Երկուշաբթի՝ 12 Դեկտեմբեր 2016ին ստորագրուեցաւ գործակցութեան համաձայնագիր՝ Յունական Սկաուտական Ֆետերասիոնին եւ Յունաստանի Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․ի Սկաուտական Միութեան միջեւ՝ համաձայն Սկաուտական Համաշխարհային Կազմակերպութեան նախատեսութեանց։ Ըստ համաձայնագիրին կը դասաւորուի աշխատաձեւը ներկայիս գործող ու ապագային հիմնուելիք Հ․Մ․Ը․Մ․ի Սկաուտական մասնաճիւղներուն։
Համաձայնագիրը ստորագրեցին հետեւեալները․ Յունական Սկաուտական Ֆետերասիոնին կողմէ՝ նախագահը եւ ընդհանուր պատասխանատուն.- Պարոններ Խրիստոս Լիղերոս եւ Թէօտորոս Քեֆալաս։ Իսկ Յունաստանի Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․ի կողմէ՝ Շրջանային Վարչութեան եւ Սկաուտական Շրջ․ Խորհուրդի ատենապետներ եղբայր Սարգիս Աղապատեան եւ քոյր Ակնէս Թոքաթլեան-Սրապեան։
Սոյն հանդիպումին ներկայ գտնուեցան, նաեւ, Յունական Սկաուտական Ֆետերասիոնէն պարոններ Քասմիրօղլու (փոխ-ատենապետ), Ն․ Խալիասոս (ընդհ․քարտուղար), Ն․Էւստաթիու (մնայուն օգնական վարիչ), Մ․Գոսդաքոս (Սարոնիքոյի Շրջ․ Խմբապետ) եւ Թ․ Քարայլանիդիս (Սարոնիքոյի օգնական Շրջ․ Խմբապետ)։ Իսկ Յունաստանի Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․ի Սկուտական Միութեան կողմէ՝ Կ․Ճանիկեան (Շրջ․Վրչ․փոխ-ատենապետ), Գ․Ալիանաքեան (Շրջ․Վրչ․արտուղար), Պ․Միքայէլեան (Շրջ․խմբապետ), Սկտ․Միութեան եւ Սկտ․ Շրջ․ Խորհուրդի անդամներ՝ եղբայրներ Յր․Մանուկեան եւ Խ․Մինասեան։
Յունաստանի Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․ի Սկուտական Միութիւնը սկսաւ իր գործունէութիւնը 1923ին։ Այդ թուականէն ասդին, Յունական Սկաուտական Ֆետերասիոնը միշտ աջակցեցաւ անոր գոյատեւման դժուար աշխատանքին՝ գործակցելով գաղութիս եւ Հ․Մ․Ը․Մ․ի պատասխանատուներուն հետ։ Վերոնշեալ համաձայնագրով՝ Յունաստանի Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․ Միութիւնը Յունական Սկաուտական Ֆետերասիոնին լիազօր անդամը դարձաւ ու անոր սկաուտական մասնաճիւղները յետ այսու վարչականօրէն մաս կը կազմեն Սարոնիքոյի Շրջանային Սկաուտական Կազմին։ Ապագային, եթէ հիմնուին նոր մասնաճիւղներ, անոնք ալ կանոնաւորապէս պիտի հետեւին նոյն աշխատաձեւին եւ, կանոնագրին համաձայն, պիտի ունենան համահաւասար իրաւունքներ ու պարտաւորութիւններ։ Հ․Մ․Ը․Մ․ի սկաուտները իրաւասութիւնը պիտի ունենան կրելու Խոստումի նշանն ու Հայ Սկաուտութեան ազգային փողկապը, ինչպէս նաեւ թեզանիքի ժապաւէնը եւ Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․ի երկու մասնակի դպրոցներուն (Արարատեան եւ Վկայեալ) նշանները։
Յունաստանի Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․ի Սկաուտական Միութեան անդամակցութիւնը Յունական Սկաուտական Ֆետերասիոնին՝ տարիներու գործակցութեան, բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքի ապացոյցն է։ Այս համագործակցութեամբ՝ նոր էջ մը կը բացուի Սկաուտական Շարժումին պատմութեան մէջ։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի գործունէութիւն 1
Յունական Սկաուտական Ֆետերասիոնին եւ Յունաստանի Հ․Մ․Ը․Մ․-Հ․Ա․Ս․Կ․ի Սկաուտական Միութեան միջեւ համաձայնագիր