Չորեքշաբթի՝ 15 Մայիսի 2019ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջ. Վարչութիւնը յուշանուէրով մը պատուեց Յունաստանի «Օլիմպիաքոս» կողովագնդակի աղջկանց խումբի մարզիչ Էլենի Քափոյանին, որ անցեալ տարեշրջանի ընթացքին ստանձնած էր Լիբանանի Անթիլիասի շրջանին մէջ գործող Հ.Մ.Ը.Մ.ի կողովագնդակի աղջկանց խումբի մարզիչի պաշտօնը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի խումբը, յոյն մարզիչի պատասխանատուութեան տակ, տարեշրջանի ընթացքին ունեցաւ փայլուն յաջողութիւններ եւ ստացաւ չորս առաջնութիւններ, ինչպէս՝ Լիբանանի կողովագնդակի ախոյեանութեան եւ արաբական երկիրներու ախոյեանութեան զոյգ բաժակները։
Պարգեւատրումը կատարեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. Վարչութեան անդամ քոյր Արշա Սամուէլեան։ Ներկայ էին նաեւ Աթէնքի մասնաճիւղէն եղբայրներ Կարպիս Ճանիկեան եւ Յովհաննէս Թէրզեան։
Յոյն մարզիչը գովասանքով արտայայտուեցաւ հայութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մասին՝ մասնաւորապէս նշում ընելով ջերմ մթնոլորտին համար, որ տիրեց Անթիլիասի խումբին ու վարչութեան հետ իր գործակցութեան ամբողջ շրջանին։
Իր հայասիրական զգացումները եւ շնորհակալութիւնները յայտնելով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. Վարչութեան՝ Քափոյանի ըսաւ.- «Հպարտ եմ, որ առիթը ունեցայ ճանչնալու ազգ մը, որ յոյներէն տարբեր չէ։ Ես այլեւս որպէս հայ կը զգամ։ Պատրաստ եմ իմ մարզական ծառայութիւններս եւ ամէն տեսակի օգնութիւն ընձեռելու Հ.Մ.Ը.Մ.ին եւ յունահայ համայնքին»։
Հ.Մ.Ը.Մ. կը պատուէ յոյն մարզիչը
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջ. Վարչութիւնը կը պատուէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Անթիլիասի յոյն մարզիչը