Ուր­բաթ՝ 22 ­Փետ­րո­ւար 2018ի կէ­սօ­րո­ւան ժա­մը 1ին, ­Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի ա­ռաջ­նորդ ­Գե­ղամ Արք. ­Խա­չե­րեան, ա­ռաջ­նոր­դա­կան ընտ­րու­թեան առ­թիւ, ըն­դու­նեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան շնոր­հա­ւո­րա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը Ա­թէն­քի Ազ­գա­յին Ա­ռաջ­նոր­դա­րա­նէն ներս։ Այ­ցե­լու­թեան ներ­կայ էր նաեւ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան։ Ա­ռաջ­նորդ Սր­բա­զա­նը՝ շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նե­լով այ­ցե­լու­թեան հա­մար, կա­րե­ւո­րու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ այս տա­րի իր հիմ­նադ­րու­թեան 100ա­մեա­կը բո­լո­րող Հ.Մ.Ը.Մ.ի այն ներդ­րու­մին, որ սփիւռ­քի տա­րած­քին հող­մաց­րիւ հա­յու­թեան գա­ղութ­նե­րու նոր սե­րունդ­նե­րուն հայ­կա­կան շունչ ու ո­գի նե­րար­կե­լու ա­ռա­քե­լու­թեամբ՝ դար մը ամ­բողջ հայ­կա­կան գա­ղութ­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման ու կեն­սու­նա­կու­թեան հա­մար ան­սա­կարկ ծա­ռա­յու­թեան ո­րա­կա­ւոր փա­ղանգ­ներ եւ հսկայ նո­ւիր­ման հրա­թեւ տոր­միղ­ներ պատ­րաս­տեց։
Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ պրն. ­Սեր­գօ Ա­ղա­պա­տեան անդ­րա­դար­ձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան սկաու­տա­կան եւ մար­զա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն։ Ազ­գա­յին ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ եւ եր­կա­րա­մեայ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան եղ­բայր ու նախ­կին սկաու­տա­պետ ­Պօ­ղոս ­Չո­լա­քեան յայտ­նեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ. նոր սե­րուն­դի միու­թե­նա­կան կեան­քի կազ­մա­ւոր­ման եւ գոր­ծու­նէու­թեան ա­ռա­ջին սան­դուխն է։ Ակ­նար­կե­լով Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ա­մեա­կին՝ մեծ յոյս յայտ­նեց, որ ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը մե­ծա­շուք եւ ար­ժա­նա­վա­յել կեր­պով պի­տի նշէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի փա­ռա­պանծ յո­բե­լեա­նը։