Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի եւ Գոքինիոյ սկաուտական մեր մասնաճիւղները, ինչպէս ամէն տարի, յունաց ազգային տօնի՝ Մարտ 25ի օրուան տօնակատարութեանց իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը բերին: Անգամ մը եւս մեր քոյրերն ու եղբայրները հայութեան պատգամաւորները հանդիսանացան յոյն ժողովուրդի նորագոյն պատմութեան ամենապանծալի էջերէն մէկուն՝ բռնակալ Օսմանեան Կայսրութեան դէմ Յեղափոխութեան նշումին:
Աթէնքի եւ Գոքինիոյ մասնաճիւղները մասնակցեցան իրենց շրջաններու տողանցքներուն, իւրաքանչիւրը՝ 75 անդամներով եւ տասներկուքական անդամով թմբկահարներու խումբերով, շքեղ ու տպաւորիչ ներկայութիւն մը հանդիսանալով աշակերտական եւ սկաուտական շարքերուն մէջ: Յոյն սկաուտներու ներկայացուցիչներուն կողքին, պաշտօնական հիւրերու շարքին, կանգնած էին Նէա Զմիռնիի մէջ եղբայր Արիս Գարճեան, իսկ Գոքինիոյ մէջ՝ քոյր Սիլվա Եզեկիէլեան: Յունական դրօշին կողքին, հայկական եռագոյնն ալ պարզուեցաւ ու ծածանեց հպարտօրէն:
Յիշեցնենք, թէ վերջին քանի մը տարիները, երկու մասնաճիւղները փոխան դափնեպսակի նուիրատուութիւն կը կատարեն «Քիվոթոս թու Գոզմու» բարեսիրական հաստատութեան:
Ըստ աւանդութեան՝ տողանցքէն ետք, կազմերը վերադառնալով ակումբները, դիմաւորորուեցան բազմաթիւ հայրենակիցներու կողմէ: Ներկայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շրջանային եւ տեղւոյն Վարչութեանց ներկայացուցիչներ, տեղւոյն Թաղային Խորհուրդներու ներկայացուցիչներ, քոյր միութիւններու եւ Կոմիտէներու ներկայացուցիչներ: Կատարուեցան տեղեկատուութիւններ եւ աստիճաններու բարձրացումներ:
Ֆիքսի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ արիներու խոստման արարողութիւն, իսկ Գոքինիոյ մէջ տեղի ունեցաւ փոխ-խմբապետի աստիճանի տուչութիւն քոյր Ռեկինա Միքայէլեանին եւ եղբայր Թորոս Գոճաշեանին: Գոքինիոյ մէջ, շրջանի հոգեւոր հովիւ Պարէտ Քհնյ. Խաչերեան իր հայրական խօսքը ուղղեց մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն.
— Մենք զաւակներն ենք ա՛յն ժողովուրդին, որ իր մարմնին ու հոգիին վրայ դաժանօրէն կրած է բարբարոսութիւնը Օսմանեան լուծին: Եւ այդ իսկ առումով, յոյն ժոովուրդի պայքարը բռնակալութեան դէմ, անոր կենաց-մահու հերոսական մարտը չենք կրնար չհամեմատել մե՛ր գոյամարտին ու մեր զոհողութիւններուն հետ: Ուստի՝ մի՛շտ կը յիշենք ու կը պատուենք բոլոր անոնք, որոնք «Ազատութիւն կամ մահ» գոչելով նետուեցան բոցին մէջ, որպէսզի մենք Ազատութիւնը վայելենք:
Բարձրացի՛ր — Բարձրացո՛ւր
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդ