Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին ­­Վար­չու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պեց «5րդ ­հե­ծե­լար­շա­ւը՝ նո­ւի­րո­ւած ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ­­Նա­հա­տակ­նե­րուն, ­­Կի­րա­կի՝ 15 ­­Հոկ­տեմ­բեր 2017ին, ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 11։00ին, ­­Նէա Զ­միռ­նիի ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ­­Յու­շար­ձա­նին հրա­պա­րա­կին առ­ջեւ: ­­Հե­ծե­լար­շա­ւը կազ­մա­կեր­պո­ւե­ցաւ՝ միաս­նա­բար ­­Նէա Զ­միռ­նիի փոխ-քա­ղա­ղա­քա­պե­տու­հի տիկ. ­­Քա­րիո­ֆի­լիի մար­զա­կան եւ մշա­կու­թա­յին կազ­մի գրա­սե­նեա­կին հետ, եւ հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ՝ ­­Յու­նա­կան ­­Հե­ծե­լար­շա­ւի ­­Ֆե­տե­րա­սիո­նին:
­­Ճիշդ է, որ ձեռ­նար­կի ի­րա­կա­նաց­ման թո­ւա­կա­նը հե­ռու էր Ապ­րի­լէն, բայց շատ յու­զիչ էր, որ այս սուրբ եւ կա­րե­ւոր նպա­տա­կին ի­րա­գործ­ման օ­ժան­դա­կե­ցին բո­լորն ալ, որ­պէս­զի ա­պա­հով ձե­ւով կա­տա­րո­ւի:
­­Մեթ­րո­փո­լի­թան հի­ւան­դա­նո­ցի սար­քա­կառ­քը, ­­Կար­միր ­­Խա­չի կա­մա­ւոր ­­Սա­մա­րի­դէս, Եր­թե­ւե­կու­թեան ­­Քա­լի­թէա­յի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան աշ­խա­տա­ւոր­ներ, բո­լո­րը ի­րենց հան­գիս­տի օ­րը՝ ­­Կի­րա­կին զո­հե­ցին մի քա­նի ժա­մո­ւան հա­մար եւ ներ­կայ էին՝ սրտանց օ­ժան­դա­կե­լու հա­մար եւ յայտ­նե­լու ի­րենց յար­գան­քը բո­լոր մեր ան­մեղ նա­հա­տակ­նե­րուն հան­դէպ:
­­Յու­զիչ վար­կեան­ներ ապ­րե­ցանք, երբ կը մօ­տե­նա­յին յոյն փոք­րիկ­ներ ի­րենց ծնող­նե­րով եւ կը խնդրէին ար­տօ­նու­թիւն, որ­պէս­զի լրաց­նեն մաս­նակ­ցու­թեան թուղ­թը եւ մաս­նակ­ցին ի­րենց հե­ծի­կով: ­­Մեր աչ­քե­րուն մէջ ա­նոնք ան­համ­բեր նա­յո­ւաց­քով կը սպա­սէին մեր դրա­կան պա­տաս­խա­նին:
­­Բարձ­րա­գոյն էր թի­ւը մաս­նակ­ցող­նե­րուն, ո­րոնք գի­տակ­ցա­բար ե­կան յար­գե­լու ձեռ­նար­կին նպա­տա­կը:
­­Տա­րո­ւան պարզ օր մը յոյ­ներ եւ հա­յեր լե­ցու­ցին այդ վայ­րը ու ճամ­բա­նե­րը՝ ե­ռա­գոյն­նե­րով, հե­ծի­կի զան­գակ­նե­րով, կանգ ա­ռին պա­սե­րը եւ ինք­նա­շարժ­նե­րը, որ­պէս­զի մենք անց­նինք:
­­Շա­տեր, որ կ­­՚անց­նէին հրա­պա­րա­կէն եւ կը լսէին հայ­կա­կան ե­րաժշ­տու­թիւն ու կը տես­նէին ծա­ծա­նու­մը հայ ազ­գա­յին ու միու­թե­նա­կան դրօ­շակ­նե­րուն, կը հարց­նէին օ­րո­ւան պատ­գա­մին մա­սին. մեր կա­մա­ւոր քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը կը բա­ցատ­րէին ձեռ­նար­կին ի­մաս­տը:

«1918ին մա­նուկ մը ծնաւ հա­յոց ցա­ւէն, տա­ռա­պան­քէն: ­­Ջար­դին ա­րիւ­նով մկրտե­ցին այս մա­նու­կը եւ զայն կո­չե­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.: Իսկ այդ մա­նու­կին պար­տա­կա­նու­թիւն տո­ւին՝ ծա­ռա­յել հայ ժո­ղո­վուր­դին»:
­­Սա­մո­ւէլ Մկր­տի­չեան

Եղբ. ­­Յա­կոբ Ե­դի­մեան յու­նա­րէն լե­զուով ար­տա­սա­նեց օ­րո­ւան պատ­գա­մը, որ լսո­ւե­ցաւ միք­րո­ֆոն­նե­րէն: ­­Միու­թիւնս նո­ւի­րեց յու­շա­տախ­տակ՝ տիկ. ­­Քա­րիո­քի­լիի կազ­մին, այս­քա՜ն տա­րի­նե­րու գոր­ծակ­ցու­թեան ի ե­րախ­տա­գի­տու­թիւն:

­­Կա­րե­ւոր չէ միայն Ապ­րի­լին յի­շենք մեր նա­հա­տակ­նե­րը. կա­րե­ւորն է՝ ան­դա­դար յար­գենք ի­րենց յի­շա­տա­կը։ Ինչ­պէս կ­­՚ը­սեն՝ ե­թէ չյի­շես, կը մոռ­ցո­ւին:

­­Բարձ­րա­ցիր՝ ­­Բարձ­րա­ցուր։

­­Կի­րա­կի՝ ­­Հոկ­տեմ­բե­րի 15ին, տե­ղի ու­նե­ցաւ 5րդ ­հե­ծե­լար­շա­ւը՝ ­­Մեծ Ե­ղեռ­նի ան­մեղ զո­հե­րի յի­շա­տա­կին։
Խ­րի­սոս­տո­մու ­­Նէա Զ­միռ­նիի Փ­լա­թիան լե­ցո­ւած էր թէ՛ հայ, թէ՛ յոյն, թէ՛ տա­րեց, թէ՛ փոք­րիկ բա­րե­կամ­նե­րով։
­­Մեզ հա­մար՝ իբ­րեւ սփիւռ­քի մէջ ապ­րող հայ եւ իբ­րեւ սկաուտ՝ հրա­շա­լի ա­ռիթ էր օ­ժան­դա­կե­լու, օգ­նե­լու եւ վա­յե­լե­լու այդ մի­ջո­ցա­ռու­մը։
Զ­գաց­մունք­նե­րը շատ էին եւ ու­ժեղ։
Հ­պար­տութիւն… ­­Յուզ­մունք… ­­Լիու­թիւն… ­­Հանգս­տու­թիւն։
Ո­րով­հե­տեւ մեզ շատ լաւ բացատրած են մեր մե­ծե­րը, որ մենք հայ ենք եւ մա­նա­ւանդ հայ­րե­նի­քէն հե­ռու ապրելով՝ պէտք է մեր պատ­մու­թիւ­նը պատ­մենք, ցու­ցադ­րենք։
Ա­մէն տա­րի մաս­նակ­ցե­լով ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան վե­րա­բե­րեալ շարք մը զա­նա­զան մի­ջո­ցա­ռում­նե­րու՝ կը զգանք, որ ­­Հայ ­­Դա­տի ի­րա­գործ­մա­նը ա­ւե­լի ու ա­ւե­լի կը մօ­տե­նանք, քա­նի որ այն նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ե­րէց Ս­կաու­տի խոս­տումն է։
Ա­մէն տա­րի սի­րով եւ ո­գե­ւո­րու­թեամբ կը սպա­սենք հե­ծե­լար­շա­ւի մի­ջո­ցառ­մա­նը…
­­Գալ տա­րի նո­րէն՝ նոյն տե­ղը պի­տի սպա­սենք ձեզ բո­լո­րիդ։

­­Քոյ­րեր՝ ­­Մա­րիան­նա Աս­լա­նեան
եւ ­­Մի­լե­նա Աս­լա­նեան

Այս տա­րի, 15 ­­Հոկ­տեմ­բեր 2017ին, կա­տա­րո­ւե­ցաւ 5րդ ­հե­ծե­լար­շա­ւը՝ ի յի­շա­տակ ­­Հա­յոց ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ան­մեղ զո­հե­րու, ­­Նէա Զ­միռ­նիի ­­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ­­Յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ:
­­Մենք՝ իբ­րեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­ներ, ներ­կայ գտնո­ւե­ցանք մեծ ու­րա­խու­թեամբ եւ փոր­ձե­ցինք մեր կա­րե­լին կա­տա­րել: Ու­նէինք ա­մէն տա­րի­քի մաս­նակ­ցող­ներ՝ փոք­րեր ու մե­ծա­հա­սակ­ներ, ո­րոնք մաս­նակ­ցե­ցան սոյն ձեռ­նար­կին: ­­Հե­ծե­լար­շա­ւի սկիզ­բէն՝ բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րը դուրս ե­լան ճամ­բայ, փոքր ե­ռա­գույն դրօ­շակ­ներ կա­պած ի­րենց հե­ծիկ­նե­րուն վրայ: ­­Բո­լորս այդ ճա­նա­պար­հոր­դու­թիւ­նը ը­րինք: ­­Մենք մէկ կա­յա­նին ջուր բաժ­նե­ցինք բո­լո­րին: ­­Մաս­նակ­ցող­նե­րու վե­րա­դար­ձին խօ­սե­ցաւ քա­ղա­քա­պետ պրն. ­­Ձու­լա­քին եւ փոխ-քա­ղա­քա­պետ տիկն. ­­Քա­րիօ­ֆի­լին:
Ա­մէն ինչ շատ հա­ճե­լի էր:
­­Վեր­ջա­ւո­րու­թեան նո­ւի­րե­ցինք բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն՝ յի­շա­տա­կի շքանշան­ներ, շնոր­հա­ւո­րե­լու հա­մար. նաեւ՝ խմբա­յին նկա­րո­ւե­ցանք:
­­Շատ գե­ղե­ցիկ էր ա­մէն ինչ:
­­Յոյս ու­նինք, որ ա­մէն տա­րի պի­տի կազ­նա­կեր­պո­ւի եւ կա­տա­րո­ւի այս մի­ջո­ցա­ռու­մը:
­­Կը սպա­սենք դար­ձեալ, 6րդ ­հե­ծե­լար­շա­ւին, բո­լո­րիդ:

­­Քոյ­րեր՝ ­­Դիա­նա ­­Պո­ղո­սեան
եւ ­­Մար­լէն ­­Տէր-­­Ղա­զա­րեան