Կիրակի՝ 12 Մայիս 2019ի առաւօտեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը այցելեց Յունաստանի հայոց թեմի ազգային առաջնորդարան։ Կեդրոնական Վարչութեան ընդունեցին Առաջնորդ Սրբազանը՝ Գեղամ Արք. Խաչերեան եւ Ազգային Վարչութեան ատենապետ` պրն. Պօղոս Չոլաքեան եւ ատենադպիր` պրն. Թագւոր Յովակիմեան։
Ազգային Վարչութեան ատենապետ պրն. Պօղոս Չոլաքեան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Յունաստանի ընդհանուր սկաուտապետի իր երկարամեայ վաստակով եւ յիշատակներով առլի բարի գալուստի խօսքով ողջունեց այցելու յարգարժան հիւրերը, յայտնելով որ Հ.Մ.Ը.Մ.ական նոյն ոգիով ներկայիս յունահայ գաղութին իր ծառայութիւնը կը բերէ Ազգային Իշխանութեան ճամբով։ Անդրադառնալով հայկական իրականութեան մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի բերած նպաստին, նշեց որ ազգային ծառայութեան համար պատրաստուող սերունդներուն առաջին սանդղամատները կը սկսին Հ.Մ.Ը.Մ.ի շարքերէն եւ ապա հրաւիրեց Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեանը իր սրտի խօսքը ըսելու։ Եղբ. Մկրտիչեան իր ուրախութիւնը յայտնեց որ անգամ մը եւս կը գտնուի յունահայ գաղութէն ներս յայտնելով, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի պատգամաւորական վերջին ժողովի որոշումներուն առ ի գործադրութիւն 9-11 Մայիս 2019 Աթէնքի մէջ կայացաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ական երիտասարդներու յատուկ խորհրդաժողով «100ամեակէն անդին Հ.Մ.Ը.Մ.ական երիտասարդին դերակատարութիւնը հայապահանման գործընթացին մէջ» եւ այս առիթով Կեդրոնական Վարչութիւնը նաեւ գումարած է լիագումար ժողով։ Անդրադառնալով Ազգային Առաջնորդարան այցելութեան եղբ. Մկրտիչեան նշեց, թէ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան գործունէութեան մէջ տասնամեակներէ ի վեր գործադրուած սկզբունք է Սփիւռքի որեւէ գաղութ այցելութեան պարագային նաեւ այցելել ազգային առաջնորդարան եւ հանդիպիլ Առաջնորդ Սրբազանին, նկատելով որ հայ եկեղեցին եւ առաջնորդ սրբազան հայրերը միշտ ալ նեցուկ եւ քաջալեր եղած եւ Հայապահպանման գործունէութեանց ընդհանրապէս եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեանց մասնաւորապէս։ Այս առումով նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազանին, որ երկրէն բացակայութեան պատճառաւ իր փոխարէն առաջարկած էր Կրօնական Ժողովի ատենապետ Հրայր Աւ. Քհնյ. Նիկոլեանը խօսելու համար Հ.Մ.Ը.Մ.ական երիտասարդներուն հայապահպանման դերակատարութեան մասին եւ գոհունակութեամբ վկայեց, որ երիտասարդները շատ լաւ ձեւով ընկալած են Տէր Հրայրին դիւրամատչելի ոճով փոխանցած իմաստալից խօսքը։
Աւարտին, Առաջնորդ Սրբազանը իր խօսքը ուղղելով մեծ ուրախութեամբ ողջունեց Կեդրոնական Վարչութեան այս այցելութիւնը՝ դիտել տալով որ Կեդրոնական Վարչութեան լիագումար անդամներուն այցելութիւնը հազուադէպ է Ազգային Առաջնորդարանի մը տարեգրութեանց մէջ եւ այս առումով յատկանշական է սոյն այցելութիւնը։ Աշխարհասփիւռ հայութեան նոր սերունդներուն հայկական ինքնութեան գիտակցութիւն եւ գաղութային կամաւոր գործունէութեան յանձնառու ոգի դաստիարակող Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութեան նկատմամբ հայ եկեղեցին, ի մասնաւորի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը հայապահպանման իր առաքելութեան մէջ միշտ ալ գնահատող եւ քաջալերող եղած է, որովհետեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մեծագոյն արժանիքներէն մէկն է նոր սերունդներու դաստիարակութեան մէջ ազգային եւ համամարդկային արժէքներու պահպանման ի խնդիր անզիջող ըլլալու սկզբունքը եւ այս այցելութիւնը ցուցանիշ է Հ.Մ.Ը.Մ.ի այդ վարքագիծին։ Ի վերջոյ անգամ մը եւս իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ը շատ փոքր տարիքէն դաստիարակուող իր շարքերուն անդամակցած անդամներով միշտ ներկայ եւ գործունեայ է գաղութային կեանքի բոլոր մարզերուն եւ աշխատանքներուն մէջ։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը այցելեց ազգային առաջնորդարան
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը այցելեց ազգային առաջնորդարան
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութիւնը այցելեց ազգային առաջնորդարան