ԳՈՔԻՆԻԱ
Վոլէյ Պոլի ակադեմիա
ՏՂԱՆԵՐ
Mini (7-10 տարեկան)
Պատանիներ (14 տարեկանէն վար)
Պատանիներ (17 տարեկանէն վար)
Պատանիներ (18 տարեկանէն վար)
Երիտասարդներ (20 տարեկանէն վար)
ԱՂՋԻԿՆԵՐ
Mini (7-10 տարեկան)
Պատանիներ (16 տարեկանէն վար)
Պատանիներ (18 տարեկանէն վար)
Երիտասարդներ (20 տարեկանէն վար)
Փորձերը տեղի կ՚ունենան ամէն օր «Զաւարեան» կեդրոնի մարզդաշտին մէջ։ Ակադեմիաներու պատասխանատու՝ պ. Պապիս Ցիոքաս, հեռ. 6974936770. Բոլոր բաժինները կը մասնակցին յունական «ԷՍԲԵՏԱ«ի մրցաշարքերուն։
ԱԹԷՆՔ – ՆԷԱ ԶՄԻՌՆԻ
Լուղորդական բաժին
Կը գործեն բաժիններ 3,5 տարեկանէն վեր փոքրիկներու համար։
Նախնական, յառաջացած եւ արհեստավարժ մրցումներու լուղորդներու բաժիններուն համար կը տրամադրուին Նէա Զմիռնիի լողաւազանին մեծ ու փոքր աւազանները։ Մանրամասնութեանց համար դիմել մասնաճիւղի գրասենեակին՝ երեկոյեան ժամերուն, հեռ. 210 9370227 թիւին։
Ճատրակի բաժին
Մանկական, երիտասարդներու նախնական եւ արհեստավարժ բաժիններ: Հանդիպումները տեղի կ՚ունենան «Ա. Մանուկեան» ակումբէն ներս (Սարքուտինու 120, Նէոս Գոզմոս)։ Մանրամասնութեանց համար դիմել մասնաճիւղի գրասենեակին՝ երեկոյեան ժամերուն, հեռ. 210 9370227 թիւին։
Կողովագնդակի բաժիններ
Տղաներ եւ աղջիկներ, ծնած 2011-2012 Junior A, 2009-2010 Promini,
2007-2008 Mini.
Հանդիպումները տեղի կ՚ունենան «Ա. Մանուկեան» ակումբի Հ.Մ.Ը.Մ.ի
մարզադաշտին վրայ
(Սարքուտինու 120, Նէոս Գոզմոս։ Մանրամասնութեանց համար դիմել մասնաճիւղի գրասենեակին՝ երեկոյեան ժամերուն, հեռ. 210 9370227 թիւին։
Բոլոր բաժինները կը մասնակցին իրենց դասակարգին համապատասխան մրցումներու եւ մրցաշարքերու։ Բոլոր ակադեմիաներէն ներս կը գործեն արհեստավարժ եւ փորձառու մարզիչներ։
Սկաուտական մասնաճիւղեր
Սկաուտական մասնաճիւղերը կը գործեն Աթէնք-Նէոս Գոզմոսի եւ Գոքինիոյ մէջ։ Հանդիպումները տեղի կ՚ունենան Շաբաթ օրերը, Նէոս Գոզմոս՝ 18:45 – 20:15 եւ Գոքինիա՝ 17:15 – 18:45: Կրնան մասնակցիլ տղաներ եւ աղջիկներ, 4-7 տարեկան (Մոկլի), 8-12 տարեկան (Գայլիկներ), 13-16 տարեկան (Սկաուտ-հետազօտողներ)։
Մանրամասնութիւններու համար հեռաձայնել եղբ. Եղիշէ Շահպազեանին (Աթէնքի մասնաճիւղի խմբապետ), հեռ. 6945570337 եւ եղբ. Վիգէն Մինասեանին (Գոքինիոյ մասնաճիւղի խմբապետ), հեռ. 6942213733։