Չորեքշաբթի՝ 11 Յուլիս 2018ի առաւօտեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի նորըտիր Շրջանային Վարչութիւնը պաշտօնական այցելութիւն տուաւ Յունաստանի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեանի Ազգային Առաջնորդարանէն ներս։ Այցելութեան ներկայ էր նաեւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան։ Նորընտիր Շրջանային Վարչութեան ատենապետ՝ եղբ. Յակոբ Եթիմեան շնորհակալութիւն յայտնելէ ետք ընդունելութեան համար, ներկայացուց Շրջանային Վարչութեան նոր անդամները եւ ապա ընդհանուր գիծերու մէջ անդրադարձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի գործունէութեան եւ Շրջանային Վարչութեան յառաջիկայի ծրագիրներու մասին` ի մասնաւորի Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ամեակի յոբելինական զոյգ առիթներու առնչութեամբ։
Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան՝ ըլլալով Հ.Մ.Ը.Մ.ի երաշխատաշատ Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայր եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի նախկին երկարամեայ սկաուտապետ, պատմական ակնարկով մը նշեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի յիշատակարժան իրագործումները։
Առաջնորդ Սրբազան Հայրը իր ուրախութիւնը եւ շնորհակալութիւնը յայտնեց նորընտիր Շրջանային Վարչութեան այս պաշտօնական այցելութեան համար, եւ շեշտեց ըսելով, որ որքան որ թեմակալ Առաջնորդ Սրբազանին հանգամանքը կը թելադրէ Թեմէն ներս գործող միութիւններու Շրջանային վարչութեանց նման պաշտօնական այցելութիւններ, այնքան ալ փոխադարձ պատասխանատուութիւնը կը շեշտէ թեմակալ Առաջնորդին հովանաւորելու, մօտէն հետեւելու, քաջալերերու եւ աջակցելու միութիւններու գործունէութեանց, գաղութէն ներս հայկական կեանքի կենսունակութեան ի խնդիր։ Յաջողութիւն մաղթելով նորընտիր Շրջանային վարչութեան, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը անգամ մը եւս վստահեցուց, որ Ազգային Առաջնորդարանը քաջալեր եւ աջակից է, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը շարունակէ իր պատմակերտ 100ամեակով հարուստ ազգանուէր առաքելութիւնը։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին
Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին
Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը այցելեց Առաջնորդ Սրբազանին