Կիրակի, 15 Մայիս 2022-ին, Նէա Զմիռնիի գոց լողաւազանին մէջ, մեծ յաջողութեամբ տեղի ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Աթէնքի մասնաճիւղի լուղորդական խումբին տարեկան մրցումները, որոնց մասնակցեցան 130 մարզիկներ։
Խումբին փոքր մարզիկները մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեցան մրցումներուն եւ ցոյց տուին իրենց կարողութիւնները, որոնք զարգացուցած են շարունակական փորձերով:
Մրցաշարքը կը կազմակերպուի ամէն տարի, 1978-էն սկսեալ, երբ որ կազմուեցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի վարչութեան լուղորդական խումբը: Այն ունի փոքր լողաւազան մը, որ կ’օգտագործուի մարզիկներուն կողմէ, որոնք կը փափաքին լողալ սորվիլ, ինչպէս նաեւ՝ մեծ լողաւազան մը, որը կ’օգտագործեն մարզիկներ, որոնք մրցումներու կը մասնակցին:
Մրցումներուն օրը, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Աթէնքի վարչութեան կողմէ խօսք ուղղեց եղբ. Եաննիս Խրիսթոֆորիտիս: Բոլոր մարզիկները մետալներ եւ մասնակցութեան գիրեր ստացան:
Մրցաշարքը վայելեց ծնողներու եւ ներկաներու գնահատանքը։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի լուղորդական խումբը յաջողութեամբ կը մասնակցի այլ խումբերու մրցաշարքերուն եւս: Մայիս ամսուան ընթացքին խումբը մասնակցեցաւ «Ռեսթիա» մրցաշարքին, ուր Հ.Մ.Ը.Մ.ի մարզիկները շահեցան 1 ոսկի եւ 3 պրոնզէ մետալներ 600 մարզիկներու միջեւ, ամբողջ Յունաստանի տարածքէն:
Շնորհաւորութիւններ մարզիկներուն եւ իրենց մարզիչներուն:
Թղթակից