Ինչ­պէս ա­մէն տա­րի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա­թէն­քի մաս­նա­ճիւ­ղը կազ­մա­կեր­պեց ա­ւան­դա­կան գա­թա­յի կտրու­մը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եր­կու­շաբ­թի՝ 28 ­Յու­նո­ւա­րին, ­Ֆիք­սի «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բի «Ա­ւե­տի­քեան» սրա­հէն ներս:

­Բեր­նէ-բե­րան լե­ցուն սրա­հին մէջ ներ­կայ էին Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը, Հ.Յ.Դ. «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ­Կո­մի­տէն, Հ. Կ. ­Խա­չի ­Ֆիք­սի «­Ռու­բի­նա» մաս­նա­ճիւ­ղի վար­չու­թեան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի շրջա­նի սկաու­տա­կան կազ­մը, Ծ­նո­ղա­կան ­Միու­թիւ­նը, մար­զիկ­ներ, սկաուտ­ներ, Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան քոյ­րեր եւ եղ­բայր­ներ:

Ե­լոյ­թի բա­ցու­մը կա­տա­րեց քոյր Ե­ղիս ­Ղե­ւոն­դեան, որ բա­րի գա­լուս­տի իր խօս­քէն ետք հրա­ւի­րեց ներ­կա­նե­րը՝ մէկ վայր­կեա­նի յոտն­կայս լռու­թեամբ յար­գե­լու վաս­տա­կա­ւոր Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան եղբ. Օն­նիկ ­Շան­կա­յեա­նի յի­շա­տա­կը, որ եր­կու օր ա­ռաջ առ­յա­ւէտ բաժ­նո­ւե­ցաւ մեզ­մէ:

­Քոյր ­Ղե­ւոն­դեան իր բաց­ման խօս­քին մէջ անդ­րա­դար­ձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ա­ռա­քե­լու­թեան ու նպա­տա­կին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի հա­մաշ­խար­հա­յին կա­ռոյ­ցին ու գոր­ծու­նէու­թեան եւ իր խօս­քը փա­կեց՝ ը­սե­լով, թէ այ­սօր 100ա­մեա­կի ա­ռա­ւել մէկ տա­րի թե­ւա­կո­խած ենք ու այս մէ­կը կը նշա­նա­կէ վե­րած­նունդ, նոր խան­դա­վա­ռու­թիւն եւ ուժ՝ շա­րու­նա­կե­լու հա­յա­պահ­պան­ման ու հա­յա­կեր­տու­մի աշ­խա­տան­քը:

Ա­պա՝ հրա­ւի­րեց Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա­թէն­քի մաս­նա­ճիւ­ղի ա­տե­նա­պետ եղբ. ­Յո­վիկ ­Տէր-­Յո­վա­կի­մեա­նը, որ ի մի­ջի այ­լոց անդ­րա­դար­ձաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մաս­նա­ճիւ­ղի մար­զա­կան ու սկաու­տա­կան խում­բե­րուն:

Այ­սօր Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա­թէն­քի մաս­նա­ճիւ­ղը, բա­ցի իր սկաու­տա­կան միա­ւո­րէն, կը պա­հէ ոտ­նագն­դա­կի ե­րէց­նե­րու խումբ, կո­ղո­վագն­դա­կի՝ ե­րէց­նե­րու, ե­րի­տա­սարդ­նե­րու, պա­տա­նի­նե­րու եւ ա­կա­դե­միա­յի խում­բեր, ինչ­պէս նաեւ լո­ղոր­դա­կա­նի եւ վազ­քի խում­բեր:

Եղբ. ա­տե­նա­պե­տի ներ­կա­յա­ցու­մէն ետք, հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ քոյր Ան­կե­լի­քի ­Քե­րո­բեան, որ­պէս­զի փո­խան­ցէ ­Սկաու­տա­կան ­Խոր­հուր­դի ող­ջոյ­նի խօս­քը:

­Վի­տէօ ե­րի­զի ներ­կա­յա­ցու­մէն ետք, ո­րուն մէջ կը ցու­ցադ­րո­ւէին մաս­նա­ճիւ­ղին խում­բե­րը, վեր­ջա­պէս հա­սաւ պար­գե­ւատ­րում­նե­րու ժա­մը:

Այս տա­րի վար­չու­թեան ո­րո­շու­մով պա­տո­ւոյ յու­շա­տախ­տա­կը յանձ­նո­ւե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ս­կաու­տա­կան ­Խոր­հուր­դին, զոր ստա­ցաւ քոյր Ան­կե­լի­քի ­Քե­րո­բեան (յա­նուն ­Խոր­հուր­դին) եւ որ յանձ­նո­ւե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան ան­դամ քոյր Ակ­նէս ­Թո­քաթ­լեա­նի կող­մէ:

­Լո­ղոր­դա­կան մար­զիկ­նե­րու պար­գե­ւատ­րու­մէն ա­ռաջ խօս­քը տրո­ւե­ցաւ լո­ղոր­դա­կա­նի մար­զիչ ­Նի­քոլ ­Վու­ցի­նա­յին, ներ­կա­յաց­նե­լու հա­մար 2018ի լո­ղոր­դա­կա­նի մար­զա­կան նո­ւա­ճում­նե­րը: ­Յա­ջոր­դա­բար պար­գե­ւատ­րուե­ցան լո­ղոր­դա­կա­նի 5 մար­զիկ­ներ, ո­րոնք 2018ի ըն­թաց­քին լո­ղոր­դա­կա­նի զա­նա­զան մրցում­նե­րուն ստա­ցած էին շքան­շան­ներ: ­Լո­ղորդ­նե­րու բա­ժակ­նե­րը յանձ­նեց Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան եւ եր­կու շա­րու­նա­կա­կան տա­րի «Ju Jitsu»ի աշ­խար­հի ա­խո­յեան եղբ. Ա­րա ­Ճա­նի­կեան:

­Ձեռ­նար­կի վեր­ջա­ւո­րու­թեան հրա­ւի­րո­ւե­ցաւ շրջա­նի հո­գե­ւոր հո­վիւ ­Նա­րեկ Քհնյ. ­Շա­հի­նեան՝ օրհ­նե­լու հա­մար գա­թան, իր կող­քին ու­նե­նա­լով եղբ. ­Կար­պիս ­Ճա­նի­կեա­նը:

­Յա­ջոր­դեց հիւ­րա­սի­րու­թիւն:

ԹՂԹԱԿԻՑ