Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա­թէն­քի մաս­նա­ճիւ­ղի գա­թա­յի կտրու­մի հա­ւա­քոյ­թը տե­ղի ու­նե­ցաւ Եր­կու­շաբ­թի՝ 6 ­Փետ­րո­ւար 2017ին։
­Հա­ւա­քոյ­թին ներ­կայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի մար­զիկ­նե­րը, ան­դամ­նե­րը եւ բա­րե­կամ­նե­րը։ ­Ներ­կայ էին նաեւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը եւ սկաու­տա­կան խոր­հուրդ­նե­րը։
­Վար­չու­թեան ա­տե­նա­պետ եղբ. ­Ֆի­լիփ ­Ծե­րո­նեան, ե­րե­կո­յի բա­ցու­մը կա­տա­րե­լով, շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր ա­նոնց, ո­րոնք ներ­կայ էին հա­ւա­քոյ­թին։
­Շա­րու­նա­կե­լով՝ ան տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա­թէն­քի մաս­նա­ճիւ­ղի մար­զա­կան խում­բե­րուն վե­րա­բե­րեալ։ Այս­պէս՝ ոտ­նագն­դա­կի խում­բին մաս կը կազ­մեն 25 ան­դամ­ներ։ ­Խում­բը կը մրցի ԷՍՓԱի 2րդ ­դա­սա­կար­գին՝ գրա­ւե­լով 3րդ ­դիր­քը։ ­Կո­ղո­վագն­դա­կի խում­բին կը մաս­նակ­ցին 16 ան­դամ­ներ։ ­Խում­բը կը մրցի ԷՍՔԱՆԱի 3րդ ­դա­սա­կար­գին՝ գրա­ւե­լով 3րդ ­դիր­քը։ Եր­կու խում­բերն ալ վե­րել­քի մեծ հա­ւա­նա­կու­թիւն ու­նին։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա­թէն­քի մաս­նա­ճիւ­ղը կո­ղո­վագն­դա­կի խում­բեր կը պա­հէ՝ պա­տա­նի­նե­րու 12 մար­զիկ­նե­րով, փոք­րե­րու 10 մար­զիկ­նե­րով, Ա­քա­տի­միա՝ 19 մար­զիկ­նե­րով եւ junior՝ 15 մար­զիկ­նե­րով։
­Լո­ղոր­դա­կա­նի խում­բին մաս կը կազ­մեն 190 մար­զիկ­ներ, ճատ­րա­կի խում­բին՝ 15 մար­զիկ­ներ, ճատ­րա­կի Ա­քա­տի­միա­յին՝ 20 փոք­րեր, 6էն մին­չեւ 12 տա­րե­կան։ Այս խում­բե­րը շատ լուրջ աշ­խա­տանք կը տա­նին եւ շատ մեծ սպա­սում­ներ կան յա­ջորդ տա­րի­նե­րու ըն­թաց­քին։
­Վեր­ջա­պէս, մաս­նա­ճիւ­ղը կը մաս­նակ­ցի վազ­քի մրցում­նե­րու, մաս­նա­ւո­րա­բար ­Նէա Զ­միռ­նիի Historic Run վազ­քի մրցու­մին, ո­րուն այս տա­րի մաս­նակ­ցե­ցաւ 66 մար­զիկ­նե­րով։
­Զու­գա­հե­ռա­բար՝ մաս­նա­ճիւ­ղը ու­նի սկաու­տա­կան խում­բեր՝ մող­լիի, գայ­լիկ­նե­րու, սկաուտ­նե­րու եւ ե­րէց­նե­րու։
Եղբ. ա­տե­նա­պե­տը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց բո­լոր վար­չա­կան ան­դամ­նե­րուն եւ մար­զիչ­նե­րուն ա­ռանձ­նա­պէս, ի­րենց ցու­ցա­բե­րած պար­տա­ճա­նա­չու­թեան եւ նո­ւի­րա­բե­րու­մին հա­մար, ոչ միայն մար­զե­լով, այ­լեւ թի­կունք կանգ­նե­լով բո­լոր մար­զիկ­նե­րուն։
Ան անդ­րա­դար­ձաւ ի­րենց դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րուն՝ կոչ ուղ­ղե­լով բո­լո­րին քա­ջա­լե­րե­լու վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած ձեռ­նարկ­նե­րը, նպա­տակ ու­նե­նա­լով միու­թեան աշ­խու­ժու­թիւ­նը եւ բա­րե­լա­ւու­մը։
­Նիւ­թա­կան դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը ար­գելք չհան­դի­սա­ցան՝ ի­րա­կա­նու­թիւն դարձ­նե­լու, միու­թեան բա­րե­կամ­նե­րու ա­ջակ­ցու­թեամբ, մար­զա­դաշ­տի վե­րա­նո­րո­գու­մը, որ­պէս­զի մար­զիկ­նե­րը մար­զո­ւին ա­պա­հով մար­զա­դաշ­տի մը վրայ։
­Յա­ջոր­դա­բար, շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան օրհ­նեց գա­թան, որ բաժ­նո­ւե­ցաւ ներ­կա­նե­րուն։