Արեւմտեան Ատիկէի վոլէյ-պոլի միութեան ախոյեան հռչակուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ խումբը:
Աւարտական մրցումը տեղի ունեցաւ Կիրակի՝ 1 Ապրիլ 2018ին, Ռենտիի ծայրէ ծայր, մարզասէրներով լեցուն գոց մարզադաշտին մէջ:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի «Խրիսթօ Ռումեան»ի խումբը յաղթեց 3-1 շարքով (25-16, 23-25, 25-14, 25-15) Փեթրուփոլիի խումբին եւ երրորդ անգամ ըլլալով վերջին չորս տարիներու ընթացքին՝ բաժակակիր հռչակուեցաւ:
Մարզասէրներու քաջալերանքը աւարտական մրցումը տօնի վերածեց: Մրցումը չսկսած «Համազգային»ի «Նանօր» եւ «Նայիրի» պարախումբերը հայկական պարեր պարեցին ու ծափահարուեցան եւ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեցին մարզադաշտէն ներս: Երկու խումբերու մարզիկները մարզադաշտ մուտք գործեցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական խումբի մը ընկերակցութեամբ: Աւարտական մրցումին հետեւեցան՝ վոլէյ-պոլի միութեան նախագահ պրն. Քոկալիտիս Եորղոս, միութեան փոխ-նախագահ պրն. Քոկալիտիս Լեֆթերիս, Նիքէա-Ռենտիի քաղաքապետարանի մշակոյթի եւ մարզանքի փոխ-քաղաքապետ պրն. Պաքացելոս եւ վոլէյ-պոլի իրաւարարներու միութեան նախագահ պրն. Մաւրիքիտիս: Յաղթական խումբին բաժակը յանձնեց Զիու-Զիցուի միջազգային ախոյեան Արա Ճանիկեան: Նշենք, թէ վերջերս Հ.Մ.Ը.Մ.ի վոլէյ-պոլի խումբը կարողացաւ մրցաշարքի ախոյեանի տիտղոսը տիրանալու՝ խումբը հասցնելով դասակարգի բարձրացման սահմանին, Ազգային Α2 դասակարգին մօտենալով: Այս յաղթանակները շատ մեծ կարեւորութիւն ունին Հ.Մ.Ը.Մ.ին համար, այս տարի մանաւանդ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100ամեակը պիտի տօնուի: Խումբին մաս կը կազմեն հետեւեալ մարզիկները.- Ալեքսանտրոս Քաքրիտիս-Ռումեան, Փանաեոթիս Քաքրիտիս-Ռումեան, Ադամ Չալըքեան, Տիմիթրիս Միցիս, Վասիլիս Միցիս, Եորղոս Քացաունիս, Իլիաս Քարաս, Փլաթոնաս Միխայիլովիչ, Սփիրոս Քոսթանտաքոփուլոս, Թանոս Սախինիտիս, Վազգէն Սավուլեան, Գարեգին Պետրոսեան եւ Եորղոս Քանտիոսթիս:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի վոլէյպոլի տղոց խումբը ախոյեան
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ վոլէյպոլի տղոց խումբը ախոյեան հռչակուեցաւ