Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100ամեակին նուիրուած պաշտօնական տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ Շաբաթ՝ 17 Նոյեմբեր 2018ին, «Աննա եւ Մարիա Գալութա» թատերասրահէն ներս, կազմակերպութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան, հովանաւորութեամբ՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան, բարձր նախագահութեամբ՝ յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեանի:
Իրենց ներկայութեամբ հանդիսութիւնը պատուեցին Ազգային Վարչութեան ատենապետ Պօղոս Չոլաքեան, Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ ընկ. Քերովբէ Էքիզեան, Յունաստանի Հայ կաթողիկէ ժողովրդապետ Յովսէփ Թ.Ծ.Վ. Պէզազեան, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր եղբ. Ռաֆֆի Կէօվօղլանեան, Յունաստանի մօտ Հ.Հ. լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Ֆաթէյ Չարչօղլեան, հոգեւոր հայրեր, ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներ, յունաց մարզական եւ սկաուտական ֆետերասիոններու ներկայացուցիչներ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական հոծ բազմութիւն:
Տօնակատարութեան սկիզբը սրահ մուտք գործեցին ազգային դրօշները եւ լսուեցան երկու ազգային քայլերգները: Հանդիսավարութիւնը կատարեց, ինչպէս նաեւ բացման խօսքը արտասանեց քոյր Լոռի Պարազեան եւ իր խօսքի աւարտին խնդրեց բոլոր ներկաներէն՝ յոտնկայս յարգել յիշատակը բոլոր ննջեցեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան խօսքը ներկայացուց եղբայր ատենապետը՝ Յակոբ Եդիմեան, որ իր խօսքի աւարտին կատարեց յուշանուէրներու բաշխում շրջանի մասնաճիւղներու՝ Աթէնքի, Գոքինիոյ եւ Թէսաղոնիկէի վարչութիւններուն:
Բեմ հրաւիրուեցան իրենց ողջոյնի եւ սրտի խօսքը փոխանցելու Հ.Յ.Դ. Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ ընկ. Յարութիւն Մանուկեան եւ Յունաստանի մօտ Հ.Հ. լիազօր եւ արտակարգ դեսպան Ֆաթէյ Չարչօղլեան:
Յաջորդեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ամեայ պատմութեան նուիրուած տեսերիզ:
Օրուան պատգամը փոխանցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր եղբ. Ռաֆֆի Կէօվօղլանեան:
Սկաուտական ընդհանուր կազմը ճոխացուց հանդիսութիւնը՝ «Ով հայ արի» քայլերգով, որմէ ետք տեղի ունեցաւ Յուշադրօշներու բաշխում՝ մարզական եւ սկաուտական ֆետերասիոններու ներկայացուցիչներուն:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութեան առաջարկով եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան վաւերացումով՝ Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր Եղբ. Ռաֆֆի Կէօվօղլանեան «Արժանեաց» շքանշանով պարգեւատրեց երկու Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրներ՝ եղբ. Կարօ Յովակիմեան եւ եղբ. Պօղոս Չոլաքեան՝ իրենց բերած երկարամեայ բեղուն գործունէութեան համար, միութենական կեանքէն ներս:
Ձեռնարկի աւարտին՝ հայրական իր պատգամը փոխանցեց յունահայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ Արք. Խաչերեան: Հանդիսութիւնը վերջ գտաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի շրջանի պատմութեան նուիրուած տեսերիզով, իսկ փակման խօսքը ողղելէ ետք՝ օրուան հանդիսավար քոյր Լոռի Պարազեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլորի ներկայութեան, լսուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի քայլերգը եւ ելք գործեցին ազգային դրօշները:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը իր խորին շնորհակալութիւնը կը յայտնէ բոլոր իր նուիրեալ Հ.Մ.Ը.Մ.ականներուն, որոնք նիւթապէս եւ բարոյապէս նպաստեցին այս ձեռնարկի յաջողութեան:
Կը մաղթենք Հ.Մ.Ը.Մ.ին հարիւրամեակներու տօնակատարութիւններ։ Պատուաբեր անցեալը թող ըլլայ օրինակելի եւ ուղեցոյց մեզի՝ յաջորդ սերունդներուն, որպէսզի ունենանք յաղթական ապագայ:
« Բարձրացի՜ր, Բարձրացուր»
Հ.Մ.Ը.Մ. Յունաստանի
Շրջանային Վարչութիւն
Բացման խօսք
Բազմաթիւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական մտաւորականներ, ղեկավարներ, սկաուտապետներ ու տեսաբաններ, տարբեր ժամանակներու մէջ, փորձած են բնորոշել Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբօր ու քրոջ կերպարը, անոր միութենական, գաղափարական ու բարոյական յատկանիշները, մէկ խօսքով՝ անցեալի ու ներկայի դիմագիծը, որ ուղղակիօրէն շաղկապուած է Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարդու, հա՛յ մարդու որակեալ գործօնին հետ, որ կը հետապնդէ պայքարի յստակ նպատակ ու թիրախներ, բոլոր ժամանակաշրջաններու հայ կեանքի պահանջներէն բխող մարտահրաւէրներով:
Բազմաթիւ են Հ.Մ.Ը.Մ.ական նուիրեալները, որոնց մտքի, գրչի, գործի, ծառայութեան ու նուիրումի ազդեցութեան, որակաւորման ու վերանորոգումին փոխանցած շունչով՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ներկայութիւն է հայ կեանքի բոլոր մարզերուն մէջ՝ իր անփոխարինելի հետքը ձգելով:
Անկասկած, սակայն, ամէնօրեայ պայքարի վերոյիշեալ բարոյական ու գաղափարական բոլոր յատկանիշներու գումարի գերագոյնը գլխագիր մարդն է, հա՛յ մարդը, Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայրը, որ անմիջականօրէն իր առաքելութեան ու կենսունակութեան շաղկապած է հայ կեանքի ու հայրենիքի ձգտումներու շարունակականութեան հետ արտերկրի, եւ վերջին տարիներուն Հայաստանի, Արցախի, Ջաւախքի, Վրաստանի, Մոսկուայի հետզհետէ աճող մասնաճիւղներով, ամրապնդելով Հայաստան-սփիւռք գործակցութիւնը, առանց հատուածական որեւէ խտրականութեան:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100 տարուան կեանքը գաղափարի եւ գաղափարը 100 տարուան ազնուագոյն նուիրումի վերածելով:
Փակման խօսք
Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան այս փառահեղ տօնակատարութեան փակման խօսքիս մէջ, աւելի նպատակայարմար փոխանցելի պատգամ չկայ, եթէ ոչ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան անկիւնադարձային 100ամեակին զուգադիպող Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ամեակը, իբրեւ վերանկախացած հայրենիքի հարազատ երկուորեակ եղբայրներ, որոնք ձեռք-ձեռքի տուած՝ միասնաբար կը քալեն հայրենի պետականութեան վերստեղծման ու վերամրապնդման նպատակով:
Մեր ժողովուրդը յուսահատութիւն չի ճանչնար ու տեւաբար կը յառաջանայ Հայ Դատի երազներու ճանապարհով, այսինքն՝ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանի երազի պայքարին ճանապարհով:
Հ.Մ.Ը.Մ.ը կենդանի կեանքով հսկայ մըն է, որ տեւաբար կը ծնի՝ արժանաւորապէս ծառայելով հայրենիքի ընդհանրական ու գերագոյն նպատակներուն:
Հ.Մ.Ը.Մ.ը 100ամեայ երիտասարդ մըն է, որ կ՚ուղեւորուի հայ ժողովուրդի ամբողջական տեսլականներու ճամբաներէն, ուրկէ պիտի ծնին նոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներ, որ ամէն տեղ են, հոս են, այս սրահէն ներս թէ դուրս, այս երկրէն ներս թէ դուրս:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100 տարիներու պատմութիւնը կենդանի վկայութիւնն է անոր գաղափարական ճշմարտութեան:
Երկարեցէք ձեր ձեռքը անոր, որպէսզի միասնաբար բոլորս բացագանչենք՝
Բարձրացի՜ր, Բարձրացուր
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենադպիր՝ Ռաֆֆի Կէօվօղլանեանի արտասանած խօսքը Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ամեակի Յունաստանի շրջանի պաշտօնական տօնակատարութեան
100ամեայ արդար հպարտութիւն
Հ.Մ.Ը.Մ.ը այսօր՝ իր հիմնադրութենէն ճիշտ 100 տարի ետք, արդար հպարտութեամբ ու պարծանքով կը կանգնի ճակատը բաց ու հայ ազգի պատմութեան հսկայ հատորին մէջ ոսկեայ տառերով կը ստորագրէ իր իրագործումներու երկար ցանկը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը կանգնի հոգեկան մեծ գոհունակութեամբ, որուն գլխաւոր դրդապատճառներէն մէկը 100 տարի առաջ միութեան գաղափարը յղացող հիմնադիր սերունդի կտակին եւ տեսլականին հաւատարիմ մնալն է։
Տեսլական մը՝ որ ծնունդ առաւ խոր հայրենասիրութեամբ, յստակ պայծառատեսութեամբ եւ անշահախնդիր մօտեցումով։ Այս տուեալները պատճառ եղան, որ միութիւնը օժտուի տոկուն դիմադրողականութեամբ, նուաճէ ժամանակի եւ հեռաւորութեան բոլոր մարտահրաւէրները եւ յաղթական շքերթով տողանցէ «այսօր» կոչուող յաղթակամարին ներքեւով։ Ուր որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը ներկայութիւն եղաւ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի դրօշն ու Եռագոյնը կողք-կողքի ծածանեցան, հոն՝ հայրենիքէն հեռու, փոքրիկ Հայաստան մը ստեղծուեցաւ ու սփիւռքեան իրականութեան մէջ տարածուած հայութեան խթանիչ ու մղիչ ոյժ եղաւ «դէպի վեր» մագլցելու, լաւագոյնին ձգտելու, բարձրանալու եւ բարձրացնելու…
Այո՛,
Ճիշտ ա՛յս սկզբունքային կէտերն են, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ին առջեւ սփռեցին պարարտ հող, աշխարհի 5 ցամաքամասներուն վրայ, Պոլիսէն Եւրոպա, Միջին Արեւելքէն Եգիպտոս, Ամերիկաներէն հեռաւոր Աւստրալիա եւ աշխարհի չորս ծագերէն դէպի հայրենի սրբազան հող։
* * *
Յունաստանը եղաւ այն առաջին գաղութներէն մէկը, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ը հաստատուեցաւ, ճիւղաւորուեցաւ ու աճեցաւ։
Ըստ «Պատմութիւն՝ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան» պատմական մատենաշարի հեղինակ՝ Կեդրոնական Վարչութեան նախկին ատենապետ, վաստակաշատ եղբայր Բիւզանդ Թորիկեանին՝
«Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի մէջ կազմութիւնը ուղղակի հետեւանքն է Պոլսոյ կեդրոնի գործունէութեան դադրեցման, իրականացած՝ Պոլսոյ, Իզմիրի եւ Կիլիկիոյ մասնաճիւղներէն Յունաստան հաստատուած Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու միջոցաւ եւ յատկապէս Պոլսոյ որբանոցէն Յունաստան հաստատուած որբերու զանգուածային տեղափոխութեան։
«Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի մասնաճիւղ որակումով պէտք է հասկնալ մայրաքաղաքի ամենամօտակայ Ֆիքսի հայաբնակ վրանաքաղաքը, ուր 26 Նոյեմբեր 1922էն սկսեալ հիմնադիր սերունդի եկուոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականները՝ գլխաւորութեամբ եղբայր Ներսէս Մանուկեանի՝ նախաձեռնեցին մասնաճիւղի անդրանիկ սկաուտական խումբի կազմութիւնը։
«Մասնաճիւղի սկաուտական խումբերը մասնակցեցան հայ ազգային տօնախմբութիւններուն, ինչպէս նաեւ Յունաստանի անկախութեան տարեդարձի տողանցներուն, պաշտօնական շրջանակներու մէջ մեծ համակրանք ստեղծելով իրենց շուրջ»։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի շրջանը ունեցած է յատկանշական եւ պատկառելի դերակատարութիւն՝ համագաղութային եւ Համա- Հ.Մ.Ը.Մ.ական նախաձեռնումներուն…
Այստեղ մեծ միջոցառումներու շարքին հարկ է յիշել՝
-1978ին Քալամոսի մէջ տեղի ունեցած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Համագաղութային Ա. Ընդհանուր Բանակումըղ
-1990ին Այա Մարինայի մէջ տեղի ունեցած Համագաղութային Դ. Ընդհանուր Բանակումը.
-2005ին Աթէնքի մէջ տեղի ունեցած Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական 7րդ մարզախաղները։
Հ.Մ.Ը.Մ.ը այսօր հզօր է աշխարհատարած իր 110 մասնաճիւղներով, ուր այս մեծ ընտանիքի իւրաքանչիւր անդամ ինքզինք զօրաւոր կը զգայ մէկզմէկով։
Իւրաքանչիւր անդամ հպարտ կ’ըլլայ այս 26.000 անդամ հաշուող ընտանիքի պատկանելութեան զգացումով։ Հպարտ կ’ըլլայ այս միութեան անդամներու արձանագրած մրցանիշներով եւ նուաճումներով…
Այս տարուան Յուլիս ամսուն Հ.Մ.Ը.Մ.ը Հայաստանի մէջ մեծ շուքով եւ հանգամանօրէն իրագործեց իր հիմնադրութեան 100ամեակի կեդրոնական տօնախմբութիւններն ու միջոցառումները։ Աննախընթաց դարական իրագործում մը, որ արժանացաւ ազգային եւ պետական բարձրագոյն մակարդակի հովանաւորութեան ու բոլոր շրջանակներու յոյժ գնահատանքին։
Այս պատմական եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ականավայել իրագործումը կարելի չէր արձանագրել, առանց բոլոր շրջաններու միասնական գործակցութեան, մասնակցութեան եւ ճիգերուն։
* * *
Հ.Մ.Ը.Մ.ի համաշխարհային կառոյցը շատ պատճառներ ունի նաեւ հպարտ զգալու իր Յունաստանի շրջանով ու անոր արձանագրած իրագործումներով։
Հոս կ’արժէ պարծանքով անդրադառնալ հետեւեալ մի քանի աչքառու օրինակներուն.-
ա.- Գոքինիոյ մասնաճիւղի վոլէյ-պոլի տղոց խումբը ձեռք ձգեց Ատիկէի արեւմտեան շրջանի առաջնութեան բաժակը ու ան բարձրացաւ համայունական մակարդակի A2 կարգին։
բ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ական եղբայր, սկաուտ եւ յունական ազգային խումբի անդամ եղբայր Արա Ճանիկեան Գոլոմպիայի մէջ համաշխարհային խաղերուն, ինչպէս Վոզնիայի մէջ համեւրոպական խաղերուն, առաջնութիւն ձեռք ձգեց եւ ակումբ վերադարձաւ իր կուրծքը ոսկէ շքանշանով զարդարած։
գ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը յաջողութեամբ պսակեց իր օրինականացման գործը եւ ստացաւ պետական ճանաչում։
դ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի շրջանային սկաուտական խորհուրդին եւ յունական սկաուտական խնամակալութեան միջեւ յուշագիր ստորագրուեցաւ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ը ստացաւ Յունաստանի մէջ հայկական ինքնութեան առանձնաշնորհումը, եւ որուն որպէս արդիւնք՝ յետ այսու որեւէ նոր հայկական մասնաճիւղ ինքնաբերաբար մաս պիտի կազմէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի ընտանիքին։
ե.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի Շրջանային Վարչութիւնը 2018ին բացումը կատարեց «Կարպիս Գույումճեան» թանգարան-գրասենեակին։
զ.-Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի սկաուտները մասնակցեցան 2018ի Յուլիսին Հայաստանի մէջ 100ամեակին նուիրուած Համա- Հ.Մ.Ը.Մ.ական 11րդ բանակումին ու հոն ձեռք ձգեցին նկատելի յաջողութիւն, մանաւանդ իրենց շատ յատուկ յունական ոճով խարուկահանդէսով։
Ու տակաւին շարքը երկար է…
Այո՛, սիրելի ներկաներ,
Այս հսկայական նուաճումներուն եւ իրագործումներուն գաղտնիքը
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ուժականութեան մէջ կը կայանայ։
Ուժականութիւն մը՝ որ ծնունդ առած է 100 տարի առաջ միութեան հիմնադիրներու ազգանուէր հեռատեսութենէն։
Ուժականութիւն մը՝ որ այսօր աւիշ կը ստանայ միութենականներու հաւատարմութենէն, միասնականութենէն եւ հաւատքէն։
Ուժականութիւն մը՝ վստահ եմ, որ վաղը աւելի պիտի ուռճանայ միութենականներու նուիրուածութենէն, յոյսէն եւ հաւաքական շահը ամէն բանէ վեր գերադասելու գաղափարէն։
1918ին ծնունդ առած այս 100 տարեկան միութիւնը կը մնայ երիտասարդ իր գաղափարախօսութեամբ եւ ինքզինք վերանորոգելու կարողականութեամբ։ Իր դրօշին ներքեւ կերտուած ու կոփուած յաջորդական սերունդները ազգային կեանքէն ներս բերին եւ պիտի շարունակեն բերել իրենց արդիւնաւէտ ներդրումը։
Ահաւասիկ, նորանոր ամեակներու սեմին, ջահը հասած է ներկայ սերունդին ու ան կը գտնուի պարտաւորութեան մը առջեւ՝ մնալու արժանաւոր ժառանգորդը հիմնադիր սերունդին եւ այս շարաւիղէն անցած հաւատաւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ականներու փաղանգին։
Ան կը գտնուի պարտաւորութեան առջեւ տէրը կանգնելու, պաշտպանելու եւ բազմապատկելու իրեն հասած գանձն ու հարստութիւնը։
* * *
Հ.Մ.Ը.Մ.ը արդար հպարտութեամբ կը պարծենայ իր իրագործումներով եւ «հսկաներ»ով լեցուն անցեալով։
Հ.Մ.Ը.Մ.ը արդար հպարտութեամբ կը պարծենայ իր մերօրեայ աննախընթաց ձեռքբերումներով։
Հ.Մ.Ը.Մ.ը ունի նաեւ բոլոր տուեալները հպարտ ըլլալու իր խոստմնալից պատանիներով եւ վստահութիւն ներշնչող երիտասարդութեամբ, որոնք վաղուան մեր դրամագլուխն են։
100ամեակի առիթով, Արարատ լերան կատարէն Հ.Մ.Ը.Մ.ական խմբապետ-խմբապետուհիներու կատարած ուխտը վկայ, այդ սրբազան գագաթէն բերուած բուռ մը հողն ու վառած ջահը վկայ,Հ.Մ.Ը.Մ.ի վաղուան սերունդը փայլուն ձեւով պիտի ցոլացնէ իր միութենական կազմաւորումը, եւ առօրեայ ապրումի պիտի շարունակէ վերածել «Բարձրացի՛ր, Բարձրացուր» գաղափարախօսութիւնը։
Օ՜ն յառաջ՝
Հաստատ քայլերով եւ խիտ շարքերով դէպի նորանոր բարձունքներ եւ նուաճումներ…
Օ՜ն յառաջ՝
Դէպի նորանոր ամեակներ եւ մրցանիշներ…
Օ՜ն յառաջ՝
«ՊԱՏՈՒԱԲԵՐ ԱՆՑԵԱԼԷՆ, ՅԱՂԹԱԿԱՆ ԱՊԱԳԱՅ»