Ուրբաթ՝ 18 Հոկտեմբեր 2019ին, հայազգի հանրածանօթ եւ սիրուած երաժիշտ Կի Մանուկեան հիւրընկալուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան կողմէ, Գոքինիոյ «Զաւարեան» կեդրոնին մէջ։ Ներկայ եղան նաեւ Աթէնքի եւ Գոքինիոյ մասնաճիւղերու վարչութեանց անդամներ։
Կի Մանուկեան առիթը ունեցաւ ծանօթանալու Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատմութեան եւ գործունէութեան։ Ան հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ. ական ըլլալով, մեծապէս գնահատեց մարզական եւ սկաուտական շարժումը յունահայ գաղութէն ներս եւ իր ապրումները փոխանցեց Լիբանանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ իր ունեցած գործունէութենէն։ Նշենք, որ Կի Մանուկեան տարիներ շարունակ եղած է Լիբանանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի կողովագնդակի մարզիկ, ապա ստանձնած է խումբի հովանաւորութիւնը, բոլոր միջոցներով զօրավիգ կանգնելու համար խումբի յաջողութեան եւ վերելքին։
Կեդրոնէն ներս իր այցելութեան ընթացքին, Կի Մանուկեան ծանօթացաւ շէնքի յարմարութիւններուն եւ մասնաւորապէս Հ.Մ.Ը.Մ.ի փակ մարզադաշտի մանրամասնութիւններուն ու անոր մէջ տեղի ունեցող փորձերուն եւ պաշտօնական մրցումներուն։ Նաեւ, մօտէն տեսաւ Հ.Կ.Խաչի «Զաւարեան» ազգային վարժարանի դասարանները եւ բարձր գնահատեց յունահայ գաղութէն ներս հայակրթութեան անդուլ ջանքերը։ Կի Մանուկեան Յունաստան կը գտնուի համերգ մը տալու համար յոյն երաժշտասէր հանրութեան առջեւ, որ տեղի պիտի ունենայ Երկուշաբթի՝ 11 Նոյեմբեր 2019ին, Աթէնքի օփերայի (Λυρική σκηνή) թատերասրահին մէջ։
Հ.Մ.Ը.Մ. հիւրընկալեց հանրածանօթ երաժիշտ Կի Մանուկեանը
Հ.Մ.Ը.Մ. հիւրընկալեց հանրածանօթ երաժիշտ Կի Մանուկեանը