Այս տարի մեծ ուրախութեամբ դիմաւորեցինք Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շուէտի մասնաճիւղի 36 երէց սկաուտներ եւ աստիճանաւորական կազմը:
Բանակումի ծրագիրն էր Ա. եւ Բ. կարգի դաստիարակութիւն Յունաստանի մէջ, եւ կիրարկումի թուական Օգոստոս 9էն մինչեւ 13:
Շուէտի խմբապետուհի քոյր Կարինէ Սարգիսեան եւ Յունաստանէն մասնաճիւղի խմբապետ եղբ.Վիգէն Մինասեան, որ նշանակուեցաւ Շրջանային Սկաուտ խորհուրդին կողմէ, պատասխանատուներն էին սոյն բանակումին. նաեւ եղբ. Եղիշէ Շահպազեան օժանդակեց իր ներկայութեամբ բանակումի աշխատանքներուն:
Յունաստանի մասնաճիւղներէն մասնակցեցան 10 առաջնորդներ, փոխ-առաջնորդներ եւ երէցներ: Իրենց կողքին ունեցան օժանդակ խոհարարուհիներ քոյրեր Գ. Ալեանաքեան,Ծովիկ Մինասեան, Վերժին Գէորգեան եւ Մակի Հալաճեան:
՞Բանակումի ընթացքին պատրաստեցին իրենց բանակավայրը՝ փայտերով ու չուաններով, լարեցին խմբակներուն վրանները եւ հետեւեցան գիտելիքներու դաստիարակութեան. իսկ կէսօրէ ետք լող՝ ծովը. օրը կը փակուէր խարոյկի շուրջ անմոռանալի ներկայացումներով:
Շուէտի ու Յունաստանի սիրտերը միացան եւ կազմեցին «փոքր Հայաստան» մը՝ բանակաւայրին մէջ երգերով, կանչերով ու պարերով։
Դաստիարակութեան նիւթերէն մէկը՝ Հինգ Տաղաւարներ եւ Հաղորդութեան խորհուրդին մասին ներկայացուց Գոքինիոյ հոգեւոր հովիւ Վահրիճ Վրդ. Ղարախանեան: Իսկ երկրորդը՝ քոյր Ալեանաքեան «Տիպար խմբապետ» նիւթն էր:
Բանակումի աւարտին, մեկնեցանք դէպի պատմական Բոսիտոնաի Տաճարը, եւ Լաւրիօ շրջանը պտոյտ ու ճաշ ունեցանք։ Կէսօրէ ետք բոլոր մասնակցողները ժամանեցին Ֆիքսի ակումբը, ուր հիւրերը մնացին երկու օր՝ մինչեւ իրենց վերադարձի թուականը Շուէտ (անոնք հարց ունեցան վերադարձի օդանաւի տոմսերով), իսկ մեր տղաքը՝ իրենց տուները:
Հարկ է նշել, թէ բոլոր մեր պարտականութիւնները իբրեւ շրջան լրիւ կատարուեցան Շուէտի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտական պատուիրակութեան հանդէպ՝ «միշտ պատրա՛ստ» ոգիով. օժանդակեցին նաեւ Աթէնքի աստիճանաւորները, տեղւոյն Հ.Մ.Ը.Մ.ի վարչութիւնը, շրջանի Կոմիտէութիւնը եւ ակումբի անձնակազմը:
Հիւրերը այցելութիւն կատարեցին Ս.Կարապետ եկեղեցին եւ հանդիպում ունեցան հոգեւոր հովիւ Նարեկ Քահանայ Շահինեանի հետ: Տէր Հայրը յաջորդ գիշեր ինք հանդիպեցաւ ակումբ եւ հրամցուց գիշերուան ընթրիք՝ նուիրուած եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդին կողմէ. երեկոն շարունակուեցաւ խարոյկի շուրջ, ակումբի բակին մէջ:
Կատարուեցան շարք մը այցելութիւններ նաեւ Աթէնքի կեդրոն, մայրաքաղաքին շուրջը եւ մօտիկ ծովափներ: Բանակումին նպատակը եւ յայտագիրը հասաւ իր աւարտին՝ անմոռանալի տպաւորութիւններով բոլորին համար:
Վարձքը կատար բոլորին՝
Բարձրացիր-Բարձրացուր