­Յու­նա­հայ գա­ղու­թը այս տա­րի եւս ո­գե­կո­չա­կան յա­տուկ ձեռ­նարկ­նե­րով պա­տո­ւեց յի­շա­տա­կը ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան սուրբ զո­հե­րուն:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րը, լրիւ կազ­մով եւ ինչ­պէս միշտ պար­տա­ճա­նա­չու­թեան բարձր ո­գիով, ի­րենց աշ­խոյժ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին բո­լոր ձեռ­նարկ­նե­րուն: ­Կի­րա­կի՝ Ապ­րիլ 23ի ա­ռա­ւօ­տեան, Ա­թէն­քի կեդ­րո­նա­կան թա­տե­րաս­րահ­նե­րէն «­Բալ­լաս»ի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ քա­ղա­քա­կան ձեռ­նար­կը: Ա­նոր ա­ւար­տին Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաու­տա­կան Ա­թէն­քի եւ ­Գո­քի­նիոյ լրիւ կազ­մե­րը ի­րենց դրօ­շա­կիր­նե­րով տո­ղան­ցե­ցին եւ ու­ղե­ւո­րե­ցին ժո­ղովր­դա­յին քայ­լար­շա­ւը դէ­պի ­Սին­տաղ­մա հրա­պա­րակն ու Ան­ծա­նօթ ­Զի­նո­ւո­րի դամ­բա­նը:
Այն­տեղ սկաու­տա­կան կազ­մե­րը ի­րենց պա­տո­ւոյ տուր­քը մա­տու­ցե­ցին դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տեղ­ման ըն­թաց­քին: Ա­նոնք տպա­ւո­րիչ ու­ժով եւ կար­գա­պա­հու­թեամբ կանգ­նե­ցան յու­նա­կան նա­ւա­տոր­մի սպա­նե­րուն դի­մաց խրոխտ ու ան­վե­հեր, ան­գամ մը եւս հմա­յե­լով բո­լոր ներ­կա­նե­րը:
Ապ­րիլ 24ին տե­ղի ու­նե­ցաւ գո­հա­բա­նա­կան ա­ղօթք ու դափ­նեպ­սակ­նե­րու զե­տե­ղում ­Նէա Զ­միռ­նիի մէջ գտնո­ւող ­Հա­յոց ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան ձօ­նո­ւած յու­շար­ձա­նին առ­ջեւ: Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ս­կաու­տա­կան ­Մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ա­ռաջ­նորդ­նե­րէն ու փոխ-ա­ռաջ­նորդ­նե­րէն բաղ­կա­ցած պա­տո­ւոյ պա­տո­ւիր­կու­թիւնն ու դրօ­շա­կիր­նե­րը դի­մա­ւո­րե­ցին պա­տո­ւոյ հիւ­րե­րը եւ ա­րա­րո­ղու­թեանց մաս կազ­մե­ցին: ­Ներ­կայ էր նաեւ ­Յու­նա­կան Ս­կաու­տա­կան ­Կազ­մա­կեր­պու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցի­չը:
­Վարձ­քը կա­տար բո­լոր քոյ­րե­րուն ու եղ­բայր­նե­րուն, ո­րոնք ան­խոնջ աշ­խա­տան­քով կու գան մի՛շտ բո­լո­րին ա­պա­ցու­ցե­լու, թէ թուրք ցե­ղաս­պա­նը ձա­խո­ղած է: ­Մենք կանք, պի­տի լի­նենք ու դեռ շա­տա­նանք:

­Բարձ­րա­ցիր ­Բարձ­րա­ցուր՝
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին
Ս­կաու­տա­կան ­Խոր­հուրդ եւ Խմ­բա­պե­տու­թիւն