ՎԻԳԷՆ ՄԻՆԱՍԵԱՆ

13, 20 եւ 21 ­Յու­նո­ւա­րին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Ա­թէն­քի,­Գո­քի­նիոյ եւ ­Գա­րէա­յի սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղե­րը կա­տա­րե­ցին ի­րենց տա­րե­կան ա­ւան­դա­կան գա­թա­յի կտրու­մը։ ­Ներ­կայ էին միու­թեան Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան, շրջա­նա­յին խոր­հուր­դի եւ տեղ­ւոյն վար­չու­թիւն­նե­րու ան­դամ­ներ։ ­Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղին ներ­կայ ե­ղաւ նաեւ ­Սա­րո­նի­քո­սի շրջա­նա­յին փոխ  խմբա­պետ եղբ. ­Նի­քոս Գ­րի­նոս։ ­Գա­թա­յի կտրում­նե­րը կա­տա­րեց ­Պա­րետ քհնյ. ­Խա­չե­րեան, որ մաղ­թեց յա­ջող եւ ա­ռողջ տա­րի բո­լոր ներ­կա­նե­րուն։ ­Նոյն օ­րը, Ա­թէն­քի վոհ­մա­կի կարգ մը քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ կա­տա­րե­ցին ի­րենց խոս­տու­մը եւ ստա­ցան ե­ռա­գոյն փող­կա­պը, իսկ ­Գո­քի­նիոյ խում­բի եր­կու եղ­բայր­ներ ստա­ցան ա­ռաջ­նորդ­նե­րու եր­կո­րեայ ար­շա­ւի պէ­ճը։ ­Նաեւ եղբ. Գ­րի­գոր ­Մոս­կո­ֆեան ստա­ցաւ խմբա­պե­տի աս­տի­ճան։ Եր­կու մաս­նա­ճիւ­ղե­րու գա­թա­յի բախ­տա­ւոր­նե­րը ստա­ցան նուէր­ներ։ ­Կարգ մը խմբա­պետ­ներ մաս­նակ­ցե­ցան նաեւ ­Սա­րո­նի­քո­սի ֆե­տե­րա­սիօ­նի յու­նա­կան սկաու­տա­կան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած գա­թա­յի կտրու­մին։

***

­Շա­բաթ 27 եւ ­Կի­րա­կի 28 ­Յու­նո­ւար 2024-ին, ­Գա­րէա­յի «Ա­զա­տա­մարտ» ա­կում­բէն ներս տե­ղի ու­նե­ցաւ միջ­վոհ­մա­կա­յին (գայ­լիկ-ար­ծուիկ­նե­րու) գի­շե­րում, ուր մաս­նակ­ցե­ցան 30 քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ։ Իսկ 10 եւ 11 ­Փետրուա­րի, նոյն վայ­րին մէջ, կա­տա­րո­ւե­ցաւ միջխմ­բա­յին (ա­րի-ա­րե­նուշ­նե­րու) գի­շե­րում, ո­րոնք 25 հո­գիով մաս­նակ­ցե­ցան ե­րեք մաս­նա­ճիւ­ղե­րէն։ ­Գի­շե­րում­նե­րու ըն­թաց­քին մաս­նակ­ցող­նե­րը ստա­ցան սկաու­տա­կան եւ այլ գի­տե­լիք­ներ։ Աշ­խուժ, խան­դա­ւար եւ ար­դիւ­նա­բեր գի­շե­րում­նե­րէն ետք, փոք­րիկ­նե­րը վե­րա­դար­ձան՝ ան­համ­բեր սպա­սե­լով յա­ջորդ ար­շա­ւին։

***

­Շա­բաթ 27 եւ ­Կի­րա­կի 28 ­Յու­նո­ւա­րին, Հ.Մ.Ը.Մ.֊ի Շր­ջա­նա­յին վար­չու­թեան եւ Շր­ջա­նա­յին սկաու­տա­կան խոր­հուր­դի ան­դամ­ներ, ինչ­պէս նաեւ Շր­ջա­նա­յին խմբա­պե­տու­հին, ներ­կայ գտնո­ւե­ցան ­Թե­սա­ղո­նի­կէի մէջ յու­նա­կան սկաու­տա­կան ֆե­տե­րա­սիո­նին (Σ.Ε.Π.) կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած հիմ­նադ­րու­թեան 110-ա­մեա­կի տա­րե­դար­ձին եւ ա­ւան­դա­կան ա­մա­նո­րեայ գա­թա­յի կտրու­մին։

***

­Շա­բաթ 27 ­Յու­նո­ւա­րի, ե­րե­կո­յեան, ­Զա­ւա­րեան կեդ­րո­նի «­Վա­հան եւ ­Տի­րու­հի ­Տէր ­Յով­սէ­փեան» մար­զա­դաշ­տին մէջ, տե­ղի ու­նե­ցաւ, ­Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան խոր­հուր­դին կող­մէ կազ­մա­կեր­պուած նախ­նա­կան օգ­նու­թեան դաս­տիա­րակ­չա­կան դա­սա­խօ­սու­թիւն, որ ներ­կա­յա­ցուց ­Յու­նաս­տա­նի ­Կար­միր ­Խա­չի նախ­նա­կան օգ­նու­թեան պա­տաս­խա­նա­տու ­Մա­նոս Ա­բոս­թո­լո­փու­լոս։

***

­Չո­րեք­շաբ­թի 7 ­Փետ­րո­ւա­րին, ­Զա­ւա­րեան կեդրո­նի «­Վա­հան եւ ­Տի­րու­հի ­Տէր ­Յով­սէ­փեան» մար­զա­դաշ­տին մէջ, ­Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղի խմբա­պետ եղբ. ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեան, պա­տո­ւոյ յու­շա­տախ­տա­կով մը պար­գե­ւատ­րո­ւե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Գո­գի­նիոյ մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան կող­մէ,  առ ի գնա­հա­տանք Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կեդրո­նա­կան ­Վար­չու­թեան «ԱՐԱՐԱՏԵԱՆ ԿԱՐԳ»-ի ար­ժա­նաց­ման։ Եղբ. ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեան սկսած է նաեւ հե­տե­ւի, սկաու­տա­կան հա­մաշ­խար­հա­յին բարձ­րա­գոյն գի­տե­լիք­նե­րու (wood badge) դասն­թացք­նե­րուն, ո­րոնք պի­տի ա­ւար­տէ Օ­գոս­տո­սին։