Առաջին անգամ ըլլալով՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մինչեւ 12 տարեկան երեխաներու ճատրակի խումբը կը մասնակցի Ատիկէի խմբային առաջնութեան (Ομαδικά πρωτάθλημα Αττικής): Զուիցերիական համակարգով (Ελβετικό σύστημα) ընթացող մրցաշարքը՝ 54 խումբերու մասնակցութեամբ, սկսաւ 4 Նոյեմբեր 2018ին եւ պիտի շարունակուի մինչեւ 16 Դեկտեմբեր, ամէն Կիրակի օր. ընդհանուր՝ 7 հանդիպում:
Առաջին խաղը տեղի ունեցաւ Քիփսելիի ակումբին մէջ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեր խումբը շատ յաջող ելոյթ մը ունեցաւ ընդդէմ «Խոլարղոսի» խումբին՝ տանելով իր առաջին յաղթանակը 4 – 0 հաշուով:
Երկրորդ հանդիպումը կայացաւ Կիրակի՝ 11 Նոյեմբերին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ: «Նէա Ֆիլատելֆիա» ուժեղագոյն խումբի հետ մրցելով՝ խաղը աւարտեցաւ 2 – 2՝ ոչ-ոքի հաշուով:
Մասնակիցներն են՝ Ռոզինա Տամատեան, Կարի Չիլինկիրեան, Արման Օհանեան, Ալկինոոս Մանեատակիս եւ Սոտիրիս Կոշկարեան:
Մարզիչ՝ Մարգոս Իլիադիս:
Պայքարը կը շարունակուի, յաջողութիւն կը մաղթենք մեր պատանի մասնակիցներուն:
Ընթացքի մէջ է նաեւ տարեցներու Ատիկէի առաջնութեան «Սփիրոս Բիկոս 2018» մրցաշարքը. խումբի ղեկավար՝ Սարգիս Աղապատեան, իրաւարար՝ Յակոբ Թումանեան:
ԹՂԹԱԿԻՑ