Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Հիմ­նադ­րու­թիւն

Հ.Մ.Ը.Մ.ի 100ամեակ

0
31944

­Պո­լիս — ­Գա­ւառ­ներ — ­Կի­լի­կիա

Հ.Մ.Ը.Մ.
­Հայ ­Մարմ­նակր­թա­կան Ընդ­հա­նուր ­Միու­թիւն

­Կը հիմ­նո­ւի 1918ին, քայ­քա­յո­ւած Օս­մա­նեան Կայս­րու­թեան մայ­րա­քա­ղաք ­Պոլ­սոյ մէջ, խումբ մը հայ­րե­նա­սէր ու գա­ղա­փա­րա­պաշտ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու կող­մէ, թուր­քի ցե­ղաս­պա­նու­թեան դէմ վսեմ յղա­ցու­մով՝ Ե­ղեռ­նէն ճո­ղոպ­րած մեր մնա­ցոր­դի զա­ւակ­նե­րէն եւ որ­բե­րու սե­րուն­դէն բարձ­րա­ճա­կատ ու վրէժխնդ­իր հա­յոր­դի­ներ պատ­րաս­տե­լու հա­մար։
— ­Պոլ­սոյ մէջ մար­զա­կան ա­կումբ­ներն ու խում­բե­րը ­Հայ ­Մարմ­նա­մար­զա­կան Ընդ­հա­նուր ­Միու­թեան մը դրօ­շին տակ հա­ւա­քե­լու գա­ղա­փա­րը յղա­ցած էր ­Հայ մարմ­նակր­թան­քի ռահ­վի­րայ, ­Պոլ­սոյ մէջ հրապ­րա­կա­յին ա­ռա­ջին սկաու­տա­կան եր­դու­մը տո­ւող եւ հայ­կա­կան ա­ռա­ջին մար­զա­կան «­Մարմ­նա­մարզ» պար­բե­րա­թեր­թի հրա­տա­րա­կիչ ­Շա­ւարշ Ք­րի­սեան։ ­Նա­հա­տա­կո­ւած՝ 1915ին։
— Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմ­նա­դիր ժո­ղո­վը կը գու­մա­րո­ւի 16 ­Նո­յեմ­բեր 1918ին։
­Հիմ­նա­դիր ժո­ղո­վի ան­դամ­ներն էին՝
Ս­կաու­տա­պետ Գ­րի­գոր ­Յա­կո­բեան, ­Տիգ­րան ­Խո­յեան (ա­պա՝ ­Տիգ­րան Ա. Քհնյ. ­Խո­յեան), ­Գար­լօ ­Շա­հի­նեան, ­Հայկ ­Ճիզ­մէ­ճեան, ­Լե­ւոն ­Յա­կո­բեան, ­Ժի­րայր ­Խո­րա­սան­ճեան, ­Վահ­րամ ­Փա­փա­զեան։
— Հ.Մ.Ը.Մ.ի «­Բարձ­րա­ցի՛ր, բարձ­րա­ցո՛ւր» նշա­նա­բա­նը կը յղա­նայ ­Պետ­րոս Ատ­րու­նի։
— Ս­կաու­տա­կան գա­ղա­փա­րա­խօ­սը կ­’ըլ­լայ՝ ­Յով­հան­նէս ­Հինդ­լեան։
— Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ծ­րա­գիր-­Կա­նո­նագ­րի գլխա­ւոր խմբա­գիրն էր Յ. Ճ. ­Սի­րու­նի։
— 1918 ­Նո­յեմ­բեր 16ին գու­մա­րո­ւած Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմ­նա­դիր ժո­ղո­վը կ­’ո­րո­շէ ­Պոլ­սոյ թա­ղե­րուն մէջ կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք տա­նիլ եւ հիմ­նել Հ.Մ.Ը.Մ.ի մաս­նա­ճիւ­ղներ։
— ­Հիմ­նա­դիր ան­դամ­նե­րէն ­Մաս­նա­ճիւ­ղներ հիմ­նե­լու ե­ռան­դուն աշ­խա­տան­քի կը լծո­ւին՝
Գ­րի­գոր ­Յա­կո­բեան եւ ­Ժի­րայր ­Խո­րա­սան­ճեան — ­Բե­րա թա­ղին մէջ։
­Հայկ ­Ճիզ­մէ­ճեան եւ ­Գար­լօ ­Շա­հի­նեան — Ս­կիւ­տար թա­ղին մէջ։
­Տիգ­րան ­Խո­յեան եւ ­Լե­ւոն ­Յա­կո­բեան — ­Սա­մա­թիա թա­ղին մէջ։
— 1918ի ­Նո­յեմ­բեր 27ին, հիմ­նա­դիր ան­դամ­նե­րու ­Կեդր. ­Վար­չու­թաեն Բ. ժո­ղո­վը կը հաս­տա­տէ ­Բե­րա­յի, Ս­կիւ­տա­րի եւ ­Սա­մա­թիոյ մէջ հիմ­նո­ւած Հ.Մ.Ը.Մ.ի մաս­նա­ճիւ­ղե­րը։
— ­Մաս­նա­ճիւ­ղեր հիմ­նե­լու աշ­խա­տանք­նե­րը կը շա­րու­նա­կո­ւին եւ կարճ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի մը մէջ ոչ միայն ­Պոլ­սոյ, այ­լեւ ա­նոր մօ­տա­կայ Ա­տա­բա­զար, ­Պար­տի­զակ, Իզ­միթ (­Նի­կո­մի­տիա) եւ ­Ռո­տոս­թօ քա­ղաք­նե­րուն մէջ կը հիմ­նո­ւին թի­ւով 23 մաս­նա­ճիւ­ղներ, ո­րոնց վրայ կ­’ա­ւել­նան նաեւ Ար­մա­շի Դպ­րե­վան­քին մէջ հաս­տա­տո­ւած եւ երկ­րա­գոր­ծու­թեան նո­ւի­րո­ւած որ­բա­նո­ցի 120 սա­նե­րը, իբ­րեւ սկաու­տա­կան միա­ւոր-մաս­նա­ճիւղ, եւ ո­րոնք 1920ին, կը փո­խադ­րո­ւին ­Հա­յաս­տան, հոն մնա­լու եւ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար երկ­րա­գոր­ծու­թեան ու­սու­մը։
— 1918 ­Դեկ­տեմ­բե­րին, Հ.Մ.Ը.Մ. պաշ­տօ­նա­պէս կը վա­ւե­րա­ցո­ւի Ազգ. ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան կողմէ։
— ­Հա­մաշ­խար­հա­յին Ա. Պա­տե­րազ­մի զի­նա­դա­դա­րէն ետք, հա­յու­թեան մնա­ցոր­դը կը հա­մախմ­բո­ւի իր ծննդա­վայ­րնե­րուն մէջ եւ կը սկսի վե­րա­կեն­դա­նաց­նելու իր օ­ճա­խը եւ ազ­գա­յին կեան­քը։
— 1919ին, ­Պո­լիս, ­Գա­տը­գիւ­ղի «Իւ­նիոն Ք­լիւպ»ի մար­զա­վայ­րին մէջ, ­Զա­ւէն ­Պատ­րիար­քի նա­խա­գա­հու­թեամբ, տե­ղի կ­’ու­նե­նայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդ­րո­նա­կան ­Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա. Ո­ղիմ­պիա­կա­նը։
— 1919ին, ­Պոլ­սոյ մէջ, ազ­գա­յին ընդ­հա­նուր սկաու­տա­պետ Գ­րի­գոր ­Յա­կո­բեա­նի հրա­հան­գով, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րը կը կա­տա­րեն շքեղ տո­ղանցք։
— ­Պա­տե­րազ­մի տա­րի­նե­րուն ա­նօ­րի­նակ նախ­ճի­րէն հա­զիւ ճո­ղոպ­րած մեր ժո­ղո­վուր­դի բե­կոր­նե­րը, իբ­րեւ փրկու­թեան վեր­ջին յոյս, կը լե­ցո­ւին ­Պո­լիս, ուր պոլ­սա­հա­յե­րու կող­մէ կ­’ըն­դու­նո­ւին սրտբաց եւ կը պատս­պա­րո­ւին։ Ազգ. Խ­նա­մա­տա­րու­թեան հո­գա­ծու­թե­նէն բա­ցի, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդր. ­Վար­չու­թիւ­նը ա­նոնց յա­տուկ դե­ղա­րան մը կը բա­նայ, գոր­ծի կը լծէ իր սկաուտ­նե­րը, ո­րոնք մեծ նո­ւի­րու­մով կը դի­մեն ­Պոլ­սոյ դե­ղա­րան­նե­րը եւ կը հայ­թայ­թեն անհ­րա­ժեշտ բո­լոր դե­ղե­րը։
— 1919ի ­Հոկ­տեմ­բե­րին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կը հրա­տա­րա­կո­ւի «­Հայ Ս­կաուտ» թեր­թը։
— 1919ին, Իզ­մի­րի, Ա­տա­բա­զա­րի, ­Մար­զո­ւա­նի մէջ եւ այ­լուր, նոր ե­ռան­դով կ­’աշ­խու­ժա­նայ մար­զա­կան գոր­ծու­նէու­թիւ­նը։
— ­Կի­լի­կիոյ մէջ կը կազ­մա­կեր­պո­ւի ­Կի­լի­կիոյ ­Հայ ­Մարմ­նա­մար­զա­կան միու­թիւ­նը։
— Ա­տա­նա­յի մէջ, հի­մը կը դրո­ւի Ա­րիա­մարտ ­Մարմ­նակր­թա­կան ­Միու­թեան, որ մաս­նա­ճիւ­ղնե­ր կ­’ու­նե­նայ ­Տար­սո­նի եւ ­Մեր­սի­նի մէջ։
Աշ­խա­տանք կը տա­րո­ւի մաս­նա­ճիւ­ղներ հիմ­նե­լու նաեւ ­Սիս, ­Հա­ճըն, ­Մա­րաշ, ­Զէյ­թուն եւ ­Տէօրթ-Եօլ քա­ղաք­նե­րու մէջ։
— Ա­րիա­մարտ ­Մարմ­նակր­թա­կան ­Միու­թիւ­նը կա­պի մէջ կը մտնէ ­Պո­լիս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան հետ, որ ի­րա­ւունք կու­տայ եւ Ա­տա­նա­յի մէջ կը կազ­մո­ւի Հ.Մ.Ը.Մ.ի առ­ժա­մեայ յանձ­նա­խումբ։
— 1919 ­Նո­յեմ­բե­րին, առ­ժա­մեայ յանձ­նա­խում­բը կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խա­տանք­ներ տա­նե­լէ ետք, ­Կի­լի­կիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.ի մաս­նա­ճիւ­ղնե­րը կ­’ընտ­րեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կի­լի­կիոյ Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թիւ­նը։
— ­Նո­րըն­տիր Շրջ. ­Վար­չու­թիւ­նը մեծ ե­ռան­դով գոր­ծի կը սկսի եւ 1920 ­Մար­տին, Ա­տա­նա­յի «Աբ­գա­րան» վար­ժա­րա­նի մէջ կը կազ­մա­կեր­պէ սկաու­տա­կան երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թիւն։
— 1920ի ­Մա­յիս 28ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­ներ, Ա­տա­նա­յի մէջ, ի­րենց մաս­նակ­ցու­թիւ­նը կը բե­րեն ­Հա­յաս­տանի Ան­կախ ­Հան­րա­պե­տու­թեան հրա­պա­րա­կա­յին տօ­նա­կա­տա­րու­թեան։
— 1920ին, ­Գա­տը­գիւ­ղի «Իւ­նիոն Ք­լիւպ»ի մար­զա­վայ­րին մէջ տե­ղի կ­’ու­նե­նայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան կազ­մա­կեր­պած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Բ. Ո­ղիմ­պիա­կա­նը։
— 1920ին եւ 1921ին կը գու­մա­րո­ւին Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Պատ­գա­մա­ւո­րա­կան ժո­ղով­ներ եւ կ­’ընտ­րո­ւին նոր ­Կեդր. ­Վար­չու­թիւն­ներ։
— 1921ին, ա­ռանձ­նա­բար, տե­ղի կ­’ու­նե­նան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Սիւ­տա­րի, ­Սա­մա­թիոյ, ­Բե­րա-­Շիշ­լիի եւ թա­ղա­յին մաս­նա­ճիւ­ղնե­րու տա­րե­կան ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րը։
— 1921ին տե­ղի կ­’ու­նե­նան Հ.Մ.Ը.Մ.ի ֆութ­պո­լի ­Լի­կի ա­խո­յեա­նու­թեան մրցում­ներ, մաս­նակ­ցու­թեամբ Հ.Մ.Ը.Մ.ի Իզ­մի­թի, ­Պէ­շիկ­թա­շի, ­Գում-­Գա­փո­ւի, ­Գա­տը­գիւ­ղի եւ ­Բե­րա-­Շիշ­լիի մաս­նա­ճիւ­ղե­րու խում­բե­րուն։ Ա­ւար­տա­կան մրցու­մը՝ ­Գում-­Գա­փո­ւի եւ ­Բե­րա-­Շիշ­լիի խում­բե­րուն մի­ջեւ, վերջ կը գտնէ 1-1 հա­ւա­սար ար­դիւն­քով։ Մր­ցու­մը կը կրկնո­ւի եւ 2-0 ար­դիւն­քով յաղ­թա­նա­կին, ա­խո­յեա­նի տիտ­ղո­սին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդր. ­Վար­չու­թեան տրա­մադ­րած բա­ժա­կին կը տի­րա­նայ Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Բե­րա-­Շիշ­լիի խում­բը։
— Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան­ներ, ա­մէ­նու­րեք, կը պատ­րաս­տուին մաս­նակ­ցե­լու ­Պո­լիս, Հ.Մ.Ը.Մ.ի Գ. Ո­ղիմ­պիա­կա­նին։
— 1921ին, սա­կայն, ­Թուր­քիոյ մէջ ներ­քին յե­ղաշր­ջու­մով եւ քե­մա­լա­կան­նե­րու յաղ­թա­նա­կով, հայ ժո­ղո­վուր­դը, հար­կադ­րա­բար, ան­գամ մը եւս կը լքէ իր ծննդա­վայ­րը ու կը դառ­նայ գաղ­թա­կան։
— 1922 ­Սեպ­տեմ­բեր 16ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդր. ­Վար­չու­թիւ­նը ­Թուր­քիոյ մէջ լու­ծո­ւած կը յայ­տա­րա­րէ Հ.Մ.Ը.Մ.ը, որ, իբ­րեւ հա­րա­զատ զա­ւա­կը իր ժո­ղո­վուր­դին, կը հե­տե­ւի ա­նոր, սփիւռ­քա­հայ գա­ղութ­նե­րու մէջ շա­րու­նա­կե­լու հա­մար հա­յա­պահ­պան­ման նո­ւի­րա­կան ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը։
— Ար­տերկ­րի մէջ, գաղ­թա­կան հա­յու­թիւ­նը բնա­կու­թիւն կը հաս­տա­տէ տար­բեր եր­կիր­նե­րու մէջ։ Այ­սու­հան­դերձ, տա­րի­նե­րու հո­լո­վոյ­թին հետ, քա­ղա­քա­կան ներ­քին պայ­քար­նե­րու, վար­չա­կար­գնե­րու փո­փո­խու­թիւն­նե­րու եւ տնտե­սա­կան տագ­նապ­նե­րու հե­տե­ւան­քով, կա­մայ թէ ա­կա­մայ, կա­տա­րո­ւած են ու կը կա­տա­րո­ւին ա­ւե­լի ա­պա­հով շրջան­ներ կամ եր­կիր­ներ տե­ղա­փո­խու­թիւն­ներ։
­Հե­տե­ւա­բար, թո­ւա­կան նո­ւա­զու­մով կը տկա­րա­նան եր­բեմ­նի շէն ու բար­գա­ւաճ գա­ղութ­ներ, կամ թո­ւա­կան յաւե­լու­մով կը հզօ­րա­նան տկար ու փոք­րա­թիւ գա­ղութ­ներ, կը ստեղ­ծո­ւին նաեւ աշ­խար­հագ­րա­կա­նօ­րէն ի­րար­մէ հե­ռու նոր գա­ղութ­ներ։ Հ.Մ.Ը.Մ. միշտ փնտռո­ւած ներ­կա­յու­թիւն կ­’ըլ­լայ ա­մէ­նու­րեք։

Ա­ռա­քե­լու­թիւն դէ­պի ­Հա­յաս­տան

1920ի ­Յու­լի­սին, ­Վա­հան ­Չե­րազ, Օն­նիկ Եազ­մա­ճեան եւ ­Տիգ­րան ­Խո­յեան կը մեկ­նին ­Հա­յաս­տան, կրթա­կան նա­խա­րար ­Նի­կոլ Աղ­բա­լեա­նի հրա­ւէ­րով, ա­զատ ու ան­կախ հայ­րե­նի­քի մէջ մար­զա­կան եւ սկաու­տա­կան դաս­տիա­րա­կու­թիւ­նը կազ­մա­կեր­պե­լու եւ տա­րա­ծե­լու հա­մար։
­Նա­խա­պէս, ար­դէն, հայ­րե­նի­քին ի­րենց նո­ւի­րեալ ծա­ռա­յու­թիւ­նը բե­րե­լու հա­մար ­Հա­յաս­տան մեկ­նած էին պոլ­սա­հայ մար­զա­կան կեան­քի ռահ­վի­րա­նե­րէն Ե­ղի­շէ եւ Եզ­նիկ ­Քա­ջու­նի եղ­բայր­նե­րը եւ ­Վա­հան ­Չե­րազ։ 1919ին ­Չե­րազ վե­րա­դար­ձած էր ­Պո­լիս։
— 1920ի Օ­գոս­տո­սին, դէ­պի ­Հա­յաս­տան ճամ­բոր­դու­թեան ըն­թաց­քին, ­Վա­հան ­Չե­րազ, Օն­նիկ Եազ­մա­ճեան եւ ­Տիգ­րան ­Խո­յեան, ­Պա­թու­մի մէջ, ի­րենց կե­ցու­թեան օ­րե­րուն, տեղ­ւոյն 20 սկաուտ­նե­րով կը հիմ­նեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի մաս­նա­ճիւղ։
— ­Հա­յաս­տա­նի մէջ, ե­ռան­դամ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը կը կազ­մէ ֆութ­պո­լի խում­բեր, կը կազ­մա­կեր­պէ հե­տաքրք­րա­կան մրցում­ներ։
— 1920ի ­Սեպ­տեմ­բե­րին, Ա­լեք­սանդ­րա­պո­լի մէջ տե­ղի կ­’ու­նե­նայ ֆութ­պո­լի մրցում, տեղ­ւոյն «­Զօ­րա­վար ­Վար­դան» եւ Ե­րե­ւա­նի խում­բե­րուն մի­ջեւ, նա­խա­գա­հու­թեամբ ­Շի­րա­կի նա­հան­գա­պետ ­Կա­րօ ­Սա­սու­նիի եւ ի­րա­ւա­րարու­թեամբ ­Տիգ­րան ­Խո­յեա­նի։ ­Կը յաղ­թէ Ե­րե­ւա­նի խում­բը, 1-0 ար­դիւն­քով։
— Ե­ռան­դամ պա­տո­ւի­րա­կու­թիւ­նը կազ­մա­կերպ­չա­կան աշ­խոյժ գոր­ծու­նէու­թիւն կ­’ու­նե­նայ, սա­կայն կար­ճա­տեւ, եւ անոր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը վերջ կը գտնէ ­Հա­յաս­տա­նի խորհր­դայ­նա­ցու­մով, 2 Դեկտեմբեր 1921ին։
-Ե­ռան­դամ պա­տո­ւի­րա­կու­թեան ան­դամ­նե­րէն ­Վա­հան ­Չե­րազ, իբ­րեւ վար­ձատ­րու­թիւն իր մարմ­նակրթա­կան, սկաու­տա­կան եւ որ­բախ­նա­մի աշ­խա­տանքներուն, կը գնդա­կա­հա­րո­ւի ­Թիֆ­լի­սի ­Չե­կա­յի բան­տին մէջ։

­Յու­նաս­տան

1922ին, ա­ռա­ւե­լա­բար ­Պոլ­սոյ եւ Իզ­մի­րի շրջան­նե­րէն բազ­մա­հա­զար հա­յեր կը գաղ­թեն ու կը հաս­տա­տո­ւին ­Յու­նաս­տան։
Հ.Մ.Ը.Մ.ի ­Կեդր. ­Վար­չու­թիւ­նը, Հ.Մ.Ը.Մ.ը լու­ծար­քի են­թար­կե­լէ ետք ­Թուր­քիոյ մէջ, կ­’ո­րո­շէ օգ­նու­թեան հաս­նիլ ­Յու­նաս­տա­նի հայ գաղ­թա­կան­նե­րուն եւ կը կազ­մէ օգ­նու­թեան յա­տուկ մար­մին մը։
— ­Գաղ­թա­կան Հ.Մ.Ը.Մ.ա­կան­ներ, ի­րենց հաս­տա­տո­ւած վայ­րե­րուն մէջ կը հիմ­նեն Հ.Մ.Ը.Մ.ի կո­րիզ­ներ եւ կը ստեղ­ծեն մար­զա­կան եւ սկաու­տա­կան կեանք։
— 1924ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ի գոր­ծիչ եւ սկաուտ խմբա­պետ Մկր­տիչ ­Մա­լու­մեան կը կազ­մէ ս­կաու­տա­կան յանձ­նա­խումբ մը, ո­րուն ան­դամ­նե­րը՝ ­Պետ­րոս ­Գա­յեան, ­Հայկ ­Տէ­տէ­յեան, ­Գաս­պար Ա­ռա­քե­լեան, ­Յա­կոբ Ա­ւա­գեան եւ ­Յա­րու­թիւն Ա­ռա­քե­լեան մար­զա­կան կա­պակ­ցու­թիւն մը կը ստեղ­ծեն հայ մար­զի­կին եւ սկաու­տին մի­ջեւ։
— 1924ին, կը հիմ­նո­ւի ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.ը։ ­Մաս­նա­ճիւ­ղնե­րը հա­մադ­րե­լու եւ ղե­կա­վա­րե­լու հա­մար կ­’ընտ­րո­ւի ­Կեդր. ­Վար­չու­թիւն։
— Ս­կաու­տա­կան յանձ­նա­խում­բի ան­դամ­նե­րէն բա­ցի, ­Յու­նաստ­անի Հ.Մ.Ը.Մ.ի հիմ­նադ­րու­թեան շրջա­նին վար­չա­կան աշ­խա­տանք կը տա­նին՝ Ա­ռա­քել ­Պետ­րո­սեան, Ա­րամ ­Յով­հան­նէ­սեան, ­Պա­տո­ւե­լի ­Յով­հան­նէս Ա­ճէ­մեան, Ս­տե­փան ­Տամ­լա­մա­յեան, ­Գէորգ ­Յա­բէ­թեան, Ար­տա­շէս ­Յա­կո­բեան, ­Հայկ ­Տէ­տէ­յեան, ­Սեդ­րակ ­Նի­կո­ղո­սեան, Ա­հա­րոն Ե­սա­յեան, ­Յա­րու­թիւն ­Գը­լը­ճեան, Մկր­տիչ ­Մա­լու­մեան, ­Պետ­րոս ­Գա­յեան եւ ու­րիշ­ներ։
— 1926ին, Հ.Մ.Ը.Մ.ը կը վա­ւեր­ցո­ւի հել­լէն դա­տա­րա­նի կող­մէ։
— ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.ը մաս­նա­ճիւ­ղներ կ­’ու­նե­նայ Ա­թէնք, ­Ֆիքս, ­Սինկ­րու, ­Լի­փազ­մա, ­Մի­տիլ­լի, ­Սե­լա­նիկ, ­Թե­սա­ղո­նի­կէ, ­Գա­րէա, Ի­րաք­լիօ, ­Բաթ­րա, ­Ռե­թիմ­նօ, Ա­ղեք­սանդ­րու­պո­լիս, Տ­րա­մա, ­Գա­վա­լա եւ այլ շրջան­նե­րու մէջ։
— 1926ին, ­Սե­լա­նի­կի մէջ, Հ.Մ.Ը.Մ.ի մաս­նա­ճիւ­ղը կը հիմ­նեն ­Հա­մօ ­Մեհ­րա­պեան (հետաւային՝ ­Շա­ւարշ ­Քա­հա­նայ), ­Յա­կոբ ­Հէլ­վա­ճեան եւ ­Կար­պիս Ա­հա­րո­նեան, իսկ ­Տէ­տէ Ա­ղա­ճի մէջ՝ Ար­սէն ­Պա­լեան, ա­ջակ­ցու­թեամ­բը՝ ­Վա­հան Ճլ­կու­նիի։
— 1927ին կը գու­մա­րո­ւի ­Յու­նաստ­նաի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ա­ռա­ջին ­Պատգմ. ժո­ղո­վը, մաս­նակ­ցու­թեամբ շրջա­նի մաս­նա­ճիւ­ղնե­րէն 36 լիա­զօր ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու։
­Մաս­նա­ճիւ­ղնե­րու յա­ւե­լու­մով, Ա­թէն­քի ­Կեդր. ­Վար­չու­թիւ­նը կը փո­խա­րի­նո­ւի Շր­ջա­նա­յին ­Վար­չու­թեամբ։
— ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.ի սկաուտ­նե­րը կը մաս­նակ­ցին ­Յու­նաս­տա­նի ան­կա­խու­թեան տօ­նա­կա­տա­րու­թեան տո­ղանց­քին, մի­ջազ­գա­յին բա­նա­կում­նե­րուն, ար­ժա­նա­նա­լով ­Յու­նաս­տա­նի եւ օ­տար պե­տու­թեանց բարձ­րաս­տի­ճան պաշ­տօ­նա­տար­նե­րու գնա­հա­տան­քին։
— 1929ին, Ա­թէն­քի մաս­նա­ճիւ­ղը կը կազ­մա­կեր­պէ ­Յու­նաս­տա­նի Հ.Մ.Ը.Մ.ի ա­ռա­ջին Ո­ղիմ­պիա­կա­նը։