Հ.Մ.Ը.Մ.ի ե­րի­տա­սար­դա­կան Ա. հա­մա­գու­մա­րին ա­ռի­թով, որ այ­սօր կը մեկ­նար­կէ Ա­թէն­քի մէջ, Հ.Մ.Ը.­Մի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թիւ­նը, ­Չո­րեք­շաբ­թի՝ 8 ­Մա­յիս 2019ի ե­րե­կո­յեան, զե­կու­ցա­կան հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Յու­նաս­տա­նի Շրջ. ­Վար­չու­թեան եւ Ա­տի­կէի մաս­նա­ճիւ­ղնե­րու վար­չու­թեանց եւ սկաու­տա­կան խմբա­պե­տա­կան միա­ւոր­նե­րուն հետ՝ ­Ֆիք­սի «Ա. ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բին մէջ։
­Հան­դի­պու­մի բա­ցու­մը կա­տա­րեց Շրջ. ­Վար­չու­թեան փոխ-ա­տե­նա­պետ եղբ. ­Հայ­կազ ­Տէօք­մէ­ճեան, որ բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րուն եւ մաղ­թեց, որ ե­րի­տա­սար­դա­կան հա­մա­գու­մա­րը ըլ­լայ այն կա­րե­ւոր ազ­դա­կը ­Միու­թեան յա­րա­տեւ­ման եւ նո­րա­նոր նո­ւա­ճում­նե­րուն հա­մար՝ ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի տա­րած­քին։
­Յա­ջոր­դա­բար, խօսք ա­ռաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ եղբ. ­Գառ­նիկ Մկր­տի­չեան, որ խօ­սե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ա­ռա­քե­լու­թեան մա­սին եւ ման­րա­մասն տե­ղե­կու­թիւն­ներ տո­ւաւ ­Միու­թեան կա­տա­րած աշ­խա­տանք­նե­րուն շուրջ, ինչ­պէս նաեւ անդ­րա­դար­ձաւ ե­րի­տա­սար­դա­կան Ա. հա­մա­գու­մա­րին։ Ան յայտ­նեց, թէ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ընդհ. ­Ժո­ղո­վէն ա­ռաջ գու­մա­րո­ւող սոյն հա­մա­գու­մա­րը, ա­ռա­ւել կեն­սու­նա­կու­թիւն եւ կազ­մա­կերպ­չա­կան հզօ­րա­ցում կը մի­տի յա­ռաջ բե­րել, յատ­կա­պէս ե­րի­տա­սարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան­նե­րը ա­ւե­լի կա­պե­լով ­Միու­թեան նպա­տակ­նե­րուն, սա­տա­րե­լով ­Հա­յաս­տա­նի եւ Ս­փիւռ­քի մէջ հա­յա­պահ­պան­ման փոր­ձե­րուն, ինչ­պէս նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ա­մեա­կէն ետք աշ­խա­տան­քի նոր թափ ստեղ­ծե­լու հա­մար միու­թեան շար­քե­րէն ներս։
­Մաս­նա­ճիւ­ղնե­րու վար­չու­թիւն­նե­րը եւ սկաու­տա­կան միա­ւոր­նե­րը ի­րենց ման­րա­մասն զե­կոյց­նե­րը ներ­կա­յա­ցու­ցին ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան, նշե­լով կա­րե­ւոր նո­ւա­ճում­նե­րը եւ ցարդ կա­տա­րո­ւած աշ­խա­տանք­նե­րը։ Ա­ռա­ւել, ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց ա­պա­գայ ծրա­գիր­նե­րու բա­ժին­նե­րը՝ մար­զա­կան, սկաու­տա­կան եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։ ­Հան­դի­պու­մի ա­ւար­տին, Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը յու­շա­տախ­տակ նո­ւի­րեց ­Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւ­ղի խմբա­պետ՝ եղբ. ­Վի­գէն ­Մի­նա­սեա­նին, որ ան­ցեալ տա­րի, այլ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան­նե­րու խում­բի մը հետ, նո­ւա­ճեց Ա­րա­րատ լե­րան գա­գա­թը։