Հ.Մ.Ը.Մ.ի Ա­թէն­քի մաս­նա­ճիւ­ղին վար­չու­թիւ­նը ու­րա­խու­թիւ­նը եւ պա­տի­ւը ու­նե­ցաւ «Ա­րամ ­Մա­նու­կեան» ա­կում­բին մէջ ըն­դու­նե­լու եւ հիւ­րա­սի­րե­լու հռչա­կա­ւոր մար­զիկ­ներ Ի­վա­նա Ս­փա­նո­վիչն ու ­Ռո­պէրթ Է­մի­յեա­նը։
Ի­վա­նա Ս­փա­նո­վիչ Ո­ղիմ­պիա­կան մրցում­նե­րու հե­ռու-ոս­տու­մի 3րդ ­դիր­քի դափ­նե­կիր ե­ղած է 2016ին՝ ­Ռիո­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած Ո­ղիմ­պիա­կան մրցում­նե­րուն եւ 2018ի մի­ջազ­գա­յին աթ­լե­թիզ­մի (մարմ­նա­մար­զու­մի) ա­խո­յեան է:
­Ռո­պէրթ Է­մի­յեան եւ­րո­պա­կան ռե­քո­րի (մրցա­նի­շի) ա­խո­յեան է՝ հե­ռու-ոստու­մի մար­զա­ձե­ւին մէջ, նաեւ՝ ­Հա­յաս­տա­նի աթ­լե­թիզ­մի ֆե­տե­րա­սիո­նի նա­խա­գահ եւ աթ­լե­թիզ­մի եւ­րո­պա­կան ֆե­տե­րա­սիո­նի ան­դամ է:
Ըն­դու­նե­լու­թեան ներ­կայ էին ­Նէա Զ­միռ­նիի փոխ-քա­ղա­քա­պետ եւ քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նի մշա­կոյ­թի բաժ­նի նա­խա­գահ ­Վա­կե­լի ­Խա­չա­տու­րեան, ՍԵՂԱ­Սի փոխ-նա­խա­գահ եւ աթ­լե­թիզ­մի եւ­րո­պա­կան ֆե­տե­րա­սիո­նի ան­դամ ­Փա­նա­յո­թիս ­Տի­մա­քոս, աթ­լե­թիզ­մի ­Պալ­քա­նեան ֆե­տե­րա­սիո­նի նա­խա­գահ ­Տոպ­րո­միր ­Գա­րա­մա­րի­նով եւ ­Կո­րան Օպ­րա­տո­վիչ՝ Ի­վա­նա Ս­փա­նո­վի­չի մար­զի­չը: ­Շատ խան­դա­վառ եւ սի­րա­լիր մթնո­լոր­տի մէջ, հիւ­րե­րը զրու­ցե­ցին մար­զիկ­նե­րուն եւ փոք­րե­րուն հետ, ո­րոնք այդ պա­հուն դաշ­տը կը գտնո­ւէին, մա­կագ­րութիւններ կատարեցին եւ տե­ղե­կու­թիւն­ներ ստա­ցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի մա­սին: ­Վար­չու­թիւ­նը ա­նոնց հիւ­րա­սի­րեց եւ յու­շա­նո­ւէր­ներ բաժ­նեց՝ մաղ­թե­լով յա­ջո­ղու­թիւն ի­րենց ա­պա­գա­յի ծրա­գիր­նե­րուն մէջ: