Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան հիւ­րըն­կա­լու­թեամբ, Ուր­բաթ՝ 10 Մա­յի­սի ա­ռա­ւօ­տեան ժա­մը 10:00ին, Ա­թէն­քի «­Նո­վո­թել» պան­դո­կի ժո­ղո­վաս­րա­հին մէջ ըն­թացք ա­ռաւ միու­թեան ե­րի­տա­սար­դա­կան ա­ռա­ջին հա­մա­գու­մա­րը` մաս­նակ­ցու­թեամբ միու­թեան 17 շրջան­նե­րէ 18-30 տա­րի­քի 39 ե­րի­տա­սարդ-ե­րի­տա­սար­դու­հի­նե­րու, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան եւ ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ­նե­րու:
Եր­կօ­րեայ հա­մա­գու­մա­րին բա­ցու­մը կա­տա­րո­ւե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի «­Յա­ռաջ նա­հա­տակ» քայ­լեր­գով, որ­մէ ետք ներ­կա­նե­րը մէկ վայր­կեան յոտն­կայս լռու­թեամբ յար­գե­ցին ­Շու­շիի ա­զա­տագր­ման կռիւ­նե­րուն եւ ընդ­հան­րա­պէս ար­ցա­խեան պայ­քա­րի ճա­կատ­նե­րուն զո­հո­ւած ա­զա­տա­մար­տիկ­նե­րուն եւ հայ­կա­կան բա­նա­կի զի­նո­ւոր­նե­րուն յի­շա­տա­կը:
Այ­նու­հե­տեւ, հա­մա­գու­մա­րը կազ­մեց իր դի­ւա­նը եւ հա­մա­գու­մա­րին աշ­խա­տանք­նե­րուն քա­րոզ­չու­թեամբ զբա­ղող յա­տուկ յանձ­նա­խում­բը: ­Բաց­ման խօս­քով հան­դէս ե­կաւ հիւ­րըն­կալ` Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին Վար­չու­թեան ան­դամ ­Մար­լեն ­Տա­քէ­սեան:
Ան ող­ջու­նեց աշ­խար­հի զա­նա­զան շրջան­նե­րէն Ա­թէնք ե­կած ե­րի­տա­սարդ­նե­րը եւ շեշ­տեց, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի հա­մար ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը ե­ղած է ու կը մնայ մնա­յուն ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ: Հ.Մ.Ը.Մ.ի մէջ նկա­րա­գիր կը կեր­տո­ւի, ան­հա­տա­կա­նու­թիւն կը դարբ­նո­ւի հա­ճե­լի եւ օգ­տա­կար մթնո­լոր­տի մէջ:
­Հա­մա­գու­մա­րի աշ­խա­տանք­նե­րուն անդ­րա­դառ­նա­լով` ­Տա­քէ­սեան յոյս յայտ­նեց, որ ե­րի­տա­սարդ­նե­րը ի­րենց քննար­կում­նե­րով ու ա­ռա­ջարկ­նե­րով նոր թար­մու­թիւն եւ աշ­խու­ժու­թիւն կու տան միու­թեան հա­մա­հայ­կա­կան աշ­խա­տանք­նե­րուն:
Ա­պա՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան Վար­չու­թեան խօս­քը ուղ­ղեց ա­տե­նա­պետ ­Գառ­նիկ Մկր­տի­չեան: Ան ը­սաւ, որ Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ա­մեա­կի փա­ռա­ւոր տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­նե­րէն ետք, միու­թիւ­նը երկ­րորդ 100ա­մեա­կի իր ա­ռա­ջին քայ­լը կ’առ­նէ ե­րի­տա­սար­դա­կան ան­նա­խըն­թաց հա­մա­գու­մա­րով: ­Մին­չեւ օրս միու­թիւ­նը կը գոր­ծէ սկաու­տա­կան եւ ե­րի­տա­սար­դա­կան թե­ւե­րով ու մե­ծա­թիւ շար­քե­րով: ­Սա­կայն, երբ այդ շար­քե­րը հաս­նին ե­րի­տա­սար­դու­թեան փու­լին, եւ ա­ւե­լի ճիշ­դը` 18-30 տա­րե­կա­նին, ինչ-ինչ պատ­ճառ­նե­րով ա­նոնք աշ­խա­տան­քի դաշտ չեն գտներ ի­րենց դի­մաց, հետզ­հե­տէ կը հե­ռա­նան միու­թե­նէն եւ հե­տա­գա­յին քի­չերն են միայն, ո­րոնք տա­րի­ներ ետք կը վե­րա­դառ­նան եւ վար­չա­կան պա­տաս­խա­նա­տո­ւու­թիւն­ներ կը ստանձ­նեն: «­Հե­տե­ւա­բար անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը զգա­ցո­ւե­ցաւ ստեղ­ծե­լու մի­ջա­վայր մը, ուր ե­րի­տա­սարդ Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան­ներ կա­րե­նան ի­րենց գոր­ծու­նէու­թիւ­նը շա­րու­նա­կել, աշ­խա­տան­քի կա­րե­լիու­թիւն­ներ ստեղ­ծել եւ ի­րենց կա­պո­ւա­ծու­թիւ­նը պա­հել միու­թեան հետ»,- նշեց ան: ­Շա­րու­նա­կե­լով՝ ­Գառ­նիկ Մկր­տի­չեան յայտ­նեց, որ հա­մա­գու­մա­րին գա­ղա­փա­րը ծնաւ նաեւ այլ մտա­հո­գու­թե­նէ մը` մեր ե­րի­տա­սարդ տղաքն ու աղ­ջիկ­նե­րը կա­նու­խէն պատ­րաս­տել հա­մա-Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան հար­ցե­րու ծա­նօ­թաց­ման եւ քննարկ­ման: Ի վեր­ջոյ, այ­սօ­րո­ւան ե­րի­տա­սարդ­նե­րը վա­ղո­ւան մեր պա­տաս­խա­նա­տու­ներն են, եւ միու­թեան ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղո­վի մա­կար­դա­կով ար­ծար­ծո­ւած խնդիր­նե­րը քննե­լը, ա­նոնց մա­սին կար­ծիք յայտ­նե­լը եւ ա­պա հա­մա­գու­մա­րին ճամ­բով այդ կար­ծիք­նե­րը մին­չեւ ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան Ժո­ղով հասց­նե­լը, ան­կաս­կած, օգ­տա­կար փոր­ձա­ռու­թիւն է:
Մկր­տի­չեան շեշ­տեց, որ եր­րորդ եւ հիմ­նա­կան նպա­տա­կը այս հա­մա­գու­մա­րին օ­րո­ւան հար­ցե­րը, մա­նա­ւա՛նդ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը յու­զող հար­ցե­րը, նոյ­նինքն ե­րի­տա­սար­դու­թեան ակ­նո­ցով քննելն է եւ այդ հար­ցե­րուն նոր եւ ար­դիա­կան լու­ծում­ներ գտնելն է:
­Գառ­նիկ Մկր­տի­չեան հարց տո­ւաւ, թէ ո՞ւր է այ­սօր հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը այս բո­լո­րին մէջ: ­Մեր միու­թիւն­նե­րուն մէ՞ջն է, շո՞ւրջն է, թէ՞ մեր կեան­քին գլխա­ւոր բա­ցա­կան է: Իսկ ի՞նչ կ’ը­նենք մենք, իբ­րեւ Հ.Մ.Ը.Մ., իբ­րեւ շրջան­նե­րու միա­ւոր­ներ, գա­ղութ­ներ, դպրոց­ներ եւ ե­կե­ղե­ցի­ներ, ազգ ու պե­տու­թիւն, հայ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը հա­ւա­քա­կան մեր կեան­քին մէջ ներգ­րա­ւե­լու հա­մար:
Ա­պա՝ Մկր­տի­չեան ա­ւել­ցուց.- «­Մին­չեւ օրս մեր որ­դեգ­րած մի­ջոց­նե­րը սկսած են ի­րենք զի­րենք սպա­ռել: ­Նոր ի­րա­կա­նու­թիւն­նե­րը կը թե­լադ­րեն նոր մօ­տե­ցում­ներ: Ազ­գա­յին-միու­թե­նա­կան մեր կա­ռոյց­նե­րը կորսն­ցու­ցած են եր­բեմ­նի ի­րենց գրաւ­չու­թիւ­նը: Ան­ցեա­լի գոր­ծու­նէու­թեան դրա­մագ­լու­խը սկսած է մա­շիլ: ­Միու­թե­նա­կա­նու­թիւ­նը դադ­րած է ժա­ռան­գա­կան յատ­կա­նիշ մը ըլ­լա­լէ: ­Զա­ւակ­նե­րը ան­պայ­ման չեն հե­տե­ւիր ի­րենց ծնող­նե­րու օ­րի­նա­կին, ո­րով­հե­տեւ դաս­տիա­րա­կու­թիւն հաս­կա­ցո­ղու­թիւ­նը փո­խո­ւած է եւ հար­ցում մը սկսած է ինք­զինք պար­տադ­րել, թէ` ա­ւան­դա­կան մեր ար­ժէք­նե­րը այ­լեւս որ­քա­նո՞վ կը հա­մա­պա­տաս­խա­նեն նոր սե­րուն­դի մտա­հո­գու­թիւն­նե­րուն, պայ­ման­նե­րուն եւ սպա­սում­նե­րուն: Ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը նո­րու­թիւն եւ ար­դիա­կա­նու­թիւն կը փնտռէ իր շուրջ: Այս բո­լո­րը ի­րա­կա­նու­թիւն­ներ են, ո­րոնց մա­սին ան­պայ­ման պէտք է խօ­սիլ, ա­պա ծրագ­րել, ո­րո­շել եւ գոր­ծի անց­նիլ նախ­կի­նէն ա­ւե­լի ա­րագ կշռոյ­թով, դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ քա­րոզ­չու­թեան ար­դի մօ­տե­ցում­նե­րով, տե­ղե­կա­տո­ւա­կան ար­հես­տա­գի­տու­թեամբ, կա­ռու­ցա­յին ժա­մա­նա­կա­կից յար­մա­րու­թիւն­նե­րով եւ մեր շրջա­պա­տին ա­ւե­լի լայ­նօ­րէն բա­ցո­ւե­լու քա­ղա­քա­կա­նու­թեամբ»: