­Յու­նաց ազ­գա­յին տօ­նին՝ 28 ­Հոկ­տեմ­բե­րի ա­ռի­թով կազ­մա­կեր­պո­ւած ա­շա­կեր­տա­կան տո­ղանցք­նե­րուն ­Նէա Զ­միռ­նիի եւ ­Նի­քէա­յի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա­թէն­քի եւ ­Գո­քի­նիոյ մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ա­ւե­լի քան 150 սկաուտ­ներ, ի­րենց թմբկա­հար­նե­րու տպա­ւո­րիչ ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ, մաս­նակ­ցու­թիւն բե­րին եւ ար­ժա­նա­ցան ջերմ ըն­դու­նե­լու­թեան ու գնա­հա­տան­քին ժո­ղո­վուր­դին եւ պաշ­տօ­նա­կան անձ­նա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն կող­մէ։
­Տո­ղանց­քէն ա­ռաջ, ­Գո­քի­նիոյ եւ ­Նէոս ­Գոզ­մո­սի հայ հա­մայնք­նե­րու ա­նու­նով պաշ­տօ­նա­կան ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն ներ­կայ ե­ղան շրջան­նե­րու հո­գե­ւոր հո­վիւ­նե­րը եւ կա­ռոյց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, ո­րոնք դափ­նեպ­սակ­ներ զե­տե­ղե­ցին հա­յու­թեան ա­նու­նով։
­Տո­ղանցք­նե­րու ա­ւար­տին, սկաու­տա­կան կազ­մե­րը վե­րա­դար­ձան շրջան­նե­րու ա­կումբ­նե­րը, ուր տե­ղի ու­նե­ցաւ դրօ­շակ­նե­րու ա­րա­րո­ղու­թիւն։
­Հո­գե­ւոր հայ­րե­րը ի­րենց գնա­հա­տան­քի խօս­քը ու­ղե­ցին սկաուտ­նե­րուն եւ շնոր­հա­ւո­րե­ցին ա­նոնց պա­տո­ւա­բեր ներ­կա­յու­թիւ­նը տո­ղանցք­նե­րուն։
­Նոյն օ­րո­ւան կէ­սօ­րին, ­Գո­քի­նիոյ «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ խնճոյք-խրախ­ճանք, որ կազ­մա­կեր­պո­ւած էր ­Գո­քի­նիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի վար­չու­թեան կող­մէ։ ­Նո­ւա­գա­խում­բի ճով յայ­տագ­րով, խօս­քե­րով եւ վի­ճա­կա­հա­նու­թեամբ խնճոյ­քը ու­նե­ցաւ իր ակն­կա­լո­ւած յա­ջո­ղու­թիւ­նը։
­Շա­բաթ՝ 26 ­Հոկ­տեմ­բե­րին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Գո­քի­նիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի վո­լէյ պո­լի տղոց խում­բը եւ վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րը ճամ­բոր­դե­ցին Կ­րե­տէի Ի­րաք­լիօ քա­ղա­քը, մրցում ու­նե­նա­լու հա­մար հա­մա­նուն խում­բին հետ։
Մր­ցու­մէն ա­ռաջ, խում­բը այ­ցե­լեց Ի­րաք­լիո­յի հայ­կա­կան պատ­մա­կան «Ս. ­Յով­հան­նու ­Կա­րա­պետ» ե­կե­ղե­ցին, ուր խան­դա­վա­ռու­թեամբ դի­մա­ւո­րո­ւե­ցին հո­գա­բար­ձու­թեան ան­դամ­նե­րուն կող­մէ։ ­Տե­ղի ու­նե­ցաւ նո­ւէր­նե­րու փո­խա­նա­կում, Հ.Մ.Ը.Մ.ի խում­բը ե­կե­ղեց­ւոյ նո­ւի­րեց միու­թեան 100ա­մեա­կին առ­թիւ հրա­տա­րա­կո­ւած շքեղ յու­շա­մա­տեա­նը։
­Յա­ջոր­դող մրցու­մին ներ­կայ ե­ղան նաեւ Ի­րաք­լիո­յի փոք­րա­թիւ հա­մայն­քի ան­դամ­ներ, ո­րոնք ջեր­մօ­րէն քա­ջա­լե­րե­ցին խում­բի խա­ղար­կու­թիւ­նը։ Հ.Մ.Ը.Մ.ի խում­բը փայ­լուն յաղ­թա­նակ մը տա­րաւ՝ 3-1 ար­դիւն­քով։