Վերջին տարիներուն ընթացքին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գոքինիոյ մասնաճիւղի վոլէյ պոլի խումբը արձանագրած է յաջողութիւններու շարք մը, որոնց շնորհիւ կարողացած է տիրապետել բարձր դասակարգերու մրցաշարքին, դառնալով ախոյեան։
Մարզական ներկայ տարեշրջանի աւարտին, վոլէյ պոլի խումբը ունեցաւ յաղթանակներու նոր շարք մը եւ իր դասակարգին մէջ գրաւեց առաջնակարգ դիրքեր։ Կը մնային վերջին երկու մրցումները, որոնց աւարտին եթէ հայկական խումբը յաղթական դուրս ելլէր, պիտի արժանանար դասակարգի փոփոխութեան։
Այսպէս, Չորեքշաբթի, 17 Ապրիլին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մարզիկները երկու անգամ մրցեցան «Քերաթէա» խումբին դէմ եւ կարողացան երկու անգամին ալ մեծ յաղթանակ ապահովել, որուն պսակումը եղաւ մեր խումբի մուտքը «PreLeague» բարձր դասակարգին, որ կը նկատուի Յունաստանի երկրորդ ամենամեծ դասակարգը վոլէյ պոլի մարզէն ներս։
Աննախընթաց մթնոլորտ տիրեց մարզադաշտէն ներս, ուր հաւաքուած էին մեծ թիւով Հ.Մ.Ը.Մ.-ական մարզասէրներ եւ ամէն առիթով իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնէին մեր խումբին։ Մրցումներու աւարտին, բոլորին՝ մարզիկներուն, վարչութեան եւ ժողովուրդին ուրախութիւնը անսահման եղաւ։
Շաբաթ, 20 Ապրիլի երեկոյեան, «Զաւարեան» կեդրոնի «Վահան եւ Տիրուհի Տէր Յովսէփեան» մարզադաշտին մէջ, տօնական պահեր ապրեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի մասնաճիւղը եւ շրջանի մարզասէրները։ Վոլէյ պոլի ֆետերասիոնին կողմէ տեղի ունեցաւ բաժակի պաշտօնական տուչութիւնը եւ նոր դասակարգէն ներս վերելքի հաստատումը։
Ներկայ եղան Նիքէայի քաղաքապետ պ. Մարակաքիս, մարմնամարզի փոխքաղաքապետը, խորհրդականներ, վոլէյ պոլի կեդրոնական եւ արեւմտեան Ատտիկէի ֆետերասիոններու պատասխանատուները, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութիւնը, Գոքինիոյ մասնաճիւղի վարչութիւնը, սկաուտական խմբապետութիւնը, շրջանի միութենական պատասխանատուները եւ մարզասէրներ։
Ստեղծուած յուզիչ եւ խանդավառ մթնոլորտին մէջ, Ֆետեարասիոնի ներկայացուցիչները եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի վարչականները խօսք առնելով, շնորհաւորեցին մարզիկներ, որոնք ամբողջ տարուան ընթացքին իրենց մարզական կարողականութիւնը լարեցին, որպէսզի մեր խումբը տիրանայ առաջնութեան եւ դասակարգի փոփոխութեան արժանի ըլլայ։
Նշենք, որ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գոքինիոյ մասնաճիւղը երկար տարիներէ ի վեր կը պահէ վոլէյ պոլի ակադեմիա, որուն կը մասնակցին աշակերտական տարիքներէն մինչեւ հասուն տարիքի պատանիներ եւ երիտասարդներ։ Փոքրերու եւ մեծերու աղջկանց ու մանչերու տարբեր խումբերով, Հ.Մ.Ը.Մ.-ի անունը միշտ բարձր կը մնայ դաշտերէն ներս, իսկ բոլոր յաջողութիւնները հոգեկան վերելքի ու հպարտութեան ամենացայտուն առիթներն են։
Վարձքը կատար բոլոր մարզիկներուն եւ վարչութեան՝ իրենց ձեռք բերած մեծ նուաճումին համար։
ԹՂԹԱԿԻՑ