17-19 ­Փետ­րո­ւար 2017ին ­Վիեն­նա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ իր տե­սա­կին մէջ ա­ռա­ջի­նը նկա­տո­ւող Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եւ­րո­պա­յի Ե­րի­տա­սար­դա­կան ­Հա­ւա­քը, ո­րուն մաս­նակ­ցու­թիւն կը բե­րէին Անգ­լիա­յէն, Ֆ­րան­սա­յէն, ­Հո­լան­տա­յէն, ­Գեր­մա­նիա­յէն, Աւստ­րիա­յէն, ­Շո­ւէ­տէն, ­Հա­յաս­տա­նէն, ­Պել­ճի­քա­յէն, ­Յու­նաս­տա­նէն, ինչ­պէս նաեւ Ե­րու­սա­ղե­մէն ժա­մա­նած 60 Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան ե­րի­տա­սարդ­ներ:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թիւ­նը վա­յե­լող եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Վիեն­նա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան կող­մէ կազ­մա­կեր­պո­ւած այս հա­ւա­քը, հիմք ու­նե­նա­լով միու­թեան 2015ին վե­րամ­շա­կո­ւած միու­թեան ընդ­հա­նուր ծրա­գիր կա­նո­նա­գի­րը եւ նա­խա­պէս ըն­դու­նո­ւած ռազ­մա­վա­րա­կան ծրա­գի­րը, կը նպա­տա­կադ­րէր Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին գտնո­ւող Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան ե­րի­տա­սարդ­նե­րը հա­մախմ­բել, ծա­նօ­թա­նա­լու եւ հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու ա­ռիթ­ներ ստեղ­ծել, Եւ­րո­պա­յի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը յու­զող ազ­գա­յին, միու­թե­նա­կան ու ըն­կե­րա­յին ժա­մա­նա­կա­կից հար­ցեր քննար­կել, լու­ծում­ներ ա­ռա­ջար­կել, զարկ տալ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին Հ.Մ.Ը.Մ.ի ե­րի­տա­սար­դա­կան ցան­ցին եւ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն, միու­թեան մար­մին­նե­րուն եւ յանձ­նա­խում­բե­րուն մէջ ե­րի­տա­սարդ տարր ներգ­րա­ւե­լու նպաս­տել, ինչ­պէս նաեւ նա­խա­պատ­րաս­տո­ւիլ’ միու­թեան հա­րիւ­րա­մեա­կին ու ա­նոր հետ առն­չո­ւած ծրա­գիր­նե­րուն։
­Հա­ւա­քի պաշ­տօ­նա­կան բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ եղբ. ­Գառ­նիկ Մկր­տի­չեան վեր ա­ռաւ նման հա­ւաք­նե­րու կա­րե­ւոր հան­գա­ման­քը, շեշ­տեց, թէ միու­թեան գե­րա­գոյն մար­մի­նը ե­րի­տա­սադ­նե­րուն ձայ­նը կը լսէ ու կը հա­մա­գոր­ծակ­ցի ա­նոր հետ, ինչ­պէս նաեւ հաս­տա­տեց, թէ Եւ­րո­պա­յի տա­րած­քին Հ.Մ.Ը.Մ.ը էա­կան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ա­ռողջ ու հա­յե­ցի մի­ջա­վայր ա­պա­հո­վե­լու:
Օգ­տո­ւե­լով հա­ւա­քի այս խորհր­դա­ւոր ա­ռի­թէն, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Վիեն­նա­յի մաս­նա­ճիւ­ղի եր­կու վե­թե­րան եղ­բայր­ներ՝ Գ­րի­գոր ­Հալ­լա­ճեանն ու ­Սա­մո­ւէլ ­Նա­հա­պե­տեա­նը ստա­ցան Հ.Մ.Ը.Մ. «­Ծա­ռա­յու­թեան» շքան­շան­ներ:
­Հա­ւա­քը հիմ­նա­կան հե­տե­ւեալ չորս թե­մա­նե­րուն շուրջ քննար­կում­ներ կա­տա­րեց՝
Ա.- Հ.Մ.Ը.Մ.ի դե­րը Եւ­րո­պա­յի ե­րի­տա­սար­դու­թեան դի­մագ­րա­ւած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն մէջ՝ հա­յե­ցի դի­մա­գիծ, ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն­ներ, միու­թե­նա­կան կեանք — ­Զե­կու­ցա­բեր­ներ ­Քոյր ­Սե­ւան ­Նա­զա­րեան (Ֆ­րան­սա) եւ Եղբ. ­Վի­գէն ­Գա­պա­քեան (­Պել­ճի­քա)։
Բ.- Հ.Մ.Ը.Մ.ը որ­պէս կա­մուրջ՝ Եւ­րո­պա­յի ե­րի­տա­սար­դու­թեան եւ ­Հա­յաս­տան-Ար­ցա­խի մի­ջեւ — ­Զե­կու­ցա­բեր ­Քոյր Հ­ռիփ­սի­մէ ­Յա­րու­թիւ­նեան (­Յու­նաս­տան)։
Գ.- Եւ­րո­պա­յի ե­րի­տա­սար­դու­թեան դե­րը Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ 21րդ ­դա­րու պայ­ման­նե­րուն տակ — ­Զե­կու­ցա­բեր­ներ ­Քոյր Ա­նէթ ­Մոս­կո­ֆեան (Անգ­լիա) եւ Եղբ. ­Գէորգ ­Յա­կոբ­ճեան (Աւստ­րիա)։
Դ.- Հ.Մ.Ը.Մ. եւ Communication strategies & Social Media — ­Զե­կու­ցա­բեր­ներ Եղբ. ­Յա­րութ ­Պա­ղա­մեան (Ե­րու­սա­ղէմ) եւ Եղբ. ­Գօ­գօ ­Սա­հա­կեան (Ե­րու­սա­ղէմ)։
­Յա­ջոր­դա­կան նիս­տե­րու ըն­թաց­քին, իւ­րա­քան­չիւր գլու­խի մէջ, զե­կու­ցա­բեր­նե­րը ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցու­ցին Հ.Մ.Ը.Մ.ի դե­րա­կա­տա­րու­թիւ­նը հայ ե­րի­տա­սար­դին դի­մագ­րա­ւած ժա­մա­նա­կա­կից մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն մէջ, դի­պուկ օ­րի­նակ­ներ տո­ւին Եւ­րո­պա­յի մէջ հա­սակ առ­նող սե­րունդ­նե­րու հա­յե­ցի դաս­տիա­րա­կու­թեան մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ին ու­նե­ցած եւ ու­նե­նա­լիք դե­րա­կա­տա­րու­թեան վե­րա­բե­րեալ, վեր­լու­ծե­ցին Եւ­րո­պա­յի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թեան դի­մագ­րա­ւած տագ­նապ­նե­րը, անդ­րա­դար­ձան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, նե­րա­ռեալ ի­րա­րու հետ հա­ղոր­դակ­ցե­լու դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն, հա­յե­րէ­նի ան­բա­ւա­րար ի­մա­ցու­թեան կամ զա­նա­զան հա­յե­րէն­նե­րու օգ­տա­գործ­ման բարդ հար­ցե­րու գո­յու­թիւ­նը եւ այլն։
­Շեշ­տո­ւե­ցաւ կա­րի­քը ըն­կե­րա­յին բնոյ­թի ծրա­գիր­նե­րու գոր­ծադ­րու­թեան՝ Ե­րե­ւա­նէն դուրս մար­զե­րուն եւ սահ­մա­նա­յին շրջան­նե­րուն մէջ Եւ­րո­պա­յի մաս­նա­ճիւ­ղե­րուն մի­ջո­ցաւ, Ար­ցա­խի մէջ ե­րի­տա­սար­դա­կան պտոյտ­նե­րու, հա­յոց բա­նա­կի բա­րո­յա­կան զօ­րակ­ցու­թեան, եւ ընդ­հա­նուր առ­մամբ հայ­րե­նա­ճա­նա­չե­լիու­թեան մա­կար­դա­կի բարձ­րաց­ման։
Անդ­րա­դարձ կա­տա­րո­ւե­ցաւ մեր ըն­կե­րու­թիւն­նե­րու եւ միու­թիւն­նե­րու մօ­տե­ցում­նե­րուն, ո­րոնք պէտք է վստա­հին ե­րի­տա­սար­դու­թեան ու ա­նոնց կա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն։ Այս ծի­րին մէջ ա­ռա­ջար­կո­ւե­ցաւ ե­րի­տա­սար­դու­թեան ճամ­բով միու­թիւ­նը ա­ւե­լի ար­դիա­կան ու ժա­մա­նա­կա­կից մե­թոտ­նե­րով ղե­կա­վա­րե­լու մա­սին, միու­թեան մէջ ե­րի­տա­սար­դու­թեան նե­րու­ժը, մաս­նա­գի­տու­թիւն­նե­րը եւ առ­հա­սա­րակ ժա­մա­նա­կա­կից փոր­ձա­ռու­թիւն­նե­րը հա­մա­կար­գո­ւած ձե­ւով օգ­տա­գոր­ծե­լու ե­ղա­նակ­ներ փո­խան­ցո­ւե­ցան, ինչ­պէս նաեւ՝ յա­ջող օ­րի­նակ­ներ ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան, թէ տար­բեր մաս­նա­ճիւ­ղե­րու մէջ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ինչ­պի­սի՞ քայ­լե­րով կը նպաս­տեն ու կրնան նպաս­տել Հ.Մ.Ը.Մ.ի ու հա­մայն հա­յու­թեան վե­րել­քին ու յա­ռաջ­դի­մու­թեան:
­Վեր­ջին բաժ­նով՝ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը գի­տա­կա­նօ­րէն վեր­լու­ծե­ցին, թէ ինչ­պէ՞ս կա­րե­լի է ար­դի հա­ղոր­դակ­ցու­թեան ար­դի մի­ջոց­նե­րը եւ յատ­կա­պէս ըն­կե­րա­յին հա­ղոր­դակ­ցու­թեան մի­ջոց­նե­րը ազ­դե­ցիկ ձե­ւով ու նպա­տա­կաս­լա­ցօ­րէն օգ­տա­գոր­ծել Հ.Մ.Ը.Մ.ի նպա­տակ­նե­րու հե­տապնդ­ման եւ քա­րոզ­չու­թեան ի նպաստ։
­Հա­ւա­քի եզ­րա­փա­կիչ նիս­տը նո­ւի­րո­ւած էր Հ.Մ.Ը.Մ.ի հա­րիւ­րա­մեա­կի աշ­խա­տանք­նե­րուն, ուր ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցո­ւե­ցան նա­խա­տե­սո­ւած ծրա­գիր­նե­րը, ո­րոնք ընդ­հան­րա­պէս տե­ղի պի­տի ու­նե­նան ­Հա­յաս­տա­նի մէջ ու ա­նոնց ի­րա­կա­նաց­ման գծով Հ.Մ.Ը.Մ.ի Եւ­րո­պա­յի ե­րի­տա­սար­դու­թեան դե­րին ու կա­տա­րե­լիք­նե­րուն մա­սին խօ­սո­ւե­ցաւ:
­Հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րը ի­րենց ­Վիեն­նա գտնո­ւե­լու ա­ռի­թէն օգ­տո­ւե­լով այ­ցե­լե­ցին նաեւ ազ­գա­յին, պատ­մա­կան ու մշա­կու­թա­յին մեծ հարս­տու­թիւն ու ար­ժէք ներ­կա­յաց­նող Մ­խի­թա­րեան ­Միա­բա­նու­թեան ­Վիեն­նա­յի ­Կեդ­րո­նա­տե­ղին, թան­գա­րա­նը, գրա­դա­րանն ու ար­խի­ւա­տու­նը եւ մեծ հե­տաքրք­րու­թեամբ ծա­նօ­թա­ցան կեդ­րո­նի գան­ձե­րուն, ինչ­պէս նաեւ հայ ազ­գի մեծ բա­րե­կամ ու «­Մու­սա ­Լե­րան քա­ռա­սուն օ­րե­րը» աշ­խա­րա­հա­ճա­նաչ գոր­ծի հե­ղի­նակ Ֆ­րանզ ­Վեր­ֆե­լի ար­ձա­նը ու ե­րախ­տա­գի­տու­թեան ծա­ղիկ­ներ զե­տե­ղե­ցին:
­Հա­ւա­քի մաս­նա­կից­նե­րուն ջեր­մու­թիւ­նը, գո­հու­նա­կու­թիւնն ու դրա­կան տպա­ւո­րու­թիւն­նե­րը կա­րե­լի չէ քա­նի մը տո­ղե­րու մէջ պար­փա­կել, սա­կայն իր տե­սա­կին մէջ ա­ռա­ջի­նը նկա­տո­ւող այս հա­ւա­քը ե­կաւ հաս­տա­տե­լու, թէ նման հա­ւաք­նե­րու ծա­րաւ ու­նի Եւ­րո­պա­յի ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը: ­Հե­տե­ւա­բար, այս եւ այլ ձե­ւի հա­ւաք­ներ անքն­նար­կե­լիօ­րէն կա­րե­ւոր են՝ Եւ­րո­պա­յի հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը հա­մախմ­բե­լու, դաս­տիա­րա­կե­լու, նպա­տա­կաուղ­ղո­ւած աշ­խա­տանք տա­նե­լու, հա­մա­գոր­ծակ­ցե­լու ա­ռիթ­ներ ստեղ­ծե­լու, դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու եւ միու­թեան նպա­տակ­նե­րը ի­րա­կա­նաց­նե­լու հա­մար: