Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաու­տա­կան 2016-2017 տա­րեշր­ջա­նը իր ա­ւար­տին հա­սաւ ա­մառ­նա­յին բա­նա­կու­մի կազ­մա­կեր­պու­մով, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ 1-5 ­Յու­լիս 2017ին, ­Սու­նիօ շրջա­նի սկաու­տա­կան բա­նա­կա­վայ­րէն ներս։
­Բա­նա­կու­մին ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին 60 քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ՝ գայ­լիկ­ներ, ա­րի-ա­րե­նուշ­ներ եւ աս­տի­ճա­նա­ւո­րա­կան կազմ։
­Բա­նա­կող­նե­րու դաս­տիա­րակ­չա­կան շար­քը, որ ի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ՝ շա­րու­նա­կու­թիւնն էր սկաուտ­նե­րու այս տա­րեշր­ջա­նի դաս­տիա­րակ­չա­կան շար­քին, որ ամ­բող­ջա­ցաւ այս 5 օ­րո­ւան ըն­թաց­քին։
Խա­ղե­րով, եր­գե­րով եւ ան­սահ­ման ման­կա­կան ե­րե­ւա­կա­յու­թեամբ ան­ցան այս հինգ օ­րե­րը, ո­րոնք վստա­հա­բար ան­մո­ռա­նա­լի պի­տի մնան քոյ­րե­րու եւ եղ­բար­նե­րու մտքին եւ սրտին մէջ, ինչ­պէս որ բո­լորս շատ լաւ գի­տենք մեր անձ­նա­կան փոր­ձա­ռու­թե­նէն։
­Բա­նա­կու­մի յա­ջող կազ­մա­կերպ­ման եւ ի­րա­գործ­ման աշ­խա­տան­քը կը պար­տինք բա­նա­կու­մի կազ­մա­կեր­պիչ յանձ­նա­խում­բին, ինչ­պէս նաեւ՝ գայ­լիկ­նե­րու եւ սկաուտ­նե­րու ճիւ­ղե­րու խմբա­պետ­նե­րուն եւ ­Ֆիք­սի ու ­Գո­քի­նիոյ Ս­կա­տո­ւա­կան ­Խոր­հուրդ­նե­րուն, ո­րոնք սի­րա­յօ­ժա­րօ­րէն տրա­մադ­րո­ւե­ցան՝ ան­տե­սե­լով բա­նա­կու­մի դժո­ւար պայ­ման­նե­րը ու ի­րենց կա­րե­լին ը­րին՝ ի սպաս ամ­բողջ սկաու­տա­կան մեր շար­ժու­մի յա­ջո­ղու­թեան։
2017-2018 տա­րեշր­ջա­նի ­Սեպ­տեմ­բե­րին, դար­ձեալ նոր ու­ժե­րով պի­տի հան­դի­պինք, շա­րու­նա­կե­լու հա­մար մեր գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։
­Բա­րի հան­գիստ եւ բա­րի ա­մառ։

Բարձ­րա­ցիր-բարձ­րա­ցուր
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին Ս­կաու­տա­կան ­Խոր­հուրդ եւ Խմ­բա­պե­տու­թիւն