­Ժիւ­լի ­Մա­նո­յեան, ­Յու­նաս­տա­նէն, «Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան եր­ջան­կու­թիւն»
խորագրեալ նկա­րին հա­մար արժանացաւ Գ. մրցանակին

Հ.Մ.Ը.Մ.-ի հիմ­նադ­րու­թեան 103-ա­մեա­կին ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պո­ւած լու­սան­կար­չա­կան մրցան­քը անց­նող ա­միս­նե­րուն իր շուրջ ստեղ­ծեց մեծ հե­տաքրք­րու­թիւն։ Մր­ցան­քին կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բը 23 մաս­նա­կից­նե­րէ ստա­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ա­ռօ­րեան ցո­լաց­նող 93 լու­սան­կար­ներ։
Այս ա­ռի­թով յա­ռա­ջա­ցած դա­տա­կան կազ­մը, ո­րուն մաս կազ­մե­ցին լու­սանկա­րիչ ­Րաֆ­ֆի ­Պէր­պէ­րեան, բե­մադ­րիչ­ներ ­Յա­կոբ ­Տէր ­Ղու­կա­սեան եւ ­Ծո­վիկ ­Թո­րի­կեան, ա­րո­ւես­տա­գէտ Ա­րա Ա­զատ, խմբա­գիր ­Նո­րա ­Բար­սե­ղեան, նկար­չա­կան թեք­նիք աշ­խա­տանք­նե­րու մաս­նա­գէտ­ներ ­Դա­լար ­Մազ­լու­մեան եւ Նժ­դեհ Մկր­տի­չեան, յետ բազ­մա­կող­մա­նի քննու­թեան, մրցա­նա­կա­կիր­ներ ճշդեց հե­տե­ւեալ­նե­րը.-
Ա. ՄՐՑԱՆԱԿ
­Թա­լին ­Մա­նո­ւէ­լեան, ­Լոն­տո­նէն, «Ի­րա­րու օգ­նել» խո­րագ­րեալ նկա­րին հա­մար։
Մր­ցա­նակ՝ 1000 ա­մե­րի­կեան տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ «CANON» վա­ճա­ռա­նի­շով լու­սան­կար­չա­կան մե­քե­նայ մը։
Բ. ՄՐՑԱՆԱԿ
­Շու­շի ­Հե­ղի­նեան, ­Հա­յաս­տա­նէն, «Աշ­խար­հը ման­կան աչ­քե­րով» խո­րագրեալ նկա­րին հա­մար։
Մր­ցա­նակ՝ 300 ա­մե­րի­կեան տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ լու­սան­կար­չա­կան քա­մե­րա­յի եռոտանի խարիսխ մը (τρίποδο) մը եւ պա­յու­սակ մը։
Գ. ՄՐՑԱՆԱԿ
­Ժիւ­լի ­Մա­նո­յեան, ­Յու­նաս­տա­նէն, «Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան եր­ջան­կու­թիւն» խո-րագրեալ նկա­րին հա­մար։
Մր­ցա­նակ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի 100-ա­մեա­կը յա­ւեր­ժաց­նող ար­ժէ­քա­ւոր ժա­մա­ցոյց մը՝ յա­տուկ հաս­տա­տա­գի­րով։
Ե­րեք մրցա­նա­կա­կիր­նե­րը կ’ար­ժա­նա­նան նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «­Մար­զիկ» պաշ­տօ­նա­թեր­թի մէկ տա­րո­ւան բա­ժա­նոր­դագ­րու­թեան։
Մր­ցան­քի կազ­մա­կեր­պիչ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան քա­րոզ­չա­կան յանձ­նա­խում­բը այս ա­ռի­թով իր շնոր­հա­կա­լու­թիւ­նը կը յայտ­նէ մրցան­քի դա­տա­կան կազ­մին, մրցան­քին յա­ջո­ղու­թեան նպաս­տած Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջա­նա­յին եւ ­Մե­կու­սի վար­չու­թիւն­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ՝ բո­լոր մաս­նա­կից­նե­րուն, ո­րոնք ի­րենց ոսպ­նեակ­նե­րով յա­ւեր­ժա­ցու­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ա­կան կեան­քէն ակն­թարթ մը, ձեռ­նարկ մը կամ դէմք մը։
Մր­ցա­նա­կա­կիր­նե­րու լու­սան­կար­նե­րը կը հրա­պա­րա­կո­ւին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի դի­մա­տետ­րի է­ջով եւ «­Մար­զիկ» պաշ­տօ­նա­թեր­թով։

Հ.Մ.Ը.Մ.Ի ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԵԱՆ
ՔԱՐՈԶՉԱԿԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ