Յիշատակի բացառիկ ելոյթով մը Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ը, Փոքր Ասիոյ աղէտի 100-ամեակին առիթով, յարգեց յիշատակը հայ եւ յոյն զոհերուն, որոնք իրենց արեամբ սուղ գին վճարեցին Փոքր Ասիոյ եւ Զմիւռնիոյ մէջ, քեմալական հորդաններու խուժման հետեւանքով։
Յարգանքի ելոյթը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 8 Յունուար 2023-ի երեկոյեան, Նէա Զմիռնիի «Անտրէաս Վարիքաս» մարզադաշտին մէջ եւ կազմակերպուած էր Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Գոքինիոյ մասնաճիւղին կողմէ, որուն մասնակցեցան նաեւ Աթէնքի մասնաճիւղի վարչականները եւ անդամները։ Կազմակերպումը կը վայելէր Յունաստանի Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան հովանաւորութիւնը։
Յարգանքի երեկոն տեղի ունեցաւ Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի եւ «Փանիոնիոս» վոլէյ պոլի խումբերու մրցումէն առաջ։ Խորհրդանշական էր մրցումի ընտրութեան օրը կատարել յիշատակի նախաձեռնութիւնը, որովհետեւ յունական «Փանիոնիոս» մասնաճիւղը Փոքր Ասիոյ յունական աշխարհի ամէնէն ծանօթ եւ հին մարզական մասնաճիւղերէն մէկը եղած էր, որ կորսուած հայրենիքի կարօտով վերակազմուեցաւ Յունաստանի մէջ՝ Իզմիրէն ապաստանած գաղթականներու կողմէ։
Աւելի քան 200 մարզասէրներու ներկայութեան կողքին, ներկայ եղան նաեւ Ազգային վարչութեան ատենապետ Թագւոր Յովակիմեան եւ բազմաթիւ հայրենակիցներ։
Մրցումէն առաջ, երկու խումբերը շարուած ըլլալով մարզադաշտին մէջ, կատարեցին յուշանուէրներու տուչութիւն, ապա խօսք առաւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ եղբ. Գէորգ Պօղոսեան, որ յայտնեց հետեւեալները։
«Յարգելով մրցումի ժամանակի սղութիւնը, համառօտ կերպով պիտի անդրադառնամ յարգանքի տուչութեան այս երեկոյին, 1922-ի Փոքր Ասիոյ աղէտի անհամար զոհերուն։ Հաւասարապէս, մեր հայրենակից յոյներուն, ինչպէս նաեւ հայերուն, որոնք ինկան ցեղասպան Թուրքիոյ եաթաղանին տակ, այլեւ բոլոր անոնց, որոնք արմատախիլ դարձած իրենց պապենական հողերէն, ապաստան գտան Յունաստանի ափերը։
Մենք, Նեա Զմիռնիի եւ Գոքինիոյ մէջ վերապրողներս, ճաշակած ենք գաղթականութեան ահաւոր հետեւանքները, սակայն կը խոնարհինք անոնց առջեւ, որոնք ոչ միայն զրոյէն կառուցեցին Նէա Զմիռնին եւ Գոքինիան, այլեւ փոխանցեցին վերապրումի լոյսը, որպէս մեր ցեղերուն ժառանգը, «Փանիոնիոս»-ի մասնաճիւղի վերակազմութեան համար, որ 1890-էն կը գործէր Զմիւռնիոյ մէջ, ինչպէս նաեւ Հայ Մարմնակրթական Ընդհանուր Միութեան ծաղկումին համար Յունաստանի մէջ, որ հիմնուած էր 1918-ին Պոլսոյ մէջ եւ տարածուած էր բովանդակ Փոքր Ասիոյ մէջ։
Այսօր, Զմիւռնիոյ աղէտէն 100 տարի ետք մեծ պատիւ կը զգանք տեսնելով երկու պատմական մարզական մասնաճիւղերը հիւրընկալուելու եւ միասին մրցելու այս մարզադաշտէն ներս։
Մենք, որպէս մարզասէրներ, մեր ջերմ ծափահարութիւնները առատօրէն կը նուիրենք ներկայ մարզիկներուն, սակայն նաեւ բոլոր անոնց, որոնք տասնեակ տարիներ «Փանիոնիոս»-ը եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ը կանգուն պահեցին իրենց նոր հայրենիքին մէջ»։
Յիշատակի արարողութեան յաջորդեց հետաքրքրական մրցում մը, որմէ յաղթական ելաւ «Փանիոնիոս» խումբը։ Նշենք, որ Գոքինիոյ Հ.Մ.Ը.Մ.-ի խումբը կը գտնուի մրցաշարքի 4-րդ աստիճանին վրայ, արժանավայել ընթացք մը նուաճած ըլլալով։
ԹՂԹԱԿԻՑ