Տարիներու սովորութեան համաձայն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական մասնաճիւղերու սկաուտները կը շրջագային հայրենակիցներու տուները եւ կ՚աւետեն Նոր Տարին եւ Ս. Ծնունդը։ 21 եւ 22 Դեկտեմբերին, Ֆիքսի, Գոքինիոյ եւ Գարէայի ակումբներուն մէջ գործող մասնաճիղերու մեծ թիւով երկսեռ սկաուտներ, իրենց խմբապետներու եւ սկաուտական խորհուրդներու առաջնորդութեամբ երգեցին տօնական մեղեդիներ եւ յուշանուէրներ բաժնեցին հայրենակիցներու տուները։ Յատկանշական է, որ մեր հայրենակիցներն ալ ուրախութեամբ կը դիմաւորեն փոքրիկներու խումբերը եւ իրենց սրտաբուխ նիւթական օժանդակութեամբ կը քաջալերեն սկաուտական աշխատանքները։
Գիշերում ակումբներուն մէջ
Սկաուտական մթնոլորտին աւելի վարժ ըլլալու միտքով, Գոքինիոյ եւ Աթէնքի սկաուտական մասնաճիւղերու խմբապետութիւնները, երկու յաջորդական շաբաթավերջերուն, սկաուտական գիշերումներ կազմակերպեցին «Զաւարեան» կեդրոնին եւ Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ։
14 եւ 21 Դեկտեմբերին, հերթաբար գայլիկական եւ սկաուտական խումբերու անդամները գիշերեցին երկու ակումբներուն մէջ։ Հաւաքական կեանքին համակերպելու ծրագիրով, մասնակցողները զբաղեցան սկաուտական եւ գայլիկական խաղերով, ընկերային կեանքով եւ զանազան աշխատանքներով։ Բոլոր մասնակցողները խանդավառուած մնացին այս համախմբումներով, սպասելով որ մօտիկ ապագային դարձեալ պիտի մասնակցին նման հաւաքներու եւ իրենց միջեւ պիտի ամրապնդեն եղբայրական ոգին ու ընկերային կապերը։