Ա­ւե­լի քան 100 ա­շա­կերտ­ներ ի­րենց խան­դա­վառ մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րին մրցում­նե­րուն՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի ­Մա­յի­սեան փա­ռա­պանծ յաղ­թա­նակ­նե­րու ո­գե­ւո­րիչ մթնո­լոր­տին մէջ

Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Յու­նաս­տա­նի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պու­թեամբ, ­Շա­բաթ՝ 18 ­Մա­յիս 2019ի ե­րե­կո­յեան, ­Քա­լի­թէա­յի «Ղր. ­Լապ­րա­գիս» մար­զա­դաշ­տէն ներս, տե­ղի ու­նե­ցան ­Մա­յի­սեան 3րդ ­խա­ղե­րը, ո­րոնք կ­՚ընդգր­կէին թե­թեւ աթ­լե­թիզ­մի մար­զա­կան մրցում­ներ՝ նա­խակր­թա­րա­նի եւ միջ­նա­կար­գի ա­շա­կեր­տու­թեան հա­մար։
­Խա­ղե­րը նո­ւի­րո­ւած էին հայ ժո­ղո­վուր­դի ­Մա­յի­սեան յաղ­թա­նակ­նե­րուն՝ 1918ի Հ.Հ. փա­ռա­պանծ ան­կա­խու­թեան եւ ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­թեան զոյգ թո­ւա­կան­նե­րուն։
Ա­ւե­լի քան հա­րիւր ա­շա­կերտ­ներ՝ Հ.Կ.­Խա­չի «­Զա­ւա­րեան», «Լ. եւ Ս. ­Յա­կո­բեան» եւ «­Ճէ­նա­զեան» ազ­գա­յին վար­ժա­րան­նե­րէն, ըն­դա­ռա­ջե­լով Հ.Մ.Ը.Մ.ի կո­չին, մաս­նակ­ցե­ցան մրցում­նե­րուն ու յա­ռաջ բե­րին ան­հա­տա­կան եւ խմբա­յին մար­զա­կան կա­րո­ղու­թիւն­ներ՝ զա­նա­զան թե­թեւ մար­զա­ձեւ­նե­րու մէջ։
­Մա­յի­սեան խա­ղե­րու բա­ցու­մը ե­ղաւ մար­զիկ­նե­րու տպա­ւո­րիչ տո­ղանց­քով, ա­ռաջ­նոր­դու­թեամբ Ա­թէն­քի եւ ­Գո­քի­նիոյ սկաու­տա­կան մաս­նա­ճիւղ­նե­րու թմբկա­հար­նե­րուն։
Ա­պա՝ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ բա­րի գալս­տեան խօս­քով հան­դէս ե­կաւ քոյր Ար­շա ­Սա­մո­ւէ­լեան, որ յայտ­նեց.- «­Սոյն մրցում­նե­րուն նպա­տակն է մաս­նակ­ցու­թիւ­նը, ձգտու­մը դէ­պի լա­ւա­գոյ­նը եւ մարմ­նա­մար­զի ըն­ձե­ռած ու­րա­խու­թիւ­նը։
«Հ.Մ.Ը.Մ.ը միու­թիւն մըն է, ո­րուն հիմ­քը կը կազ­մէ ե­րի­տա­սար­դու­թիւ­նը։ Ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին, բո­լորս վկայ ե­ղանք ստեղ­ծո­ւած այն մթնո­լոր­տին, ո­րուն մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ե­րի­տա­սար­դա­կան Ա. ­Հա­մա­գու­մա­րը, մաս­նակ­ցու­թեամբ աշ­խար­հի չորս կող­մե­րէն եւ 18 շրջան­նե­րէ ­Յու­նաս­տան ե­կած մեծ թի­ւով ե­րի­տա­սարդ­նե­րու։ «Ե­րի­տա­սարդ­ներ, ո­րոնք կ­՚ապ­րին ի­րենց եր­կիր­նե­րու ըն­կե­րա­յին մթնո­լոր­տի ազ­դե­ցու­թեան տակ, հա­մախմ­բո­ւե­ցան եւ ազ­գա­յին ա­մուր գի­տակ­ցու­թեամբ, քննար­կե­ցին ի­րենց դի­մագ­րա­ւած դժո­ւա­րու­թիւն­նե­րը եւ ներ­կա­յա­ցու­ցին ի­րենց տես­լա­կան­նե­րը Հ.Մ.Ը.Մ.ի երկ­րորդ հա­րիւ­րա­մեա­կի սե­մին»։
«Հ.Մ.Ը.Մ.ի յաղ­թա­կան եր­թը զու­գա­հեռ կ­՚ըն­թա­նայ հայ ժո­ղո­վուր­դի յաղ­թա­կան եր­թին հետ՝ 1918ի ան­կա­խու­թե­նէն մին­չեւ ­Շու­շիի ա­զա­տագ­րու­մը, ո­րով­հե­տեւ ա­նի­կա երթն է մեր ա­զա­տա­տենչ եւ հայ­րե­նա­սէր ե­րի­տա­սար­դու­թեան»։
­Խա­ղե­րու յայ­տա­գի­րը կը պա­րու­նա­կէր 60 մեթր վազ­քի, դրօ­շար­շա­ւի 4X100, գուն­դի հե­ռար­ձակ­ման, հե­ռա­ցատ­կի եւ բարձ­րա­ցատ­կի մար­զա­ձեւ­նե­րը։ ­Մաս­նակ­ցող ա­շա­կերտ­նե­րը հեր­թով կա­տա­րե­ցին բո­լոր ձե­ւե­րը, իսկ ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դը իր խան­դա­վա­ռու­թեամբ եւ ծա­փող­ջոյն­նե­րով խրա­խու­սեց մաս­նակ­ցող­նե­րուն։
Ա­ւար­տին, բո­լոր մաս­նակ­ցող­նե­րը ստա­ցան խորհր­դան­շա­կան շքան­շան­ներ եւ յու­շա­նո­ւէր­ներ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեան կող­մէ։
Մր­ցում­նե­րու տե­ւո­ղու­թեան, սկաու­տա­կան ծնո­ղա­կան խոր­հուրդ­նե­րու ան­դամ­նե­րը, վար­ժա­րան­նե­րու ու­սու­ցիչ­նե­րը եւ մեծ թի­ւով Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան կա­մա­ւոր­ներ հսկե­ցին մար­զա­ձեւ­նե­րու յայ­տագ­րին գոր­ծադ­րու­թեան։ ­Նաեւ՝ ներ­կայ ե­ղան ­Յու­նաս­տա­նի ­Կար­միր ­Խա­չի հի­ւան­դա­պահ­ներ, անհ­րա­ժեշտ բժշկա­կան խնամք տա­լու հա­մար, ե­թէ հարկ զգա­ցո­ւէր։
­Մա­յի­սեան խա­ղե­րը ո­գե­ւո­րու­թիւն եւ հպար­տու­թիւն պատ­ճա­ռե­ցին նախ մեր ա­շա­կեր­տու­թեան, ա­պա նաեւ՝ ներ­կայ ժո­ղո­վուր­դին, ո­րոնք խան­դա­վա­ռու­թեամբ կ­՚ակն­կա­լեն նման տպա­ւո­րիչ ե­լոյթ­նե­րու կազ­մա­կեր­պու­մը ա­մէն տա­րի։