Այս Կիրակի, Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ, Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ը պիտի կատարէ իր ննջեցեալ անդամներու հոգեհանգստեան պաշտօնը, միաժամանակ պիտի նշէ «Հայ Սկաուտ»-ի օրը։
Յարգանքի օր մըն է, որ մարզական ու սկաուտական մեծ Միութիւնը այս անգամ կը նշէ հրապարակային կազմակերպութեամբ, հրաւիրելով իր բոլոր անդամները, ինչպէս նաեւ հայրենակիցները, իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու բոլոր անոնց յիշատակին, որոնք գործեցին ու անցան։ Եթէ պահ մը յետադարձ ակնարկ նետենք Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի պատմութեան վրայ, հասնելով մինչեւ իր հիմնադրութեան օրերը, պիտի զմայլինք այն բոլոր իրագործումներով, նուաճումներով, հայակերտ այն գործունէութեամբ, որ վերապահուած էր Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ին՝ 1923-ի իր հիմնադրութեան օրերէն, երբ առաջին սկաուտական խումբերը կրեցին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի զինանշանը, մինչեւ մեր օրերը, ուր Միութեան անունը իր հնչեղութիւնը կը շարունակէ պահել այս երկրի մարզական աշխարհէն ներս։
1923-ին, օրերը ծանր էին հայութեան համար։ Փոքր Ասիոյ աղէտի մահացու կրակը տակաւին կը մխար իւրաքանչիւր հայու սիրտին մէջ, մինչ անդին խումբ մը հայրենասէր երիտասարդներ, իրենց շուրջ կը հաւաքէին պատանի եւ երիտասարդ զանգուածները, այն հաստատ համոզումով, որ հակառակ հայութեան մէջ ստեղծուած ողբերգական շրջադարձին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը հաստատակամ պարտաւոր էր տէր կանգնիլ իր նոր առաքելութեան՝ հայկազեան ոգիի պահպանման ու յարատեւման օտար ցամաքներու վրայ։
Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ը ամէն իրաւունք ունի հպարտ զգալու իր պատմութեան համար, նոյնացած հայութեան յետզմիւռնեան ու յետկիլիկեան շրջանի մեկնարկով, որ յատկանշեց նաեւ մեր ստուար գաղութի կազմութեան ու կազմաւորման երկար պատմութիւնը։
Այս տարուան ընթացքին, յունահայութիւնը զանազան յոբելինական ծրագիրներով պիտի նշէ Փոքր Ասիոյ աղէտէն ետք գաղութային կեանքի նոր սկիզբն ու պատմական իր երթը։ Անկասկած, այս նշումներու լուսարձակները բաւական լոյս վերապահած են սփռելու Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կազմակերպութեան վրայ։
Կրնանք անվարան ըսել, որ երկու օր ետք, ծառայած ու անդարձ մեկնած Միութեան անդամներու յիշատակին կատարուելիք յարգանքի պաշտօնը, ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ համեստ խոնարհում մը պատմական դժուար երթին մէջ ծառայած իւրաքանչիւր անդամի անհատական եւ բոլորի համախումբ հայրենասիրութեան ոգիին առջեւ։ Միաժամանակ, յիշեցում մըն է Միութեան նորահաս սպասաւորներուն, թէ երթը իր աւարտին չէ հասած։
Եթէ հարիւր տարի առաջ հայութիւնը, արիւնաքամ ու կոտորուած, ազգային մեծ ողբերգութիւն մը ապրած էր, որուն համար Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կազմակերպութիւնը կու գար որպէս նոր ասպետական շարժում կեանք ու ոգի պարգեւելու հայ նոր սերունդին, կասկած չունենանք, որ այսօր եւս՝ Սփիւռքը մաշեցնող ու հիւծող տարիներուն, հայութեան ու հայրենիքին համար պատմականօրէն ճակատագրական պահերուն, Հ.Մ.Ը.Մ.-ը տէր կը կանգնի իր հիմնադիրներու առաջադրանքներուն, Արցախի ու Հայաստանի հայորդիին համար հայրենասիրութեան ներշնչումի աղբիւր կը հանդիսանայ, պարտաւոր է շարունակել տիրութիւն ընելու յունահայ պատանի ու երիտասարդ մեր սքանչելի սերունդներուն վրայ։
Կիրակի օրուան յիշատակի պաշտօնը ու «Հայ Սկաուտ»ի օրուան համեստ նշումը թող չբաւարարուի վարչական ու սկաուտական շարքերու նեղ ներկայութեամբ միայն։ Թող այս համախմբումը առիթ ստեղծէ, բոլորս միասնաբար, հաւաքական մասնակցութեամբ, վերյիշելու իւրաքանչիւրիս սկաուտական ու մարզական ծլարձակումները, անոնք, որոնք առիթը տուին յունահայ երիտասարդին, որեւէ ժամանակին, տոքորուելու հայկազեան ոգիին փայլքով, հայրենասիրութեամբ ու աննկուն կամքով, շնորհիւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի գաղափարական զօրութեան ու անոր անզուգական սպասաւորներու մեծութեան։
Հ.Մ.Ը.Մ.-ի «կամաւոր բանակ»ը տակաւին երկար ճամբայ ունի կտրելիք։