Հինգշաբթի՝ 7 Յունիս 2018ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորընտիր Շրջանային Վարչութեան ատենապետ եղբ. Յակոբ Եդիմեան, փոխ-ատենապետ եղբ. Հայկազ Տէօքմէճեան, քարտուղարուհի քոյր Արշա Սամուէլեան, ինչպէս նաեւ լրագրող եւ միութեան բարեկամ պրն. Գրիգոր Չաքիճեան հանդիպում մը ունեցան մարմնամարզի նախարարութեան փոխ-նախարար պրն. Եորղօ Վասիլիատիսի հետ:
Հանդիպման ընթացքին ներկայացուեցաւ միութեան գործունէութիւնը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմնադրութեան 100ամեակին առիթով յառաջիկայ տօնակատարութիւններու շարքը:
Փոխ-նախարարը յայտնեց, թէ պատրաստ է աջակցելու միութեան ծրագիրներուն եւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց կայացած հանդիպումին համար:
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Մ.Ը.Մ.ի հանդիպումը՝ Յունաստանի մարմնամարզի փոխ-նախարարին հետ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի հանդիպումը՝ Յունաստանի մարմնամարզի փոխ-նախարարին հետ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի նորընտիր Շրջանային Վարչութեան հանդիպումը՝ Յունաստանի մարմնամարզի փոխ-նախարարին հետ