Երկուշաբթի 1 Օգոստոսին, իր դռները բացաւ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաուտական բանակումը, Այիա Մարինայի յունական սկաուտական ֆետերասիոնի բանակավայրէն ներս։
Անցնող երկու տարիներուն, համավարակի եւ հրդեհներուն պատճառով, կարելի չեղաւ իրագործել բանակումներ, սակայն այս տարի 75 սկաուտներ եւ աստիճանաւորներ դարձեալ մէկտեղուած են, իրագործելու համար իրենց տարեկան ծրագիրը։ Անոնց կողքին են նաեւ Սկաուտական շրջանային խորհուրդի եւ ծնողական կազմերու անդամները, որոնք կը հոգան բանակողներու առօրեայ կարիքները եւ բանակումի յառակից աշխատանքները։
Մէկ շաբթուան տեւողութեամբ, բանակումի յայտագիրը կ՚ընդգրկէ սկաուտական խաղեր եւ գործունէութիւն, գիտելիքներու զարգացում, ծովու լոգանքներ, ինչպէս նաեւ ընկերային ժամեր։
Շաբաթ, 6 Օգոստոսին, երեկոյեան ժամը 5-էն սկսեալ, բանակավայրը պիտի ընդունի ծնողներու եւ փափաքողներու այցելութիւնը, այն պայմանով, որ բոլորը պէտք է ապահոված ըլլած նոյն կամ նախորդ օրուան թագավարակի «rapid test» մը։
Նոյն երեկոյեան, տեղի պիտի ունենայ աւանդական խարոյկահանդէսը, ուր սկաուտները պիտի ներկայացնեն իրենց կողմէ պատրաստուած սկաուտական եւ մշակութային յայտագիր մը։