Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի եւ Գոքինիոյ սկաուտական մասնաճիւղները, ինչպէս ամէն տարի, յունաց ազգային տօնի՝ Հոկտեմբեր 28ի «Ոչ»ի օրուան տօնակատարութեանց իրենց աշխոյժ մասնակցութիւնը բերին, անգամ մը եւս հայութեան պատգամաբերները հանդիսանալով բռնակալութեան դէմ յոյն ժողովուրդի հզօրագոյն պայքարի նշումին:
Աթէնքի մասնաճիւղը մասնակցեցաւ Նէա Զմիռնիի տողանցքին՝ 68 անդամներով: Յոյն սկաուտներու ներկայացուցիչին կողքին, պաշտօնական հիւրերու շարքին կանգնած էր եղբայր Օննիկ Աւագեան: Գոքինիոյ մէջ, Նիքէա եւ Ռենտիի շրջաններու բոլոր սկաուտական կազմերու կողմէ՝ յոյն եւ հայ, Օսիա Քսենիի հրապարակին վրայ գտնուող նահատակաց յուշարձանին առջեւ, յարգանքի տուրք մատուցեց եղբայր Պետրոս Միքայէլեան: Յունական դրօշին կողքին, հայկական եռագոյնն ալ պարզուեցաւ: Տողանցքին մասնակցեցան 73 անդամներ: Վերջին տարիներուն, դափնեպսակի փոխարէն, երկու մասնաճիւղներուն կողմէ նուիրատուութիւն կը կատարուի «Քիվոթոս թու Գոզմու» բարեսիրական հաստատութեան:
Ըստ աւանդութեան՝ տողանցքէն ետք, կազմերը վերադառնալով ակումբները, դիմաւորորուեցան բազմաթիւ հայրենակիցներու կողմէ, Հ.Մ.Ը.Մի Շրջանային եւ տեղւոյն վարչութեանց ներկայացուցիչներու, տեղւոյն Թաղային Խորհուրդներու ներկայացուցիչներու, քոյր միութիւններու եւ Կոմիտէներու ներկայացուցիչներու կողմէ: Կարդացուեցան շրջաբերականներ, կատարուեցան տեղեկատուութիւններ եւ աստիճաններու բարձրացումներ: Եղբայր Եղիշէ Շահպազեան ստանձնեց Աթէնքի մասնաճիւղի խմբապետութիւնը, իսկ եղբայր Օնիիկ Աւագեան՝ Շրջանային խմբապետի պաշտօնը: Ներկայ էին նաեւ հոգեւոր հայրերը՝ Պարետ Քհնյ. Խաչերեան՝ Գոքինիա եւ Նարեկ Քհնյ. Շահինեան՝ Նէոս Գոզմոս, որոնք իրենց հայրական խօսքը ուղղեցին մեր քոյրերուն ու եղբայրներուն:
Մեր երկու մասնաճիւղներուն — Աթէնքի եւ Գոքինիոյ — նուագախումբով հանդէս գալը մեծ հպարտութիւն եւ հրճուանք պատճառող երեւոյթ մըն էր։ Նուագախումբին չորս տարուան բացակայութիւնը զգալի՛ էր. իսկ այժմ մեր թափն ու եռանդը կը բազմապատկուին, շնորհիւ մեր նուագախումբին։ Այսուհետեւ՝ մեր բոլո՛ր աշխատանքները առաւել կշռոյթ եւ խանդավառութիւն կ’ունենան, շնորհիւ մեր նուագախումբին։
Այո՛, մենք բոլորս մէ՛կ խումբ ենք, եւ մեզ առաջնորդողը խմբային ոգի՛ն է։ Սակայն, հարկ կը զգանք յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելու այս երկարաշունչ ու պահանջկոտ աշխատանքին ետին գտնուող, նոր անդամներ մէկ առ մէկ ի մի՛ բերող ու անվերապահօրէն նուիրուած մեր եղբօր՝ Խաչիկ Սափրիչեանին եւ նոյնպէս անդուլ եւ նուիրումով աշխատող մեր խմբավարներուն՝ եղբայրներ Ադամ Չալըքեանին եւ Գէորգ Աւագեանին։
Մեր նուագախումբին վերակազմութիւնը եւ աշխոյժ գործունէութիւնը մեզի համար պարտականութեան խորին գիտակցումի դրսեւորումն է։ Յարատեւման եւ ծաղկումի պարտականութիւնը, զոր ժառանգեցինք մեր աւագ քոյրերէն ու եղբայրներէն, կը փոխանցե՛նք մեր կրտսերներուն։
Բարձրացի՛ր, Բարձրացո՛ւր
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Սկաուտական Խորհուրդ