Վերջին երկու ամիսներու ընթացքին Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքը դժբախտութիւնը ունեցաւ կորսնցնելու երկու հաւատաւոր եղբայրներ, որոնք իրենց գաղութային ծառայութիւնը նոյնացուցած էին անշահախնդիր նուիրումի մատուցումով մեր մարզական մեծ Միութեան շարքերէն ներս։ Անողոք հիւանդութեան հետեւանքով իր աչքերը փակեց բոլորէն սիրուած եղբ. Կարպիս Ճանիկեան, իսկ հաւատաւոր ու յարգուած երէց եղբ. Մինաս Ադամեան հրաժեշտ կու տար այս աշխարհին, երկուքն ալ խոր վիշտի մէջ մատնելով իրենց միութենական եւ անմիջական շրջապատը։
ԿԱՐՊԻՍ ՃԱՆԻԿԵԱՆ
Ժպտադէմ ու հեզ, ազնիւ կեցուածքով՝ եղբ. Կարպիս Ճանիկեան յատկապէս Ֆիքսի շրջանին մէջ իր դրոշմը թողեց Հ.Մ.Ը.Մ-ական կեանքէն ներս։ Միութեան ծանօթ բնորոշումով՝ «պարտականութեան գիտակից» եղբ. Կարպիսը, պատասխանատուութեան բարձր գիտակցութեամբ կը ջանար իր ստանձնած գործերուն մէջէն լաւագոյն արդիւնքը բերել ի նպաստ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի առաջադրանքներուն։ Իր աշխատավայրն էր Ֆիքսի «Ա. Մանուկեան» ակումբը, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի կեդրոնատեղիին մէջ ան իր կեանքի ամէնէն թանկագին տարիները նուիրեց ի սպաս Միութեան։
Կարպիս Ճանիկեան ծնած էր Աթէնք, 1950-ին։ Իր երիտասարդական տարիներուն մաս կազմեց Հ.Յ.Դ. Երիտ. Միութեան Աթէնքի խումբին, իսկ անկէ յետոյ լման կեանք մը նուիրեց իր պաշտած մարզական միութեան։
Անցաւ վարչական բոլոր հանգրուաններէն՝ երկար տարիներ ըլլալով Աթէնքի մասնաճիւղի վարչական, ապա Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան նուիրեալ անդամ։ Բծախնդիր էր բոլոր հարցերուն հանդէպ, լրջութեամբ կը մօտենար խնդիրներուն ու գործակցական ոգիի դրսեւորումով միշտ կը ձգտէր բարձր պահել Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անունը հայկական եւ օտար միջավայրերէն ներս։
Ինք հպարտութեամբ կը խօսէր 1988-ի Հայաստանի ահաւոր երկրաշարժէն ետք, բարեգործական նպատակով կայացած կողովագնդակի մրցումին մասին՝ Միացեալ Նահանգներու եւ Յունաստանի ազգային խումբերուն միջեւ։ Այդ պատմական մրցումը իրագործուեցաւ շնորհիւ Կարպիս Ճանիկեանի անխոնջ եւ յամառ աշխատանքին, իսկ այդ օրերուն ունեցած արձագանգը Յունաստանի մէջ մեծապէս նպաստեց հայ ժողովուրդին օգնութեան հասնելու հսկայ աշխատանքին։
Կարպիս նաեւ հաւատաց Հ.Մ.Ը.Մ-ի համահայկական առաքելութեան ու հզօրացման։ Գլխաւոր դերակատարներէն եղաւ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզական խումբերու մասնակցութեան Համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մրցումներուն, առաջնորդելով երիտասարդներու խումբերը Հայաստանի եւ այլ գաղութներու մէջ։
Կազմած էր հայկական ջերմ ընտանիք մը իր կողակիցին՝ Ճուլիային հետ եւ բախտաւորուած էին երկու զաւակներով՝ Արան եւ Ալինը, որոնց մղեցին մասնակից դառնալ գաղութային երիտասարդական շարժումներուն։ Կարպիս մասնաւորապէս հպարտութիւն կը զգար Արայի համաշխարհային մրցանակներու նուաճումներով «Զու-զիցու» մարզաձեւին մէջ, անայլայլ պահելով Հ.Մ.Ը.Մ-ական ոգին ու տեսլականը։
Անողոք հիւանդութիւնը կրծեց իր մարմինը, ու ան 21 Մարտին փակեց իր տառապած աչքերը։ Յուղարկաւորութիւնը տեղի ունեցաւ երկու օր ետք՝ Նէոս Գոզմոսի Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ մէջ, ուր դամբանախօսեց եղբ. Գէորգ Պօղոսեան, որուն խօսքը կու տանք ստորեւ։
Եղբ. Գէորգ Պօղոսեանի դամբանականը
Եղբայր Կարպիս,
Դուն եւ ներկաները լաւ գիտէք, թէ բոլորովին անարժան եմ քու մասիդ խօսելու: Սակայն պարտականութիւն ստանձնեցի մեր քոյրերուն եւ եղբայրներուն դիմաց մտածումներս բաժնել բաժանման տխուր առիթով, որ դժբախտաբար շատ արագ, շատ կանուխ եկաւ մեր միութենական կեանքին համար:
Դժբախտաբար, առիթ չունեցանք միասին գործելու Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծ ընտանիքէն ներս: Առ այդ, խօսքս պատմական մանրամասնութիւններ եւ թուականներ չունի:
Բախտը ունեցաւ մեր միութիւնը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի համաշխարհային ընտանիքը քեզի իբրեւ մարզիկ, անդամ, մարզիկներու պատասխանատու, Ֆիքսի մասնաճիւղի եւ Յունաստանի Շրջանային վարչութեան դերով ընդգրկելու իր մէջ եւ մեզի բացառիկ արժէքով եղբայր մը ապահովելու:
Նախ հայասէր եւ յետոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ասէր եղբայր մը եղար, որ քու տիպար օրինակով, կամքով եւ աշխատասիրութեամբ մարզիկներու շարքեր յառաջացուցիր եւ բարձրացուցիր Հ.Մ.Ը.Մ.ի նշանաբանը հետեւելով «բարձրացիր-բարձրացուր» վսեմ խօսքը:
Բայց դուն նաեւ իբրեւ հայասէր՝ ամէն տարի պատրաստ էիր նուիրելու նոր հագուստներ Արցախէն եկող երիտասարդներուն՝ օգնելով եւ օժանդակելով Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի այս տարեկան նախաձեռնութեան:
Ոեւէ մէկուն դէմ անարգական խօսք չունեցար՝ եղբայր Կարպիս, միշտ ժպիտով եւ խանդավառութեամբ, բոլոր քոյր եւ եղբայրներուն հետ ձեռք-ձեռքի տուիր եւ մեր սիրած կազմակերպութեան փառքին համար աշխատեցար:
Հ.Մ.Ը.Մ.ը քու անձնական շահէն միշտ առջեւ պահեցիր, անդադար աշխատեցար մեր վարչութիւններուն մէջ: Բայց քեզի համար աթոռը կարեւոր չէր, վարչական ըլլալը անհրաժեշտ չէր ծառայելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ը եւ անոր միջոցով Աթէնքի եւ Յունաստանի գաղութը: Նոյնիսկ երբ քեզի մօտեցանք, որպէսզի մեզի օգնես իբրեւ մարզական լիազօր ներկայացուցիչ՝ մաս կազմելով այսօրուան Շրջանային վարչութեան, ինծի ըսիր, թէ երիտասարդ մէկը՝ քան թէ քեզի նախընտրենք, վստահեցնելով թէ օգնութիւնդ տուեալ էր:
Վստահ եղիր, թէ քու օրինակդ հետեւորդներ ունի՝ թէ՛ ֆիզիքական եւ թէ՛ Հ.Մ.Ը.Մ.ական ընտանիքէն ներս:
Երթաս բարով, եղբայր Կարպիս, վարձքդ կատար։
ՄԻՆԱՍ ԱԴԱՄԵԱՆ
Մինասը մէկն էր այն հայրենակիցներէն, որուն հաւատարմութիւնը Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ու գաղութի իրականութեան հանդէպ միշտ յատկանշուեցաւ գործնական ու շօշափելի արտայայտութիւններով։ Առատաձեռն ու բարեացակամ, շրջահայեաց եւ հաւաքական գործի արդիւնքին հաւատացող անձ մը եղաւ Մինաս Ադամեան, որ ծնած էր 1936-ին եւ իր առաջին ծլարձակումները ըրաւ Գոքինիոյ «Զաւարեան» վարժարանին մէջ, ուսուցիչներ ունենալով հայ գիրի ու դպրութեան նուիրեալներ։
Ակումբը եղաւ իր շրջապատը, որուն մէջ կառչած մնաց իր սիրած միութեան՝ Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, դառնալով մարզիկ ու անկէ ետք վարչական։ Ժողովական կեանքին մէջ իր ներկայութիւնն ու գործելաձեւը արդիւնք ապահովող, գործնական լուծումներ որոնող ուղիներէն անցաւ։ Դժուար ու հրատապ պահերու ընթացքին գիտէր իր բարոյական ծառայութեան կողքին, նիւթապէս սատարել մարզական Միութեան ամէն նախաձեռնութեան՝ մարզիկներու կարիքներէն մինչեւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ամէնէն մեծ ծրագիրը։ Ոչ մէկ ատեն զլացաւ իր կարելին տալու, իր պաշտած միութեան համար բարիք մը կատարելու, ծրագիր մը ամբողջացնելու։ Ամէն քայլ, ամէն նախաձեռնութիւն կը կրէր իր դրոշմը, մանաւանդ երբ երկար տարիներ մնաց Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի վարչութեան կազմին մէջ։
Նկարագրով մաքրամաքուր անձ, ուղիղ մտածող ու խօսող, երբեք չթաքնուեցաւ յետին մտածումներու կամ գեղեցիկ խօսքերու պարուրանքին մէջ։ Անշեղ կեցուածքով, Հ.Մ.Ը.Մ-ի առաքելութեան հաւատք ընծայող մօտեցումով տեսաւ ու գործեց։ Նոյն թափով ու պատրաստակամութեամբ գործեց Շրջանային վարչութեան մէջ, ձգտելով Յունաստանի մարզական եւ ընդհանուր միութենական վերելքին։
Անկէ անդին, Մինաս իր բարոյական եւ նիւթական մասնակցութիւնը բերաւ գաղութային բոլոր ծրագիրներուն, իր ներկայութիւնը անպակաս ընելով հրապարակային ելոյթներէն, բայց մանաւանդ մեծապէս սատարելով ու օժանդակելով գաղութի կրթական, բարեսիրական, մարզական, երիտասարդական, մամուլի եւ մշակութային իրագործումներուն։ Այսպէս, դաստիարակուած էր սերունդ մը ամբողջ, որուն յատկանշական ներկայացուցիչներէն եղաւ Մինաս Ադամեան։
Ան ներդրում ունեցաւ նաեւ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին մէջ։ Իրեն հարազատ եւ մօտիկ հայրենակիցներով կարելին տուաւ եկեղեցւոյ պայծառութեան համար։
Իսկ երբ հրաւիրուեցաւ մասնակցիլ «Զաւարեան» կեդրոնի շինութեան յանձնախումբին, ան անմիջապէս փութաց իր ներկայութիւնը հաստատելու այդ կարեւոր ծրագիրի իրականացման համար։ Անթիւ ժողովներու, ծրագրումներու, հանգանակութեան բարդ ընթացքին, շինարարական մեծ ու փոքր մարտահրաւէրներուն մէջէն, Մինաս եւ իր գործակիցները իրականութիւն դարձուցին հայակերտ կեդրոնի կառուցումը, որուն համար հպարտութիւն եւ ազգային գոհունակութիւն զգաց մինչեւ իր կեանքի վերջին կաթիլը։
Մինասի եւ իր ազնիւ կողակիցին՝ Սիրանի հայաբոյր ընտանեկան օճախը եղաւ միշտ ջերմ ու բաց։ Իրենց զաւակներն ու թոռները անսահման ուրախութիւն պատճառեցին, ու անոնց նման կը շարունակեն ներկայ ըլլալ ազգային կեանքին մէջ։
Վերջին տարիներուն, տարիքի բերումով ստիպուեցաւ հեռու մնալ գաղութային կեանքէն, սակայն համացանցի ու մամուլի միջոցով կը հետեւէր բոլոր ելոյթներուն ու պէտք եղած ժամանակ՝ նիւթապէս կ՚օժանդակէր մեր կառոյցները։
Կեանքէն հրաժեշտ տուաւ 17 Ապրիլին։ Թաղման արարողութիւնը կատարուեցաւ Գոքինիոյ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ մէջ, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խօսքը՝ հայերէն եւ յունարէն, արտասանեց քոյր Գոհար Ալէանաքեան։ Ստորեւ կու տանք իր դամբանականը։
Քոյր Գոհար Ալէանաքեանի դամբանական խօսքը
Դժուար ու ծանր պարտականութիւն է վերջին հրաժեշտի եւ յարգանքի խօսք արտասանելը:
Նուիրեալ ու հաւատաւոր եղբ. Մինաս Ադամեանի յիշատակին՝ նուիրական պարտականութիւն է մեզի համար, յետ մահու գէթ, յիշենք անոնց, որոնք որեւէ կերպով, մեր ազգային գոյատեւման ջանքերուն մէջ իրենց կարողութեան չափով ներդրում բերած են: Այսպիսին էր եղբ. Մինաս Ադամեան, որ իր ամբողջ կեանքի ընթացքին սիրեց ու յարգեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքը: Ո՛չ միայն սիրեց, այլեւ ծառայեց հաւատարմութեամբ եւ նուիրումով: Ան 17 Ապրիլին կեանքէն յաւէտ հրաժեշտ առաւ իր հարազատներէն եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքէն :
Ծնած Փիրէա՝ 6 Մարտ 1936-ին, իր ընտանիքով ապրեցաւ Գոքինիոյ շրջանը։ Յաճախեց Զաւարեան վարժարան։ Փոքր տարիքէն մտաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզական խումբերուն մէջ, վազեց մարզական դաշտերուն վրայ, պաշտամունքի առարկայ դարձուց իր սիրելի Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, ապրեցաւ անոր հետ, ուրախացաւ իր յաջողութիւններով:
Եղբ. Մինաս Ադամեան երկար տարիներ եղաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի վարչական, ինչպէս նաեւ Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան անդամ: Նոյն նուիրումով եւ պատրաստակամութեամբ իր կարելին տուաւ մասնաճիւղին, որպէսզի մեր մարզական խումբերը արժանավայել ներկայութիւն ունենան դաշտերէն ներս: Ներկայ էր ժողովներուն, ներկայ էր մարզադաշտին մէջ, թանկագին ժամանակ նուիրեց, որպէսզի մեր միութեան գործերը յառաջ երթան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի անունը միշտ բարձր մնայ:
Եղբ. Մինաս Ադամեան իր կեանքին մէջ ջանաց ըլլալ աշխատասէր եւ գործունեայ: Կազմեց ընտանեկան իր ջերմ բոյնը տիկին Սիրանոյշ Սափրիչեանին հետ: Բախտաւորուեցաւ երկու զաւակներով՝ Վերժինը եւ Յաբէթը, թոռնիկներով եւ թոռնորդիներով: Բոլոր դիրքերէն անցաւ եղբ. Մինասը. տարիներ շարունակ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամ եղած էր:
Հպարտութեամբ տեսաւ «Զաւարեան» կեդրոնի կանգնումը, որուն համար անթիւ օրեր եւ գիշերներ զբաղեցաւ շինութեան յանձնախումբին մէջ։
Եղբ. Մինաս, դուն ամբողջ կեանքդ նուիրեցիր Հ.Մ.Ը.Մ.-ին, մեր Միութիւնն ալ իր կարգին կուրծքդ զարդարեց շքանշաններով «Ծառայութեան» եւ «Արտակարգ»-ի պատիւով:
Ո՞վ չէր ճանչնար եղբ. Մինասը՝ միշտ ժպտուն, ազնուական կեցուածքով եւ վարմունքով, ան խստապահանջ եւ համոզող միութենական մըն էր, միշտ հետագրգրուող միութեան վերելքին ու բարելաւման համար:
Յանուն Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի ընտանիքին խորապէս կը սքանք եղբ. Մինասի կորուստը եւ կը խոնարհինք անոր վաստակին առջեւ:
Հասած է պահը վերջին հրաժեշտը տալու, յարգելի եղբ.Մինաս, երթդ բարի դէպի Հ.Մ.Ը.Մ.-ականներու Պանթէոն:
Հողը թեթեւ ըլլայ, սիրելի եղբայր։