Ինչ­պէս ար­դէն յայ­տա­րա­րո­ւած էր «Ա­զատ Օր» օ­րա­թեր­թի եւ հա­մա­ցան­ցի մի­ջո­ցով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի սկաու­տա­կան միջ­մաս­նա­ճիւ­ղա­յին բա­նա­կու­մը, որ պի­տի մեկ­նար­կէր Ա­յիոս Անտ­րեա­սի սկաու­տա­կան բա­նա­կա­վայ­րէն ներս՝ 9էն-13 Օ­գոս­տոս 2021-ին, չի­րա­գոր­ծո­ւե­ցաւ, ո­րով­հե­տեւ Օ­գոս­տո­սի սկիզ­բը պա­տա­հած Ա­տի­կէի մեծ հրդեհ­նե­րուն պատ­ճա­ռով բո­լոր ան­տա­ռա­յին բա­նա­կա­վայ­րե­րը՝ պե­տա­կան ո­րո­շու­մով փակ մնա­ցին ա­պա­հո­վու­թեան հա­մար: Այդ բա­նա­կու­մին պի­տի մաս­նակ­ցէին վոհ­մա­կի (գայ­լիկ-ար­ծո­ւիկ) եւ խում­բի (ա­րի-ա­րե­նուշ) քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տու խմբա­պետ­նե­րուն հետ:
Այ­սու­հան­դերձ, փա­ղան­գի ( ե­րեց- պար­մա­նու­հի­ներ) քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը յա­ջո­ղե­ցան եւ ի­րա­գոր­ծե­ցին ի­րենց բա­նա­կու­մը՝ 30 ­Յու­լի­սէն մին­չեւ 2 Օ­գոս­տոս, ­Քե­րա­թէա­յի մէջ:
­Բա­նա­կու­մի ա­ռա­ջին օ­րը, Ուր­բաթ՝ 30 ­Յու­լի­սի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 7-ին «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նէն եւ ժա­մը 7:30-ին ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բէն, 11 քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ ի­րենց պա­տաս­խա­նա­տու խմբա­պետ­նե­րուն՝ եղբ. ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեա­նի եւ քոյր ­Մա­րիամ ­Չի­նա­րեա­նի հետ մեկ­նե­ցան դէ­պի բա­նա­կա­վայր: ­Ժա­մա­նու­մէն ետք, ա­ռա­ջին հեր­թին տե­ղի ու­նե­ցաւ վայ­րի ծա­նօ­թու­թիւ­նը, ա­պա քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը լա­րե­ցին վրան­նե­րը ու պատ­րաս­տե­ցին դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թեան ցո­ղը: ­Տա­րազ­ներ հա­գո­ւե­ցան, ա­պա յու­նա­կան եւ հայ­կա­կան ո­գերգ­ներն ու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի քայ­լեր­գը եր­գե­լով բարձ­րա­ցու­ցին ե­րեք դրօ­շակ­նե­րը: ­Յա­ջոր­դեց տե­րու­նա­կան ա­ղօթ­քը: Եղբ. ­Վի­գէն բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց բո­լո­րին եւ յայ­տա­րա­րեց բա­նա­կու­մի բա­ցու­մը:
­Յայ­տա­գի­րի ա­ռա­ջին օ­րը, բա­նա­կող­նե­րը պատ­րաս­տե­ցին փայ­տէ մեծ ծաղ­կա­ման մը: ­Քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը խմբա­պետ­նե­րու հսկո­ղու­թեամբ փայ­տե­րը սղե­ցին, շփե­ցին, կա­պե­ցին ա­պա ներ­կե­ցին՝ կազ­մե­լով տպա­ւո­րիչ ծաղ­կա­մա­նը, որ ար­դէն նո­ւի­րե­ցին «­Զա­ւա­րեան» կեդ­րո­նի խոր­հուր­դին, որ­պէս­զի տե­ղադ­րո­ւի շէն­քի բա­կին մէջ եւ ծա­ղիկ­նե­րով զար­դա­րո­ւի: ­Կե­սօ­րո­ւան ճա­շէն ու դա­դա­րէն ետք, բո­լո­րը մեկ­նե­ցան դէ­պի ­Լաւ­րիո­յի հրա­պա­րակն ու նա­ւա­հան­գիս­տը՝ ե­րե­կո­յեան շրջա­գա­յու­թեան հա­մար:
Երկ­րորդ օ­րը խմբա­պե­տու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պած էր ընդ­ծո­վեայ սու­զու­մի յայ­տա­գիր մը: Ար­հես­տա­վարժ ­Մա­նոս Ա­փոս­թո­լո­բու­լո­սի ու իր խմբա­կի կող­մէ՝ ծո­վի մէջ սու­զու­մի մա­սին կարգ մը անհ­րա­ժեշտ ուղ­ղու­թիւ­ներ ստա­նա­լէ ետք, յա­ջոր­դեց գործ­նա­կան բա­ժի­նը: ­Մեր բա­նա­կող­նե­րը հա­գո­ւե­ցան յա­տուկ տա­րազ­ներ եւ քա­ռան­դամ խմբակ­նե­րով մտան ծո­վուն մէջ: Իս­կա­պէս, բո­լո­րը տպա­ւո­րո­ւե­ցան այս իւ­րա­յա­տուկ փոր­ձա­ռու­թե­նէն: ­Վեր­ջա­ւո­րու­թեան, խմբա­պե­տու­թիւ­նը պա­տաս­խա­նա­տու դաս­տիա­րա­կի­չին նո­ւի­րեց ե­ռա­գոյն փող­կապ մը իբ­րեւ շնոր­հա­կա­լու­թեան ար­տա­յայ­տու­թիւն իր խմբա­կին կող­մէ մե­զի հրամ­ցո­ւած այս գե­ղե­ցիկ ա­ռի­թին հա­մար: ­Դէ­պի բա­նա­կա­վայր վե­րա­դար­ձին, տե­ղի ու­նե­ցաւ այ­ցե­լու­թիւն ­Լաւ­րիո­յի ­Քա­մա­րի­զա շրջա­նի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը, ուր կը գտնո­ւին պատ­մա­կան 6 գե­րեզ­ման­ներ, ո­րոնք կը պատ­կա­նին ան­ցեա­լին ­Լաւ­րիո­յի մե­տա­ղա­գոր­ծա­րա­նի մէջ աշ­խա­տած հա­յե­րու: ­Շի­րիմ­նե­րուն վրայ խունկ վա­րե­լով եւ եր­գե­լով տե­րու­նա­կան ա­ղօթ­քը, սկաուտ­նե­րը կա­տա­րե­ցին փոքր ա­րա­րո­ղու­թիւն մը յար­գե­լու հա­մար հան­գու­ցեալ հայ­րե­նա­կից­նե­րուն յի­շա­տա­կը։ Եր­րորդ օ­րը ըն­թա­ցաւ ծո­վագ­նա­ցու­թեամբ։
Ա­մէ­նօ­րեայ յայ­տա­գի­րին մէջ ի­րենց յա­տուկ կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը ու­նէին նաեւ խա­ղե­րը, գի­շե­րո­ւան խա­րոյկ­նե­րը, եր­գե­րը եւ սկաու­տա­կան գի­տե­լիք­նե­րու դա­սըն­թացք­նե­րը: ­Հո­ղին մէջ փոս բա­նա­լով ճաշ պատ­րաս­տե­ցին, նաեւ գի­շե­րո­ւան քայ­լար­շաւ ը­րին, ո­րու ըն­թաց­քին ա­ռի­թը ու­նե­ցան աստ­ղե­րու տո­ւած ուղ­ղու­թեան հե­տե­ւիլ: Վս­տա­հա­բար, բո­լոր քոյ­րերն ու եղ­բայր­նե­րը խան­դա­վար 4 օ­րեր ան­ցու­ցին:
­Չոր­րորդ ու վեր­ջին օ­րը մեկ­նու­մի պա­հը հա­սաւ: ­Բա­նա­կող­նե­րը վրան­նե­րը քա­կե­ցին, բա­նա­կա­վայ­րը մաք­րե­ցին եւ դրօ­շա­կի ա­րա­րո­ղու­թե­նէն ետք վե­րա­դար­ձան Ա­թէնք, ի­րենց հետ տա­նե­լով լա­ւա­գոյն տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը:
­Հոս հարկ է շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նել բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք նպաս­տե­ցին բա­նա­կու­մի ի­րա­կա­նաց­ման՝ ­Խո­րէն ­Ցու­քա­լաս, ­Խա­չիկ ­Սափ­րի­չեան, Ար­շակ ­Գար­Ճեան, Ս­տե­փան Ն­շա­նեան, ­Մա­րիամ եւ ­Գո­հար ­Չի­նա­րեան, ­Գո­հար Ա­լէա­նա­քեան, ­Լո­ւի­զա Ա­ւա­գեան, ­Մա­նու­շակ ­Մի­նա­սեան, Ա­ղաւ­նի ­Յա­րու­թիւ­նեան, ­Տիա­նա ­Պօ­ղո­սեան, ­Լի­լիթ Ար­զու­մա­նեան։
­Մաս­նա­ւո­րա­բար, շնոր­հա­կա­լու­թիւն կը յայտ­նենք տիկ. ­Լե­նա Ե­սա­յեա­նին եւ իր զաւ­կին՝ Հ­րայ­րին, ո­րոնք սի­րա­յօ­ժար տրա­մադ­րե­ցին ի­րենց հո­ղա­մա­սը, որ­պէս­զի ի­րա­գոր­ծո­ւի փա­ղան­գի բա­նա­կու­մը:

­Բարձ­րա­ցիր- ­Բարձ­րա­ցուր
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ­Յու­նաս­տա­նի սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղի
փա­ղան­գի խմբա­պե­տու­թիւն