Տպաւորիչ էր տեսնել, թէ որքա՜ն տիրականութեամբ բազմած է Հ.Մ.Ը.Մ.ի նոր մարզահամալիրը Այնճարի սրտին վրայ. ուրախալի ու հպարտալի էր վկայել, թէ արդիական բոլոր տուեալներով օժտուած մարզադաշտ մը ունեցաւ Այնճար հայաւանը. խորհրդաւոր էր ականատես ըլլալ այն իրողութեան, որ տարիներու երազը միս ու ոսկոր ստացած էր` շնորհիւ Այնճարի հայօրէն գոյատեւման կարեւորութեան գիտակցող ու անոր նկատմամբ խոր հաւատք ունեցող, աշխարհով մէկ տարածուած մուսալեռցիներուն նիւթական ու բարոյական օժանդակութեան. սրտաշէն եւ ցնծալից էր զգալ, թէ այս ծրագիրի ամբողջացման համար իշխանական նուիրատուութիւն կատարած Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան ամոլը, անոր բարեյաջող ծնունդին համար հետեւողական եւ ժրաջան աշխատանք տարած Այնճարի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ընտանիքին անդամներն ու պատասխանատուները որքան գոհ եւ ուրախ էին իրենց «գեղեցիկ եւ առողջ նորածին»ով:
Արդարեւ, բարձր հովանաւորութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի, հովանաւորութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Լիբանանի Շրջանային Վարչութեան, նախագահութեամբ տէր եւ տիկին Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեաններու, կազմակերպութեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի մասնաճիւղին վարչութեան, Շաբաթ՝ 9 Սեպտեմբեր 2017ին, երեկոյեան ժամը 6:00ին պաշտօնապէս եւ անմոռանալի հանդիսաւորութեամբ կատարուեցաւ բացումը Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզահամալիրին եւ «Կայծակ եւ Ծովիկ Զէյթլեան» մարզադաշտին` ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ Եպս. Փանոսեանի, պետական, ազգային, կուսակցական ու միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչներու եւ հիւրերու:
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի մարզադաշտի հանդիսաւոր բացում
Տպաւորիչ եւ յատկանշական իրագործում նկատուող Հ.Մ.Ը.Մ.ի Այնճարի մարզահամալիրի եւ «Կայծակ ու Ծովիկ Զէյթլեան» մարզադաշտի հանդիսաւոր բացումը