Այս տարի եւս, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային սկաուտական խորհուրդին, կազմակերպուեցաւ սկաուտական տարեկան բանակումը՝ 5էն մինչեւ 11 Օգոստոս 2019, Սունիոյի յունական սկաուտական ֆետերասիոնի բանակավայրէն ներս, մասնակցութեամբ Աթէնքի եւ Գոքինիոյ մասնաճիւղերու գայլիկներու, սկաուտներու եւ երէցներու։
Անոնց ընկերակցեցան խմբապետական կազմի աստիճանաւորները եւ երկու մասնաճիւղերու խորհուրդներու անդամները։ Ընդհանուր թիւն էր՝ 71 մասնակցնողներ։
Բանակումի 7օրեայ տեւողութեան, մասնակցող պատանիները հետեւեցան ճոխ դաստիարակչական եւ ընկերային յայտագրի մը, որ կը պարունակէր սկաուտական գիտելիքներու բաժին, հետազօտական զբաղումներ, հրշէջ միջոցներու ներկայացում, հայկական նիւթերու դասախօսական շարք, սկաուտական խաղեր, ծովու լոգանք, հայկական երգերով եւ պարերով երեկոյեան ընկերային կեանքեր։
Բանակումի ընթացքին, ճաշերու պատրաստութիւնը ստանձնեցին խորհուրդներու անդամները, որոնք ճիք չխնայեցին լաւ պատրաստուած եւ համեղ ճաշեր հրամցնելու բանակողներուն, գոհ ձգելով բոլորին՝ ճոխ ճաշացանկով մը։
Բանակումի փակման հանդիսութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ՝ 10 Օգոստոսի երեկոյեան, ներկայութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային վարչութեան անդամներու եւ մեծ թիւով ծնողներու եւ այցելուներու։
Դրօշակներու արարողութենէն ետք, ներկաները եւ սկաուտները հաւաքուեցան խարոյկի վայրին մէջ, ուր սկաուտական խորհուրդի անունով բացումը կատարեց եղբ. Օննիկ Աւագեան, ապա հրաւիրեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջ. Վարչութեան անդամ քոյր Արշա Սամուէլեան փոխանցելու օրուայ խօսքը։ Երկու խօսողներն ալ անդրադարձան Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական գործունէութեան եւ նշեցին բանակումներու կարեւորութիւնը, որոնց միջոցով հայ պատանիները կը ստանան սկաուտական եւ ազգային դաստիարակութիւն։ Առաւել, անոնք կը վարժուին չարքաշ կեանքի մը բնութեան մէջ, ինչպէս նաեւ հայկական երգերու եւ պարերու միջոցով, փոքր տարիքէն կը զարգացնեն իրենց մշակութային հետաքրքրութիւնները։
Անոնք, նաեւ նշեցին թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական միջավայրը կը հանդիսանայ այն կարեւոր գործօնը, որուն մէջէն նոր սերունդը մուտք կը գործէ միութենական աշխարհէն ներս եւ կը կապուի հաւաքական կեանքին։
Յաջորդաբար, ծայր առաւ խնամուած գեղարուեստական յայտագիր մը, ճոխացած երգերով, արտասանութիւններով եւ խօսքերով։ Բոլոր սկաուտները խանդավառ ձեւերով ներկայացուցին իրենց բաժինները, իսկ օրուայ հանդիսավարներ՝ խմբապետներ Վիգէն Մինասեան եւ Եղիշէ Շահպազեան սրամիտ ու զաւեշտախառն արտայայտութիւններով ստեղծեցին ջերմ մթնոլորտ մը։
Այս տարուան բանակումը եւս հասաւ իր նպատակին եւ ունեցաւ ակնկալուած յաջողութիւնը։ Տարեշրջանի մը սկաուտական գործունէութիւնը ամբողջացաւ բանակումի ընթացքին եւ գոհացուց թէ՛ մասնակցող պատանիները, թէ՛ անոնց ծնողները։
Այժմ, նոր տարեշրջանի սկզբնաւորութեան սեմին, արդէն մեր փոքրիկները, լեցուած բանակումի գեղեցիկ օրերու յիշողութեամբ, անհամբեր կը սպասեն սկաուտական գործունէութեան վերամուտին ակումբներէն ներս։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական բանակումը Սունիոյի մէջ
Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական բանակումը Սունիոյի մէջ