«Ազ­դակ»

Այս տա­րի Հ.Մ.Ը.Մ.ը իր հիմ­նադ­րու­թեան 100ա­մեա­կը կը նշէ տար­բեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րով եւ հան­դի­սու­թիւն­նե­րով, ո­րոնց մա­սին հան­րա­յին կար­ծի­քը ի­րա­զեկ դարձ­նե­լու նպա­տա­կով ­Հինգ­շաբ­թի, ­Մարտ 8ին, «Աղ­բա­լեան-Հ.Մ.Ը.Մ.» մար­զամ­շա­կու­թա­յին հա­մա­լի­րի «Հ­րայր ­Մա­րու­խեան» ժո­ղո­վաս­րա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը՝ մաս­նակ­ցու­թեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ ­Գառ­նիկ Մկր­տի­չեա­նի եւ ան­դամ­ներ ­Վա­չէ ­Նա­ճա­րեա­նի ու Իշ­խան Ե­ղիա­յեա­նի, նաեւ ներ­կա­յու­թեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Լի­բա­նա­նի մաս­նա­ճիւ­ղե­րու վար­չու­թիւն­նե­րուն եւ մամ­լոյ ու լսա­տե­սո­ղա­կան մի­ջոց­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու:
Մկր­տի­չեան ման­րա­մաս­նօ­րէն անդ­րա­դար­ձաւ 19-29 ­Յու­լի­սին ­Հա­յաս­տա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­նա­լիք տար­բեր նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն, ո­րոնք կը վա­յե­լեն ­Հա­յաս­տա­նի  նա­խա­գա­հու­թիւ­նը եւ ­Գա­րե­գին Բ. ու Ա­րամ Ա. կա­թո­ղի­կոս­նե­րու հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը։
100ա­մեա­կի ձեռ­նարկ­նե­րը ըն­թացք պի­տի առ­նեն ­Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան 11րդ ­բա­նա­կու­մին բա­ցու­մով՝ ­Բիւ­րա­կա­նի մէջ: ­Նոյն օ­րը, ­Բիւ­րա­կա­նի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշ­խար­հաս­փիւռ 110 մաս­նա­ճիւ­ղե­րու ա­նու­նով բա­ցու­մը պի­տի կա­տա­րո­ւի յու­շա­քան­դա­կի մը, որ կրկնօ­րի­նակն է միու­թեան 90ա­մեա­կին ա­ռի­թով ­Տէր ­Զօ­րի մէջ տե­ղադ­րո­ւած յու­շա­քան­դա­կին:
20 ­Յու­լի­սը պի­տի ըլ­լայ խորհր­դան­շա­կան օր մը, երբ 100ա­մեայ միու­թեան դրօ­շա­կը պի­տի ծա­ծա­նի ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի մէջ, ուր նաեւ պի­տի կա­տա­րո­ւի ջա­հա­վա­ռու­թիւն՝ ­Փա­րի­զէն (Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմ­նա­դիր­նե­րէն՝ Գ­րի­գոր ­Յա­կո­բեա­նի գե­րեզ­մա­նէն), ­Պո­լի­սէն (Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմ­նա­դիր­նե­րէն՝ ­Յով­հան­նէս ­Հինդ­լեա­նի գե­րեզ­մա­նէն) եւ Ան­թի­լիա­սէն (­Նա­հա­տա­կաց մա­տու­ռէն) բո­ցա­վա­ռած եւ հայ­րե­նիք հա­սած ջա­հե­րու միա­ցու­մով: Ան­կէ ետք պի­տի կա­տա­րո­ւի ծա­ռա­տունկ՝ միեւ­նոյն վայ­րե­րէն բե­րո­ւած հո­ղե­րու միա­խառ­նու­մով: Հ.Մ.Ը.Մ.ի թան­գա­րա­նին մէջ պա­հո­ւած կա­րե­ւոր եւ պատ­մա­կան ի­րեր այս ա­ռի­թով պի­տի տա­րո­ւին Ե­րե­ւան՝ ­Ցե­ղաս­պա­նու­թեան թան­գա­րան, ուր այս տա­րո­ւան ըն­թաց­քին մնա­յուն ցու­ցադ­րու­թեան պի­տի դրո­ւին:
Մկր­տի­չեան ը­սաւ, թէ 21 ­Յու­լի­սին բա­ցու­մը պի­տի կա­տա­րո­ւի Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍ­Կի կեդ­րո­նի մուտ­քին զե­տե­ղո­ւե­լիք հիմ­նա­դիր­նե­րու քան­դակ­նե­րուն: Ան­կէ ետք Ե­րե­ւա­նի փո­ղոց­նե­րը պի­տի թնդան մե­ծա­թիւ սկաուտ­նե­րու խրոխտ տո­ղանց­քով, որ իր ա­ւար­տին պի­տի հաս­նի հա­մախմբ­ման կէ­տին մէջ՝ ­Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կը, ուր պի­տի կա­տա­րո­ւի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւն:
22 ­Յու­լի­սին հա­մայն Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան­ներ ննջե­ցեալ­նե­րու եւ նա­հա­տակ միու­թե­նա­կան­նե­րու յի­շա­տա­կին հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թիւն պի­տի կա­տա­րո­ւի Ե­ռաբ­լու­րի մէջ: ­Յա­ջորդ օ­րը յա­տուկ մար­դա­տար­ներ այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն մաս­նա­կից­նե­րը պի­տի փո­խադ­րեն ­Գիւմ­րի, ուր հրա­պա­րա­կին շրջա­կայ­քը՝ ե­կե­ղեց­ւոյ կից, ­Հեղ­նար աղ­բիւ­րի կող­քին, բա­ցու­մը պի­տի կա­տա­րո­ւի ­Հայ ­Մարմ­նակր­թա­կան շար­ժու­մի ա­մէ­նէն ե­ռան­դուն եւ նո­ւի­րեալ գոր­ծիչ­նե­րէն՝ ­Գիւմ­րիի մէջ որ­բախ­նա­մու­թիւն կա­տա­րած եւ որ­բե­րէն սկաուտ­ներ պատ­րաս­տած ­Վա­հան ­Չե­րա­զի ար­ձա­նին:
24 ­Յու­լի­սին, Օ­փե­րա­յի դահ­լի­ճին մէջ մեծ շու­քով պի­տի կա­յա­նայ 100ա­մեա­կի հան­րա­յին պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­սու­թիւ­նը, իսկ 25 ­Յու­լի­սին, կա­ռա­վա­րու­թեան շէն­քին մէջ՝ գի­տա­ժո­ղով, ո­րուն պի­տի մաս­նակ­ցին ­Հա­յաս­տա­նէն եւ Ս­փիւռ­քէն դա­սա­խօս­ներ ու մաս­նա­գէտ­ներ: ­Յա­ջորդ օ­րը Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած դրոշ­մա­թուղ­թե­րու գոր­ծա­ծու­թեան մեկ­նար­կը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ, ինչ­պէս նաեւ նախ­կին խմբա­պետ­նե­րու հա­ւաք ու խա­րու­կա­հան­դէս՝ ­Բիւ­րա­կա­նի մէջ:
28 ­Յու­լի­սին ­Ծի­ծեռ­նա­կա­բեր­դի մէջ դրօ­շակ­նե­րը վար պի­տի առ­նո­ւին՝ իբ­րեւ փա­կում միու­թեան 100ա­մեա­կի նա­խա­ձեռ­նու­թիւն­նե­րուն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօ­շա­կը պի­տի յանձ­նո­ւի թան­գա­րա­նին, իսկ Ե­ռա­գոյ­նը՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ին. նոյն օ­րը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ նաեւ ­Հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան 11րդ ­բա­նա­կու­մի պաշ­տօ­նա­կան փա­կու­մը, իսկ յա­ջորդ օ­րը «­Փա­րա­ւոն» ճա­շա­րա­նին մէջ պի­տի տրո­ւի հան­րա­յին փակ­ման ճաշ­կե­րոյթ:
Ա­պա, ­Վա­չէ ­Նա­ճա­րեան ներ­կա­յա­ցուց ­Բիւ­զանդ ­Թո­րի­կեա­նի աշ­խա­տա­սի­րած Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատ­մու­թեան 4 հա­տոր­նե­րուն, ինչ­պէս նաեւ սկաու­տա­կան տար­բեր գիր­քե­րու թո­ւայ­նաց­ման յատ­կա­ցո­ւած կայ­քե­րը, որ­մէ ետք Ա­ւօ ­Մում­ջօղ­լեան տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած ի­րե­րուն յա­տուկ առ­ցանց վա­ճառ­քի կեդ­րո­նին մա­սին։
Ա­ւար­տին, ներ­կա­նե­րը դի­տե­ցին ու լսե­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ա­մեա­կին նո­ւի­րո­ւած եր­գը, ո­րուն բա­ռե­րու հե­ղի­նակն է ­Ներ­սեհ ­Լի­պա­րեան, ե­րաժշ­տա­կան յօ­րի­նու­մը կա­տա­րած է ­Վահ­րամ Էմ­միեան, իսկ մեկ­նա­բա­նու­թիւ­նը՝ ­Գառ­նիկ ­Սար­գի­սեան։