Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան կազմակերպութեամբ եւ Յունաստանի Շրջ. Վարչութեան օժանդակութեամբ, Ուրբաթ՝ 10 Մայիս 2019ի առաւօտուն, Աթէնքի «Novotel» հիւրանոցին մէջ, կատարուեցաւ բացումը Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական Ա. համագումարին, մասնակցութեամբ Հայաստանէն եւ սփիւռքի 18 գաղութներէ մեծ թիւով երիտասարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ական անդամներու։
Մասնակցողներուն ուղղուած բարի գալստեան մաղթանքներով հանդէս եկաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետ եղբ. Գառնիկ Մկրտիչեան, ապա հրաւիրեց Յունաստանի Շրջ. Վարչութեան անդամ քոյր Մարլէն Տագէսեանը, որ փոխանցեց Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքի ողջոյնները եւ բարեմաղթութիւնները ժողովի մասնակիցներուն։
Յաջորդաբար, Կեդր. Վարչութեան ատենապետը մանրամանս կերպով բացատրեց ժողովի նպատակը եւ ներկայացուց անոր օրակարգի գլխաւոր բաժինները, կարեւորելով սոյն համագումարի երիտասարդներու գործօն մասնակցութիւնը եւ զբաղումը Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ամեակէն ետք նոր մարտահրաւէրներու եւ առաջադրանքներու ծրագիրներով։
Կազմուեցաւ ժողովի դիւանը, որ պիտի վարէ երկօրեայ աշխատանքները։ Առաւել, պիտի գործէ տեղեկատուական յատուկ յանձնախումբ մը՝ որ պիտի զբաղի համացանցի եւ ընկերային ցանցերուն մէջ ժողովի աշխատանքներուն եւ արդիւնքներուն ներկայացման աշխատանքներով։
ԳԼԽԱՒՈՐ ԷՋ ԳԱՂՈՒԹԱՅԻՆ Գաղութային կեանք Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական Ա. Համագումարը սկսաւ իր աշխատանքները Աթէնքի մէջ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական Ա. Համագումարը սկսաւ իր աշխատանքները Աթէնքի մէջ
Հ.Մ.Ը.Մ.ի երիտասարդական Ա. Համագումարը սկսաւ իր աշխատանքները Աթէնքի մէջ