որ ծա­նօթ է ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան գծով իր ժխտո­ղա­կան եւ հա­կա­հայ կե­ցո­ւած­քով ու տա­րա­ծած ա­պա­տե­ղե­կա­տո­ւու­թեամբ:
Ու­սա­նող­նե­րը դա­սա­խօ­սու­թեան մաս­նակ­ցե­լով հար­ցում­ներ ուղ­ղե­ցին ­Թուր­քիոյ ա­րիւ­նա­լի պատ­մու­թեան մա­սին` դա­տա­պար­տե­լով ­Թուր­քիոյ ժխտո­ղա­կան կե­ցո­ւած­քը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան առն­չու­թեամբ: Ա­նոնք հա­գած էին շա­պիկ­ներ, ո­րոնց վրայ նկա­րա­զար­դո­ւած էին ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նա­չումն ու հայ­կա­կան բռնագ­րա­ւո­ւած հո­ղե­րը պա­հան­ջող լո­զունգ­ներ: Ա­նոնք նաեւ ներ­կա­նե­րուն ցրո­ւե­ցին թրքա­կան ո­ճիր­նե­րը վա­ւե­րագ­րող թռու­ցիկ­ներ, ուր կ­՛ը­սո­ւէր.
«Այս պատ­մա­գէ­տը զա­նա­զան եր­կիր­նե­րու ու ներ­կա­յիս ­Լի­բա­նա­նի մէջ կազ­մա­կեր­պո­ւած կլոր սե­ղան­նե­րու ըն­թաց­քին պար­զա­պէս պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը ա­ղա­ւա­ղող, ան­հիմն եւ անս­տոյգ տե­ղե­կու­թիւն­ներ տա­րա­ծող կեղ­ծա­րար մըն է, որ կը յա­ւակ­նի յայ­տա­րա­րել, թէ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թիւ­նը եւ ար­դի ­Թուր­քիան հա­ւա­տա­ցող են դա­ւա­նան­քի ա­զա­տու­թեան ու ի­րա­ւուն­քին եւ Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան զա­նա­զան շրջան­նե­րուն մէջ ապ­րող փոք­րա­մաս­նու­թեանց քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւունք­նե­րուն: ­Սա­կայն այդ փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը կը վկա­յեն այս պատ­մա­գէ­տի սու­տերն ու յե­րիւ­րանք­նե­րը:
«Իբ­րեւ լի­բա­նան­ցի­ներ՝ չէինք ու չենք մոռ­ցած օս­ման­ցի­նե­րուն կող­մէ
լի­բա­նա­նեան գիւ­ղե­րու եւ քա­ղաք­նե­րու պա­շա­րումն ու բնակ­չու­թեան սո­վա­մա­հու­թեան մղու­մը: Իբ­րեւ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն ճո­ղոպ­րած հա­յոր­դի­ներ՝ մեր յի­շո­ղու­թեան մէջ փո­րագ­րո­ւած են ա­հա­ւոր ու վայ­րագ ա­րարք­նե­րը:
«Իսկ յոյ­նե­րը քաջ գի­տէին, թէ ի­րենք ան­բաղ­ձա­լի տար­րեր էին, ա­ւե­լի՛ն` ի­րա­ւազր­կո­ւած էին Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ժա­ռան­գորդ­նե­րուն կող­մէ, ո­րոնք աք­սո­րե­ցին զի­րենք դէ­պի յու­նա­կան տա­րածք­ներ, ինչ որ հե­տա­գա­յին կո­չո­ւե­ցաւ «բնակ­չու­թեան փո­խա­նա­կու­մե:
«­Քիւր­տե­րը ի­րենց կար­գին քաջ գի­տեն թուր­քե­րու հան­դուր­ժո­ղա­կա­նու­թեան աս­տի­ճա­նը, յատ­կա­պէս` անց­նող դա­րաշր­ջա­նի ե­րե­սու­նա­կան թո­ւա­կան­նե­րէն մին­չեւ օրս շա­րու­նա­կո­ւող` քիւրտ ժո­ղո­վուր­դին դէմ թրքա­կան օ­դու­ժին իւ­րա­քան­չիւր ռմբա­կո­ծու­մին ա­ռըն­թեր:
«­Թուր­քե­րը էի՛ն եւ տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կեն բնակ­չու­թեան փան­թու­րա­նա­կան խտրա­կա­նու­թեան ա­ռա­քե­լու­թեամբ դա­սա­կար­գու­մը ի­րենց երկ­րին մէջ, որ հիմ­նո­ւած է ի­րա­ւազր­կո­ւած, բռնա­գաղ­թո­ւած եւ խող­խո­ղո­ւած քա­ղա­քա­ցի­նե­րու դիակ­նե­րուն վրայ:  ­Թուր­քե­րը տա­կա­ւին կը շա­րու­նա­կեն ա­տե­լու­թիւն, ո­խա­կա­լու­թիւն, սուտ քա­րոզ­չու­թիւն տա­րա­ծել ի­րենց եւ Ան­տիո­քի ու ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մու­թեան մա­սին:
«Ալ­պեր Օր­թայ­լըի նման կողմ­նա­կալ պատ­մա­գէտ­ներ «ար­տադ­րե­ցի­նե ­Ռե­ճեփ ­Թա­յիփ Էր­տո­ղա­նի նման ղե­կա­վար­ներ, ո­րուն վար­չա­կար­գը կը զօ­րակ­ցի ՏԱՀԵ­Շին:
«Ու պա­տա­հա­կա­նու­թիւն չէ, որ թուրք հան­դուր­ժո­ղա­կան, հան­րա­ծա­նօթ գրա­գէտ­ներ ու մտա­ւո­րա­կան­ներ աք­սո­րո­ւե­ցան, սպան­նո­ւե­ցան կամ թրքա­կան բան­տեր ու­ղար­կո­ւե­ցան:
«­Քաս­լի­քի Ս. ­Հո­գի հա­մալ­սա­րա­նը է՛ր եւ պի­տի մնա՛յ ­Լի­բա­նա­նի եւ ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի բա­րե­համ­բաւ վար­կով ծա­նօթ, ա­նի­րա­ւու­թեան դէմ հա­կադ­րո­ւող, մարդ­կա­յին հար­ցե­րու զօ­րա­վիգ կա­ճառ­նե­րէն եւ հաս­տա­տու­թիւն­նե­րէն մէ­կը: Ու ինչ­պէս ա­նի­կա մեզ վար­ժե­ցու­ցած է` պի­տի շա­րու­նա­կէ կազ­մա­կեր­պել կլոր սե­ղան­ներ` հրա­ւի­րե­լով ա­նա­չառ ու ան­կողմ­նա­կալ եւ ­Թուր­քիոյ ա­րիւ­նա­լի պատ­մու­թեան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը բա­ցա­յայ­տե­լու քա­ջու­թիւնն ու հա­մար­ձա­կու­թիւ­նը ու­նե­ցող պատ­մա­գէտ­ներ:
«Այ­սօ­րո­ւան այս խա­ղաղ ցոյ­ցը կը մի­տի մեր քա­ղա­քա­ցի եղ­բայր­նե­րուն եւ ու­սա­նող­նե­րուն յի­շեց­նե­լու եւ ի­րա­զեկ դարձ­նե­լու Օս­մա­նեան ­Կայս­րու­թեան ա­նի­րա­ւու­թեան ու ար­դի ­Թուր­քիոյ պատ­մա­կան ի­րո­ղու­թիւն­նե­րու հեր­քու­մի ան­դուլ փոր­ձե­րուն, ո­րոնք կ­՛ո­ղո­ղեն մեր շրջա­նակ­նե­րը ­Մի­ջին Ա­րե­ւել­քի մէջ: «­Նաեւ այս հա­մալ­սա­րա­նին կ­՛ու­զենք յի­շեց­նել, թէ նման կլոր սե­ղան մը խո­տոր կը հա­մե­մա­տի իր դիր­քին ու վար­կին հետ, իբ­րեւ քա­ղա­քա­կիրթ, մտա­ւո­րա­կան ու ի­րա­ւուն­քի ռահ­վի­րայ հար­թա­կե: