Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ձգտող եւ այդ նպատակին համար ջանք ու ճիգ թափող Հ.Մ.Ը.Մ.ի պասքեթպոլի տղոց խումբի նպատակը երէկ պսակուեցաւ մեծ յաջողութեամբ, երբ ան 74-59 արդիւնքով տապալեց իր մրցակից խումբը` Ռիատի Պէյրութը:
Յետմիջօրէի կանուխ ժամերէն սկսեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հազարաւոր համակիրները արդէն իսկ լեցուցած էին «Աղբալեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» դաշտը:
Ժամեր շարունակ անոնք երգեցին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի շեփորախումբին ընկերակցութեամբ իրենց խումբը քաջալերող կանչերով թնդացուցին համալիրը:
Քանի մը ժամ ետք կերտուելիք յաղթանակին նշոյլները արդէն ուրուագծուած էին:
Կանխատեսումները ճիշդ դուրս եկան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի կազմը հանգիստ յաղթանակ մը արձանագրեց Ռիատի Պէյրութի դէմ` ինքնավստահ քայլերով եւ արհեստավարժ խաղարկութեամբ դառնալով Լիբանանի ախոյեան:
Յաղթանակի կերտումէն ետք, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հազարաւոր համակիրներուն ժամադրավայրը դարձաւ Պուրճ Համուտը, ուր «Արին» կեդրոնին դիմաց տեղի ունեցան ժողովրդային տօնախմբութիւն եւ հրավառութիւն:
Տօնախմբութեան ներկայ էին, բացի Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային Վարչութեան անդամներէն եւ մարզական պատասխանատուներէն, նաեւ Հ.Յ.Դ. Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան եւ նորընտիր երեսփոխան Յակոբ Թերզեան:
Յաղթանակի տօնախմբութիւնը իսկական հարսանիք մըն էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի համակիրներուն համար, որոնք ջերմօրէն դիմաւորեցին նաեւ «Արին» կեդրոն ժամանած ախոյեան խումբը` հեռուէն փայլփլող ախոյեանութեան բաժակով:
Տօնակատարութիւնը եւ հազարաւոր համակիրներու ու շրջանի հայութեան սրտերը ուրախութեամբ լեցնող ինքնաբուխ այս հաւաքը տեւեց մինչեւ առաւօտեան կանուխ ժամերը:
Ինչ կը վերաբերի մրցումի մանրամասնութիւններուն, անիկա սկսաւ կատարեալ կարգապահութեամբ, առանց մրցակից խումբի մարզիկներուն ապահովութեան դէմ որեւէ սպառնալիքի, ինչ որ չէր իրավիճակը օր մը առաջ Մանարայի մէջ:
Աւարտին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Փիեռ Քախիա շքանշանները յանձնեց մարզիկներուն, իսկ ախոյեանութեան բաժակը` Հ.Մ.Ը.Մ.ի խմբապետ Սեւակ Քեթենճեանին:
Հ.Մ.Ը.Մ.` Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեան
Հ.Մ.Ը.Մ.` Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեան